Հայաստան տեղափոխուած սուրիահայերը կը հրաժարին մարզերու բնակարաններէն՝ նախընտրելով Երեւանի կեդրոնը։ Այս մասին 2 նոյեմբերին մամլոյ ասուլիսի ժամանակ ըսաւ Սփիւռքի փոխնախարար Սերժ Սրապիոնեանը։
Անոր խօսքով Սփիւռքի նախարարութիւնը հանրապետութեան մարզերուն մէջ սուրիահայերուն բնակարաններով ապահովելու 160 առաջարկ ստացած է։ Սուրիահայերը, ըստ փոխնախարարի, հիմնականին կը հրաժարին նման առաջարկներէ՝ պատճառաբանելով որ չեն կրնար այդքան հեռու տեղեր ապրիլ, քանի որ վարժ են քաղաքի կեանքին։ «Պարոյր Սեւակի թանգարանի տնօրէնը մեզ պատմեց, որ ինքը երկյարկանի տուն ունի կահաւորուած, որը պատրաստ են առանց որեւէ գումարի տրամադրել սիրիահայերի ընտանիքի։ Եղել է նաեւ դէպք, երբ մարդը, աշխատելով իր մասնագիտութեամբ, կարող էր կրկնակի շատ աշխատավարձ ստանալ, բայց հրաժարուել է մարզ գնալ»,- ըսաւ Սրապիոնեանը՝ աւելցնելով, որ շատ սուրիահայեր կ’ուզեն Երեւանի կեդրոն ապրիլ։
Սփիւռքի նախարարութիւնը, ըստ փոխնախարարի, գրեթէ ամէն օր կ’ընդունի սուրիահայերու ընտանիքներու, կ’օգնէ անոնց, կը տրամադրէ ժամանակաւոր բնակութեան վայրեր, յետոյ անոնց համար բնակարաններ կը փնտռէ ու կը փակէ վարձակալութեան վճարի մէկ մասը։