Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի Հերթական Ժողովը՝ ԱՄՆ-ի Մէջ

Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի Հերթական Ժողովը՝ ԱՄՆ-ի Մէջ

by MassisPost

Հոկտեմբերի վերջը, Գարեգին երկրորդ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը կը մեկնի ԱՄՆ՝ Նիու Եորք: Մայր Աթոռի տեղեկատուական համակարգի հաղորդագրութեան համաձայն, ԱՄՆ Հայոց Արեւելեան թեմի առաջնորդ Խաժակ արքեպիսկոպոս Պարսամեանի, ԱՄՆ Հայոց Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Յովնան արքեպիսկոպոս Տէրտերեանի, Գանատայի Հայոց թեմի առաջնորդ Աբգար եպիսկոպոս Յովակիմեանի եւ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) նախագահ Պերճ Սեդրակեանի` հրաւէրով, Նիու Եորքի մէջ, Հոկտեմբեր 31-էն Նոյեմբեր 3-ը տեղի ունենալիք Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի հերթական ժողովին։

«Ս. Էջմիածնէն` աշխարհին» կարգախօսի տակ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդը կը քննարկէ Հայոց եկեղեցւոյ առաքելութեան առաւել արդիւնաւորման առնչուող հարցեր:

Վեհափառի նախագահութեամբ տեղի կ′ունենայ նաեւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի, Հիւսիսային Ամերիկայի երեք թեմերու թեմական խորհուրդներու եւ ՀԲԸՄ գործադիր վարչութեան միացեալ ժողով, ուր հիմնականին քննութեան կ′առնուի «Ինչպէ՞ս հասնիլ Հիւսիսային Ամերիկայի հայութեան» թեման:

Այցի ընթացքին` Հոկտեմբեր 29-ին, Նիու Եորքի մէջ, Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը ներկայ կը գտնուի նաեւ ՀԲԸՄ 89-րդ համաժողովին եւ Միութեան 110-ամեակին նուիրուած միջոցառումներուն:

Հոկտեմբեր 30-ին Վեհափառը Սուրբ Պատարագ կը մատուցէ Սուրբ Վարդան առաջնորդանիստ տաճարին մէջ, որուն աւարտին Գարեգին երկրորդի գահակալութեան 17-րդ տարեդարձի առիթով կը կատարուի Հայրապետական մաղթանք:

Նոյեմբեր 12-ին, Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը կը հանդիսապետէ Սուրբ Ներսէս հայկական ճեմարանի նոր համալիրի, նաեւ «Գարեգին Ա» կրթական կեդրոնի բացման արարողութիւնը: Վեհափառի ձեռամբ կը կատարուի ճեմարանի Սուրբ Յակոբ մատուռի օծումը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment