Ֆրանսայի Սենատը Հոկտեմբեր 14-ին, կայացած քննարկման եւ քուէարկութեան իբր արդիւնք ընդունեց Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծը: Օրինագիծին կողմ քուէարկած է 156, դէմ` 146 պատգամաւոր:
Ֆրանսայի խորհրդարանի ստորին պալատի՝ Ազգային ժողովի պատգամաւորները, Յուլիսին միաձայն կողմ քուէարկած են «Հաւասարութիւն եւ քաղաքացիութիւն» կոչուող օրինագիծի փոփոխութիւններուն, որով պատիժ կը սահմանուի մարդկութեան դէմ գործած բոլոր յանցագործութիւնները, այդ կարգին ` Հայոց Ցեղասպանութիւնը ժխտելու եւ հերքելու համար:
Եղած են պատգամաւորներ, որոնք կը կարծէին, որ ընդհանուր օրէնքէն պէտք է բեկանուի Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնելու մասին դրոյթը, սակայն հայկական համայնքը աշխատանք տարաւ եւ հասաւ անոր , որ Սենատի քննարկման ներկայացուի նաեւ այն տարբերակը, որ ամռան ընդունուած էր Ստորին պալատին մէջ : Այն է` Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող դրոյթը ներառուած: