Հատուկենտ հալէպահայեր կան, որոնք կը ցանկան տեղափոխուիլ Հայաստան: Այս մասին յայտնեց ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանը:
«Հալէպահայերը այս օրերուն կամ մէկ թաղամասէն համեմատաբար աւելի ապահով թաղամաս կը տեղափոխուին, կամ դէպի ծովեզերեայ քաղաքներ: Իհարկէ, քաղաքներու անունները չենք շեշտէր՝ ելլելով հայերու անվտանգութենէն: Հայերը, որոնք որոշեն գալ Հայաստան, մենք պատրաստ ենք աջակցիլ անոնց: Այս պահին հատուկենտ հայեր կան, որոնք ցանկութիւն յայտնած են՝ տեղափոխուելու Հայաստան: Մենք այժմ կը զբաղինք այդ հարցով»,- ըսաւ Հրանուշ Յակոբեանը:
Նախարարի խօսքով, իրենք նաեւ մարդասիրական օգնութիւն կ′ուղարկեն Սուրիա:
Յիշեցնենք, որ Հալէպի հայաբնակ թաղամասերու հրթիռակոծումը սկսած էր սեպտեմբեր 30-ին։ Հրթիռակոծման հետեւանքով 7 հայ զոհուած է, 13-ը վիրաւորուած: