Պատերազմող Սուրիոյ մէջ թողելով ամէն ինչ հալէպահայ Ժան եւ Գոհար Գալուստեանները իրենց փոքրիկներուն հետ ժամանեցին Երեւան։
4-ամեայ Գէորգն ու 3-ամեայ Ռիթան պատերազմի տարիներուն ծնած են։ Մայրը՝ Գոհար Գալուստեանը «Զուարթնոց» օդակայանէն լրագրողներուն պատմեց, որ անցեալ ուրբաթ հրթիռակոծման հետեւանքով երեխաները վնասուած էին։ «Պզտիկներուս գլուխները վիրաւորուեցան, բայց փառք Աստուծոյ, տէրը բուժեց։ Կէսօրին էր, ուրբաթ օր էր, երբ բոլորս տունը նստած էինք, ես դռան մօտ էի, գործ կ′ընէի, շատ հզօր հրթիռ մը ինկաւ մեր տան վրայ, տունս փլատակ ըրաւ։ Պզտիկներս եւ ամուսինս քարերու տակ յայտնուեցան, քարերու տակէն հանեցին արիւնլուայ։ Կառավարութեան ներկայացուցիչները եկան, օգնեցին եւ հիւանդանոց տարին իրենց, ինձ ալ իջեցուցին տունէն։ 6 վայրկեան չէր անցած, երբ երկրորդ հրթիռը աւելի ուժգին ինկաւ, ողջ շէնքը քարուքանդ եղաւ, տունս փլատակ ըրաւ»,- պատմեց Գոհար Գալուստեանը։
Հրթիռակոծման հետեւանքով վնասուած է նաեւ ընտանիքի հօր՝ Ժան Գալուստեանի ձեռքը եւ ոտքը։ 51-ամեայ հալէպահայը մի քանի ժամ շարունակ մնացեր է տան փլատակներու տակ։ Գալուստեանները ըսին, որ արդէն մի քանի անգամ վնասուած տունը երկու շաբաթ առաջ հողին հաւասարեցաւ։
Պատերազմի թոհուբոհէն հազիւ փրկուած ընտանիքը պատմեց քարուքանդ եղած Հալէպի մասին։ «Հալէպ, ոչ մէկ նեղութիւն չ′ունէինք, իրականին Հալէպ լաւ էր վիճակը, շատ լաւ, ուրախ օրեր անցուցած ենք Հալէպի մէջ, ինչո՞ւ սուտ խօսիմ։ Օգնութիւններն ալ շատ լաւ էին, պայմաններն ալ լաւ էին, բայց այս վերջին 6 տարիներուն մենք շատ նեղութիւններու մէջով անցանք, ոչ միայն ես, ընդհանուր Հալէպի ժողովուրդը շատ նեղութիւններու մէջով անցաւ։ Մանաւանդ վերջին 6 տարիներուն ամուսինս երեք անգամ վատ վիճակի մէջ ինկաւ, անգամ մը օդակայանի ճանապարհին, յաջորդ անգամ շուկային մէջ յայտնուեցաւ պատահարի մէջ»,- ըսաւ Գոհարը։
Ընտանիքը Հալէպէն օդօյով 8 ժամուան ընթացքին հասած է Լիբանան, յետոյ մեկնած Տուպայ, ուրկէ ալ վերջապէս տեղափոխուած է Երեւան։
Մի քանի ճամպրուկով հայրենիք եկած ընտանիքը փլատակներու տակէն կրցած է որոշ իրեր հանել, որոնք, սակայն, մեծ մասամբ վնասուած են, եւ, ինչպէս Գոհարը պատմեց, բարի մարդկանց նուիրած հագուստները առած են ու ձեւով մը հասցուցած են հեռանալ պատերազմող երկրէն.- «Մեր տունէն ոչ մէկ բան չհասցուցինք վերցնել, այս մեր պայուսակները որ կան՝ հագուստներ… օգնութիւններ տուած են պզտիկներուն, մեր տունէն ոչ մէկ հագուստ չկրցանք վերցնել»։
Գոհարի խօսքով, հալէպահայութիւնը կ′ուզէ դուրս գալ Սուրիայէն, սակայն գումար չունի։ «Չի կրնար, դժուար է։ Հալէպահայութիւնը արդէն գործ չունի, մանաւանդ, երբ զաւակներ ունիս, որոնք շորի ու ուտելիքի կարիք ունին, առանց այդ օգնութիւններու չեն կրնար մնալ։ Մենք շատ տառապեցանք։ Հայկական համայնքի առաջնորդները կ′ըսեն՝ «մի գաղթէք», բայց պատճառ չեն նշէր։ Ոչ ալ կ′ըսեն՝«գաղթէ», բայց ժողովուրդը կ′ուզէ դուրս գալ Հալէպէն։ Հայրս, մայրս, քոյրերս կ′ուզեն ելլել Հալէպէն։ Քոյրերս մօտակայ շրջանին կու գան Հայաստան»։
Գալուստեանները Հայաստան տեղափոխուած են «Հալէպ» հայրենակցական միութեան միջոցներով, որ արդէն մէկ տարի է ինքնաթիռի տոմսեր կը գնէ պատերազմի գօտիէն դուրս գալ ցանկացողներուն համար։
Միութեան ներկայացուցիչները «Զուարթնոց» օդակայան եկած էին՝ դիմաւորելու ընտանիքին։ Կարիքաւոր սուրիահայերուն Հայաստան տեղափոխող միութեան ներկայացուցիչ Շուշան Կարապետեանը ըսաւ, որ յառաջիկային եւս 100 սուրիահայի կ′օգնեն դուրս գալ երկրէն։
Մինչ այժմ «Հալէպ» միութեան միջոցներով Հայաստան տեղափոխուած է 250 սուրիահայ։ «Մենք, 600-էն աւելի դիմումներ ստացած ենք, որոնք կ′ուսումնասիրուին։ Բայց ցանկացողները աւելին են։ Հիմա այդքանը նախատեսուած է՝ բարերարներու տրամադրած գումարով այդքան մարդ կրնանք տեղափոխել»,- ըսաւ Կարապետեանը։
Պատերազմէն փրկուած Գալուստեանները դեռ չեն որոշած՝ մշտապէս կը հաստատուին հայրենիքի մէջ, թէ՞՝ ոչ։ Առայժմ պարզ է, որ այստեղ կը մնան կէս տարի։
«Զուարթնոց» օդակայանէն յետոյ տակաւին անծանօթ քաղաք շտապող սուրիահայ ընտանիքին առաջինը հիւրընկալեց Կարինէ Եարմալոյեանը։ Ան համացանցէն տեղեկանալով Գալուստեաններու մասին, որոշած է հովանաւորել անոնց։ Պատերազմական Հալէպի մէջ հազիւ գոյատեւող հալէպահայ ընտանիքի համար Եարմալոյեանը բնակարան վարձած է Երեւանի մէջ՝ նախապէս վճարելով կէս տարուան վարձքը, հոգացեր է նաեւ սնունդի ու առաջին անհրաժեշտութեան իրերու ծախսը։
«Մտածեցինք, որ գան Հայաստան, եթէ բարեկամ չունին, բնականաբար, մենք կը հոգանք սկզբի ծախսերը։ Նոյնիսկ ամուսինս կ′ըսէր՝ «չ′երթա՞նք ուտելիք առնենք», ըսի՝ «իրենք կու գան, միասին կ′երթանք, իրենց հետ կ′որոշենք»,- պատմեց Կարինէ Եարմալոյեանը՝ շարունակելով.- «Սկիզբը կը մտածէի, որ կու գան, ինչ պատրաստած եմ ընտանիքիս համար, այդ ալ կ′ուտենք։ Բայց յետոյ մտածեցի այսօր տոլմա պատրաստեմ՝ թէ՛ ընտանիքի համար, թէ՛ նոր եկողներուն, որոնց հետ պիտի բարեկամանանք։ Կը մտածեմ՝ այդպէս պիտի ըլլայ, որ, եթէ մենք առաջինն ենք Հայաստանի մէջ, որուն անոնք կը տեսնեն: Ճիշդ է, ես շատ շփուող չեմ, բայց, եթէ իրենք իմ կարիքը ունին, հաստատ կը յարաբերինք։ Եթէ կ′ուզես քրոջ կամ եղբօր համար, ես իրենց այդպէս կ′ընդունիմ, լաւ բան ընել, օգնել, իրօք շնորհակալութիւնը քիչ մը ծանր է»,- ըսաւ Եարմալոյեանը։
Ըստ Սփիւռքի նախարարութեան, արդէն 5 տարի շարունակուող պատերազմին շուրջ 150 հայ զոհուած է, 180-ը՝ վիրաւորուած։ Անցեալ երկու շաբաթներուն ընթացքին հայկական համայնքը ութ զոհ ունեցաւ, որոնց կարգին՝ մէկ երեխայ կար։
Պաշտօնական տուեալներով անցեալ 5 տարիներուն Հայաստան տեղափոխուած է 20 հազար սուրիահայ, ամբողջ Սուրիոյ մէջ կը շարունակէ մնալ 14 հազար հայ, անոնց կէսը՝ Հալէպի մէջ։