Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Տոնալտ Թրամփ Ընտրուեցաւ Ամերիկայի 45-րդ Նախագահ

Տոնալտ Թրամփ Ընտրուեցաւ Ամերիկայի 45-րդ Նախագահ

by MassisPost

Նոյեմբեր 8-ին, Ամերիկայի տարածքին կայացած ընտրութիւններու ընթացքին արձանագրուեցաւ պատմական մաշտաբի անակնկալ եւ Հանրապետական կուսակցութեան թեկնածու Տոնալտ Թրամփ  ընտրուեցաւ Միացեալ Նահանգներու 45-րդ նախագահ: Թրամփ յաղթանակը ապահովեց երբ կարողացաւ չկանխատեսուած  արդիւնքներ արձանագրել  շարք մը նահանգներու մէջ, որոնք ցարդ կը նկատուէին ապահով  «Դեմոկրատ նահանգներ» ու  տիրանալով  անհրաժեշտ 270  ընտրական ձայներէն աւելիին, հասաւ յաղթանակի, հակառակ որ ժողովրդային ընդհանուր քուէներով Հիլըրի Քլինթըն ունի առնուազն երկու հարիւր հազար ձայն աւելի:

Չորեքշաբթի առաւօտեան կանուխ ժամերուն Տիկ. Քլինթըն հեռաձայնելով Թրամփին շնորհաւորեց զինք’ յաղթանակին առթիւ: Նոյնը ըրաւ նաեւ նախագահ Պարաք Օպամա, պատրաստակամութիւն յայտնելով գործակցելու  ընտրեալ նախագահին հետ, իշխանութեան սահուն փոխանցում կատարելու համար:

Տոնալտ Թրամփ իր յաղթանակի ելոյթին մէջ ինք եւս միասնականութեան կոչ ըրաւ, խոստանալով դառնալ բոլոր Ամերիկացիներու նախագահը:

Հրապարակուած արդիւնքները եկան ցոյց տալու նաեւ, որ Հանրապետական կուսակցութիւնը պիտի պահը իր մեծամասնութիւնը Գոնկրէսէն ներս, այսպիսով իր ձեռքերուն մէջ ունենալով ոչ միայն նախագահութիւնը, այլ նաեւ Ծերակոյտը եւ Ներկայացուցիչներու Տունը:

Նոյն օրը տեղի ունեցած այլ ընտրութիւններու ընթացքին, հայ թեկնածուներէն ոմանք հասան յաջողութեան, սակայն ուրիշներ` ոչ:

Քալիֆորնիոյ Նահանգային Խորհրդարանի ընտրութիւններուն  Արտաշէս Քասախեան պարտութիւն կրեց Կլէնտէլի քաղաքապետութեան անդամ Լորա Ֆրիտմընի դիմաց: Ատրին Նազարեան վերընտրուեցաւ Նահանգային Խորհրդարանի անդամ:

Նեւատա նահանգին մէջ Ներկայացուցիչներու Տան անդամութեան թեկնածուª Հանրապետական Տէնի Թարքանեան ձայներու չնչին տարբերութեամբ պարտութիւն կրեց Դեմոկրատ իր մրցակիցին դիմաց:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment