Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Սուրիահայ Գործարարներուն Առեւտուրի Յատուկ Տարածքներ Տրամադրելու Ծրագիր

Սուրիահայ Գործարարներուն Առեւտուրի Յատուկ Տարածքներ Տրամադրելու Ծրագիր

by MassisPost

Սփիւռքի նախարարութիւնը քննարկած է սուրիահայ գործարարներու արտադրանքը իւրացնելու նպատակով Երեւանի գետնանցումներուն մէջ, գետնուղի կայարաններուն յարող հատուածներուն մէջ տարածքներ տրամադրելու հարցը; Այս մասին «Սուրիահայերու Հիմնախնդիրները Համակարգող Կենտրոն» ՀԿ նախագահ Լենա Հալլաճեանի հետ հանդիպման ըսած է սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանը:

Նախարարութեան լրատուական ծառայութեան համաձայն՝ քննարկուած են տարիներ շարունակ Հայաստան հաստատուած սուրիահայերուն բժշկական խորհրդատուութիւն մատուցած սուրիահայ բժիշկներուն խրախուսելու հարցը, որոնք անվճար բժշկական օգնութիւն տրամադրած են իրենց հայրենակիցներուն:

Նմանատիպ օգնութիւնները կազմակերպուած են ՀԲԸՄ-ի կողմէ տրամադրած տարածքին մէջ եւ անոնց օգնութեամբ ձեռք բերուած է համապատասխան սարքաւորումներ: Շուտով «Սուրիահայերու Հիմնախնդիրները Համակարգող Կենտրոն» ՀԿ-ն եւ ՀԲԸՄ-ը կը նախապատրաստուին այդ աշխատանքներուն տալ իրաւակազմակերպական ձեւ եւ ծառայութիւնը դարձնել բուժարանային ծառայութիւն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment