Բաց նամակ ՀՀ Վարչապետին
Մեծարգոյ պարոն Կ. Կարապետեան, նախեւառաջ, կը շնորհաւորենք Ձեզ ՀՀ վարչապետի բարձր եւ պատասխանատու պաշտօնը ստանձնելու առթիւ եւ կը մաղթենք յաջողութիւններ Ձեր սկսած ազգանուէր գործունէութեան մէջ: Յարգելի պարոն վարչապետ, մենք՝ դատապարտեալներս, քաջ կը գիտակցինք, որ մեր երկրի առջեւ ծառացած բազմաթիւ ծանր մարտահրաւէրներուն դիմակայելը եւ անոնք ի շահ ազգի օգտագործելու գործընթացը շատ դժուար պիտի ըլլայ եւ մեծ ջանքեր ու ժամանակ կը պահանջէ:
Սակայն կը խնդրենք պահ մը ժամանակ գտնել եւ անդրադառնալ Հայաստանի դատաիրաւական համակարգին մէջ տեղ գտած արատաւոր երեւոյթի մը: ՀՀ քրէական օրէնսգրքի 76-րդ յօդուածը կ′անտեսուի զայն կիրառողներու կողմէն: Կարծես թէ այդ յօդուածը ընդհանրապէս գոյութիւն չունի: Հարցը տարիներ շարունակ բարձրացուած է թէ հանրութեան, թէ հազարաւոր դատապարտեալներու կողմէն:
Սակայն պատասխան չէ տրուած: Տարիներ շարունակ արդարադատութեան ամէն նախարար կը խոստանայ այդ հարցին շուտափոյթ լուծում տալ: Սակայն ինչ-որ բան կը խանգարէ (ինչպէս կաշառակերութիւնը):
Քաղբանտարկեալ Վոլոտիա Աւետիսեան