Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Փոքրամասնութեան Ձայներով Ընտրուած Նախագահը

Փոքրամասնութեան Ձայներով Ընտրուած Նախագահը

by MassisPost

Միացեալ Նահանգներու մէջ նախագահ կ’ընտրուի  ան, որ կ’ապահովէ  առնուազն 270 ընտրական պատուիրակներու ձայները: Իւրաքանչիւր նահանգի համար սահմանուած է իր բնակչութեան թիւի համաձայն ընտրական պատուիրակի ձայն ու այս պատուիրակները, Դեկտեմբեր 19-ին հաւաքուելով իրենց նահանգներուն մէջ,  Տանոլտ Թրամփի ընտրութիւնը պիտի դարձնեն պաշտօնական:

Ընտրական այս քիչ մը տարօրինակ դրութիւնը հաստատուած է 1700-ական թուականներուն, որպէսզի բազմամարդ նահանգները առանձին չկարողանան տիրապետել նախագահական ընտրութիւններու գործընթացին:

Պատմութեան ընթացին, շատ քիչ  բացառութիւններով, ընտրեալ նախագահը նոյն ատեն ստացած  է ե’ւ պատուիրակներու ե’ւ ժողովրդային քուէներու մեծամասնութիւնը: Սակայն, այսօրուայ դրութեամբ Հիլլըրի Քլինթոն ունի 800 հազար ժողովրդային ձայնի առաւելութիւն: Որոշ գնահատականներով, Քլինթոնի առաւելութիւնը կրնայ բարձրանալ մինչեւ 1.5-2 միլիոն ձայնի, երբ հաշուուին միլիոնաւոր յաւելեալ քուէները, որոնք տակաւին ստուգման կարիք ունին:

Մինչ այդ, ընտրութիւններէն մէկ  շաբաթ անց, Ամերիկայի տարբեր քաղաքներուն մէջ, հազարաւորներու մասնակցութեամբ  կը շարունակուին բողոքի ցոյցերը` Թրամփի ընտրութեան դէմ: Նման տեսակի ցոյցեր եզակի են այս երկրի պատմութեան մէջ: Սակայն, եզակի է նաեւ ընտրեալ նախագահը: Ցուցարարները կը բողոքեն, ոչ թէ ընտրութիւններու արդիւնքները վիճարկելու համար, այլ անոնք փողոց իջած են զգուշացնելու համար նորընտիր նախագահին, որպէսզի ան շատ յառաջ չերթայ իր ծայրայեղական ծրագիրներուն մէջ, այլապէս յաջորդ չորս տարիները իր համար պիտի ըլլան փոթորկոտ:

Ցուցարարներու ոգեւորութեան պատճառներէն մին է նաեւ այն իրողութիւնը, որ Թրամփ չունի ժողովրդային  մանտաթ` սանձարձակ ղեկավարելու համար երկիրը ու  պատրաստ են ամէն քայլափոխի ընդդիմանալու`  նոր վարչակազմին, այն յոյսով, որ Թրամփ կը դառնայ միայն չորս տարուայ նախագահ:

Միւս կողմէ, քաղաքական շրջանակներու  մօտ դարձեալ սկսած է քննարկուիլ  ընտրական պատուիրակներու ժամանակավրէպ դրութենէն ձերբազատուելու եւ ժողովրդային ձայներուն վրայ ապաւինելու անհրաժեշտութիւնը, որպէսզի նախագահները ընտրուին  մեծամասնութեան ձայներով:

«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment