Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Շաւարշ Քոչարեան: «Պաքուն Խախտել է Վիեննայի Փաստաթուղթը Զօրավարժութիւններ Անցկացնելով»

Շաւարշ Քոչարեան: «Պաքուն Խախտել է Վիեննայի Փաստաթուղթը Զօրավարժութիւններ Անցկացնելով»

by MassisPost

Հայաստանի Արտաքին Գործերու փոխնախարար Շավարշ Քոչարեանի գնահատմամբ՝ Ատրպէյճանը լայնածաւալ զօրավարժութիւններ անցկացնելով կը շարունակէ ձախողութեան մատնել Վիեննայի եւ Սան Փեթերսպուրկի համաձայնութիւններու կեանքի կոչման աշխատանքները:

«Առաւել եւս Վիեննայի եւ Սան Փեթերսպուրկի հանդիպումներից յետոյ նմանատիպ զօրավարժութիւնների անցկացման համար ատրպէյճանցիները 40 օր առաջ պէտք է դիմէին, ինչը չեն արել»,- կառավարութեան այսօրուան նիստէն յետոյ լրագրողներուն ըսաւ փոխնախարար Քոչարեանը:

Ըստ անոր՝ մենք պէտք է միշտ պատրաստ ըլլանք հակառակորդի կողմէ որեւէ քայլի, առաւել եւս ապրիլեան դէպքերէն յետոյ:

Ինչ կը վերաբերի Պաքուի նախաձեռնած լայնամաշտաբ զօրավարժութեան վտանգին, Քոչարեան ըսաւ, որ այս ընդամէնը ուժի ցուցադրութիւն է: Միւս կողմէ, Ատրպէյճանը խնդիր ունի, որովհետեւ այն, ինչ կը հրամցուէր իր հասարակութեան եւ այն պատկերացումը, որ ունէր այդ երկրի ղեկավարութիւնը, ապրիլեան պատերազմը ցոյց տուաւ, որ այդ ամենեւին ալ այդպէս չէ:

«Կարծում եմ՝ նաեւ այդ հանգամանքը նշանակութիւն է ունեցել այդ զօրավարժութիւնները կազմակերպելու համար», աւելցուց ան

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment