Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ստեփան Տէմիրճեան.- Ամէն Ինչ Եղաւ «Հոկտեմբերի 27»-ի Ոճրագործութիւնը Կոծկելու Համար

Ստեփան Տէմիրճեան.- Ամէն Ինչ Եղաւ «Հոկտեմբերի 27»-ի Ոճրագործութիւնը Կոծկելու Համար

by MassisPost

Ամէն ինչ եղաւ «Հոկտեմբեր 27»-ի ոճրագործութիւնը կոծկելու համար: Այս մասին, այսօր՝ 27 Հոկտեմբերին, ԱԺ-ի այգիին մէջ «Հոկտեմբեր 27-ի» ողբերգութեան 17-րդ տարելիցի արարողութեան ժամանակ լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին նշեց ՀԱԿ խմբակցութեան պատգամաւոր Ստեփան Տէմիրճեանը:

«Այո, կարող ենք արձանագրել, որ ցանկութիւն չի եղել բացայայտելու: Դա առաջին հերթին վերաբերում է այն իշխանութիւններին, որոնց ժամանակ տեղի ունեցաւ ոճրագործութիւնը»,-ըսաւ ան։

Ան կարծիք յայտնեց, որ եթէ չ′ըլլար «Հոկտեմբեր 27-ը», մենք միանգամայն ուրիշ երկրի մէջ կ′ապրէինք. «Հոկտեմբեր 27-ի բացասական հետեւանքներն առ այսօր իրենց զգացնել են տալիս եւ յաղթահարուած չեն»:

Ստեփան Տէմիրճեանը չի բացառէր, որ դուրսի ուժերը ներգրաւուած էին ոճրագործութեան իրագործման մէջ. «Բայց ամէն դէպքում այդ ոճրագործութիւնը կատարուել է ներսի ստահակների միջոցով»:

Յիշեցնենք, որ 17 տարի առաջ` 27 Հոկտեմբերին, ոճրագործներու խումբը` Նայիրի Յունանեանի գլխաւորութեամբ, ներխուժեցին Հայաստանի Ազգային ժողովի նիստերու դահլիճը եւ դիմահար կրակոցներով սպանեցին կառավարութեան եւ խորհրդարանի անդամներուն:

Ահաբեկչութեան զոհ դարձան երկրի վարչապետ, Սպարապետ Վազգէն Սարգսեանը, խորհրդարանի նախագահ Կարէն Տէմիրճեանը, ԱԺ փոխնախագահներ Եուրի Բախշեանն ու Ռուբէն Միրոյեանը, արդիւնագործող հարցերու նախարար Լիոնարտ Պետրոսեանը, խորհրդարանի պատգամաւորներ Արմենակ Արմենակեանը, Հենրիկ Աբրահամեանը եւ Միքայէլ Քոթանեանը:

Ահաբեկիչներու նկատմամբ դատավարութիւնը տեւեց 2001-2003 թուականները: 6 ահաբեկիչներու կարգին էին` անոնց ղեկավար Նայիրի Յունանեանը, անոր եղբայրը՝ Կարէն Յունանեանը, անոր քեռին՝ Վռամ Գալստեանը, Դերենիկ Պեջանեանը, Էտիկ Գրիգորեանը եւ Աշոտ Կնիազեանը  դատապարտուեցան ցմահ ազատազրկման: Համլէթ Ստեփանեանը դատապարտուեցաւ 14 տարուան ազատազրկման:

3 տարի տեւած դատավարութիւնը չկրցաւ կամ չցանկացաւ վեր հանել ահաբեկչութեան կազմակերպիչներուն եւ մինչ օրս ալ հասարակութիւնը լուրջ կասկածներ ունի կազմակերպիչներու մասին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment