Ֆրանսայի Ազգային կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Նաժաթ Վալո-Պելքասեմը օրեր առաջ հանդէս եկաւ նախաձեռնութեամբ՝ ուսումնասիրելու համար ցեղասպանութիւնները եւ զանգուածային ոճիրները, նպատակ ունենալով անոնց լաւագոյն ըմբռնումը, ինչպէս նաեւ ժխտողականութեան դէմ պայքարը: Այս մասին գրած է Ֆրանսայի մէջ լոյս տեսնող « Նոր Յառաջ» թերթը:
Այս առաքելութիւնը, որ կը ստեղծուի Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցէն մէկ տարի յետոյ, վստահուած է Ազգային կրթութեան ընդհանուր քննիչ Վենսան Տիւքլերին:
Ան պէտք է գլխաւորէ 12 տարբեր երկիրներու քաղաքացիներէն բաղկացած 46-հոգանոց խումբը: Առաքելութեան անդամները պատմութեան, ընկերաբանութեան, մարդաբանութեան մասնագէտներ են, բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններու դասախօսներ, իրաւաբաններ, լրագրողներ կամ հոգեվերլուծաբաններ:
Խումբը պէտք է ցեղասպանութիւններու եւ զանգուածային ոճիրներու մասին տեղեկագիր պատրաստէ, որպէսզի հնարաւոր ըլլայ դիւրացնել անոնց ըմբռնումը եւ կանխարգելման նոր ձեւեր ստեղծել:
Առաքելութիւնը իր եզրակացութիւնները պէտք է ամփոփէ մէկ տարուան ընթացքին:
Ֆրանսայի ազգային կրթութեան նախարարը նշեց, որ ասով կ′ուզէ «արդար յիշողութեան քաղաքականութիւն» վարել, աւելցնելով, որ այս ժամանակաշրջանին մէջ, երբ ժխտողականութիւնը իրականութիւն է եւ բարգաւաճում է, մոռացութեան դէմ պայքարին անցեալի փոխանցումը հրամայական պահանջ կը դառնայ: