Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ «Հիւսիս-Հարաւ» Մայրուղիի Կառուցման Ծրագիրը Դադրեցնելու Մասին Խօսք Չէ Եղած՝ Վահան Մարտիրոսեան

«Հիւսիս-Հարաւ» Մայրուղիի Կառուցման Ծրագիրը Դադրեցնելու Մասին Խօսք Չէ Եղած՝ Վահան Մարտիրոսեան

by MassisPost

«Հիւսիս-Հարաւ» մայրուղիի կառուցման ծրագիրը դադրեցնելու մասին խօսք չէ եղած: Այդ մասին նշեց ՀՀ երթեւեկութեան, կապի եւ տեղեկատուական արուեստագիտութիւններու նախարար Վահան Մարտիրոսեանը:

Արարատի մարզին մէջ շահագործման յանձնուած «Հիւսիս-Հարաւ» ճանապարհահատուածը կրկին փակուած է եւ կամուրջներ կը կառուցուին, նախարարը յայտնեց, որ կան կամուրջներ, որոնք կը նորոգուին:

Այնտեղ նաեւ անցումներ կը կառուցուին, ինչ որ «Հիւսիս-Հարաւ» ՊՈԱԿ-ի տնօրէնը կը բացատրէ, որ նախնականները չեն համապատասխանէր չափանիշներուն եւ սահմանուած բարձրութեան պայմաններուն մէջ բեռնատարները չէին կրնար անցնիլ:

Հարցին, թէ նախարարը սովորական կը համարէ, որ աշխատանքը թերի է, Մարտիրոսեանը պատասխանեց. «Դա նորմալ չեմ համարում եւ դրա համար էլ կրկնում եմ, որ մենք գնահատում ենք ե՛ւ աշխատանքների, ե՛ւ ծրագրի արդիւնաւէտութիւնը։ Դա ժամանակ է պահանջում բոլոր ուղղութիւններով գնահատականներ տալու համար»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment