Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Վարուժան Սուքիասեան՝ Մենք Արժանի Չէինք Պարտութեան

Վարուժան Սուքիասեան՝ Մենք Արժանի Չէինք Պարտութեան

by MassisPost

Ֆութպոլի աշխարհի 2018 թուականի առաջնութեան ընտրական մրցաշարի երրորդ փուլին մէջ Հայաստանի ոտնագնդակի հաւաքականը երէկ Վարշավայի մէջ կրած   պարտութենէն   յետոյ, ոտնագնդակային մեկնաբան Սենիկ Գարա-Պողոսեանի կարծիքով, դժուար թէ կարենայ դուրս գալ ընտրական խումբէն։ Այս պահին հաւաքականը ոչ մէկ միաւոր չունի եւ խումբին վերջին հորիզոնականին մէջ է։

«Տեսականօրէն դեռ երկար ժամանակ առիթները կը պահպանուին․ առջեւը եօթ խաղ կայ, այդ կը նշանակէ՝ առաւելագոյնը քսանմէկ միաւոր: Սակայն, որքանով այդ իրատեսական է․․․ Քսանմէկ միաւոր մնացած եօթ խաղի մէջ, իհարկէ, փոքր-ինչ հեքիաթային կը թուի»,- նշեց մեկնաբանը:

Ընտրական մրցաշարի առաջին երկու հանդիպումներուն Հայաստանը 0:1 եւ 0:5 հաշիւներով պարտուած է համապատասխանաբար Դանիայի եւ Ռումանիոյ հաւաքականներուն:

Երէկուան պարտութենէն յետոյ հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Վարուժան Սուքիասեանը յայտարարեց, որ ցուցադրած խաղով իրենք պարտութեան արժանի չէին․- «Ճիշդ է, հակառակորդը լաւ պահեր ունեցաւ, բայց ամէն պարագայի, նամանաւանդ այսօր, խաղալով 10 հոգիով, մենք արժանի չէինք պարտութեան: Բոլոր խումբերն ալ կ′ունենան վատ եւ լաւ խաղեր: Այս տարուան անյաջողութիւններու շղթան մեզ շատ կ′անհանգստացնէ: Գիտէք, որ հիմնական կազմի 7 խաղցող վնասուածքներ ունին եւ տղաները իրենց մէջ ուժ գտան ծանր պարտութենէ յետոյ հաւաքուիլ: Մրցավարութենէն ուղղակի չէ խօսած, բայց կ′ուզեմ ըսել ձեզի, նկատա՞ծ էք, թէ որ վայրկեանին կոլ խփեցին: Երկրորդը, որպէս կանոն, եւրոպական մրցաշարերու մէջ մրցավարը սկիզբէն բանաւոր կը զգուշացնէ, այնուհետեւ դեղին քարտ ցոյց կու տայ»:

Գլխաւոր մարզիչի խօսքով՝ հաւաքականի տղաները երէկ ռազմավարապէս շատ գրագէտ խաղցած են եւ յաղթանակը հնարաւոր էր՝ եթէ Արազ Օզբիլիսը երկու դարպասային հնարաւորութիւններէն գոնէ մէկը օգտագործէր․- «Երբ մեր առաջատարները վերադառնան, մեզ հետ ալ դժուար կ′ըլլայ խաղալ: Ինչ կը վերաբերի նախկինին ունեցած յաջողություններուն, ապա այն ժամանակ լաւ կազմ ունէինք, բոլոր տղաները պատրաստ էին: Հիմա որոշ խաղցողներ խաղային փորձառութիւն չունին իրենց խումբերուն մէջ: Ամէն պարագայի կ′աշխատինք, որ հետագային լաւ հաւաքական ունենանք»:

Սենիկ Գարա-Պողոսեանի կարծիքով, հաւաքականի խաղի բարելաւման համար Ֆութպոլի ոլորտին մէջ համակարգային փոփոխութիւններ պէտք է կատարուին: Ան վստահ է, որ լաւ խաղի համար անհրաժեշտ է, որ խումբ վերադառնան վերջերս հաւաքականէն հեռացուած խաղցողները․- «Մենք Իտալիոյ, Սպանիոյ կամ գերմանացիներու պէս գերհզօր Ֆութպոլային տէրութիւն չենք, որ Մովսիսեանի նման խաղցողէն հրաժարինք: Մեր մօտ չկայ այդ ընտրութիւնը․ մեր հնարաւորութիւնները սահմանափակ են, մեր ձեռքերը շղթայուած են նման հարցի մէջ»:

Համակարգային փոփոխութիւններ կը պահանջեն նաեւ հաւաքականի երկրպագուները։ FAF ակումբի հիմնադիրներէն Էտգար Պետրոսեանը ըսաւ, որ Հայաստանի Ֆութպոլի ֆեդերացիայի նախագահ Ռուբէն Հայրապետեանի հրաժարականի պահանջը դեռ ուժի մէջ է․- «Անցեալ տարեվերջին Ալպանիոյ խաղէն յետոյ ինչ մթնոլորտ որ ստեղծուեցաւ՝ երկրպագուներ, ֆեդերացիա, խաղցողներ․․․ այս եռանկիւնի մէջ ինչ վատ յարաբերութիւններ որ ստեղծուեցան, վերջապէս պէտք է բոլորս իրար հասկանանք,այդ խռովական պահերը բոլորը մէկ կողմ դողենք»:

Մօտ մէկ տարի առաջ Red Eagles ֆան ակումբի անդամներու հետ հանդիպման ժամանակ Ռուբէն Հայրապետեանը յայտարարած էր, որ եթէ Հայաստանի ազգային հաւաքականը 2018 թուականի Ֆութպոլի աշխարհի առաջնութեան ընտրական փուլը չյաղթահարէ, ինքը հրաժարական կու տայ։

Հաւաքականի յաջորդ հանդիպումը Նոյեմբեր 11-ին է, Երեւանի մէջ Հայաստանի խումբը պիտի մրցի Մոնտենեգրոյի հաւաքականին հետ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment