Փրոֆեսոր եւ փիլիսոփայ Դոկտ. Սեդա Տատոյեան պիտի ներկայացնէ իր նոր լոյս տեսած երկլեզու գիրքը՝ « 2015 Հայ Վիճակը Յետահայեցութեամբ և Նախահայեցութեամբ` Վերլուծում մը »՝ Ուրբաթ, Նոյեմբեր 11 ին, 2016, երեկոյեան ժամը 7:30ին, Ապրիլ Գրատուն – 415 E. Broadway, Glendale, CA:
Ներկայացումը պիտի կատարուի Հայերէն։ Հեղինակը պիտի ներկայացնէ Մարգ Չենեանը անգլերէնով։
Գլխաւորաբար լայն հանրութեան նաև մտաւորականութեան ուղղուած այս աշխատութիւնը քննական վերարժևորում մըն է հայ վիճակին, այսպէս կոչուած հայկական բաներու և հայագիտական հարցերու, յետահայեցութեամբ դէպի անցեալը և նախահայեցութեամբ դէպի ապագան։ Յետահայեցութիւնը կամ յետատեսութիւնը հասկացողութիւնն է անցեալին պատահած դէպքերուն նշանակութեան։ Անիկա չ՛ենթադրեր կատարեալ տեսողութիւն, սակայն պայման է ըմբռնելու դէպքերու պատճառները, թէ ի՞նչ կարելի էր ընել և թէ ի՞նչ են պատմութեան դասերը։ Նախահայեցութիւնը հմտութիւն է ապագային նայելու անցեալին և ներկային յստակ հասկացողութեան վրայ հիմնուած։ Նաև, կացութիւնը բարելաւելու նպատակով և քաջութեամբ, անիկա կարողութիւնն է նախատեսելու դէպքերու ուղղութիւնը նախ քան իրենց պատահիլը։ Բոլոր պարագաներուն՝ բանալին քննական-վերլուծողական մօտեցումն է։
Դոկտ. Սեդա Տատոյեան ը առաջին կինն է որ ստացած է Փիլիսոփայութեան մէջ ԳիտութիւններուԴոկտորի աստիճանը՝ մասնագիտանալով հայ փիլիսոփայութեան մէջ: Ունի նաև վկայականներ արուեստի պատմութեան մէջ և նկարիչ է: Տատոյեան շատ յաճախ մասնակցած է միջազգային համաժողովներու և կը խօսի համալսարաններու մէջ հայագիտական և այլ նիւթերու մասին: Իր մտաւորական գործունէութեան առանցքը կը կազմէ հայ մշակոյթին և պատմութեան քննական վերարժեւորումը իրենց փոխ-յարաբերութեանց ընդմէջէն: 1980ականներէն իվեր անիկա կ’աշխատի նաև հայ-իսլամական յարաբերութեանց անմշակ մարզին վրայ և մասնաւորաբար հայոց պատմական փորձառութեան՝ իսլամական աշխարհին մէջ: 2005էն ի վեր Տատոյեան կ’ապրի Նիւ Եորք, կը գրէ հայերէնով և անգլերէնով: Կ’աշխատակցի իսլամական և միջ-կրօնական հանրագիտարաններուն, հեղինակն է աւելի քան յիսուն լայն ուսումնասիրութեանց, ինը հատորներու և երկու խմբագրական-հեղինակային աշխատանքներու։
Մուտքը ազատ / Հիւրասիրութիւն: Կազմակերպուած Ապրիլ Գրատան կողմէ.
###
Տեղեկութիւններու համար հեռաձայնել՝ Ապրիլ Գրատուն (818) 243-4112, [email protected]