Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ «Ժողովուրդ». Ի՞նչ Առաջարկեց Սերժ Սարգսեանը Սէյրան Օհանեանին եւ Ի՞նչ Պատասխան Ստացաւ

«Ժողովուրդ». Ի՞նչ Առաջարկեց Սերժ Սարգսեանը Սէյրան Օհանեանին եւ Ի՞նչ Պատասխան Ստացաւ

by MassisPost

«Ժողովուրդ» թերթը կը գրէ. ««Յովիկ Աբրահամեանի հրաժարականէն եւ կառավարութեան արձակուելէն յետոյ, երբ պարզուեցաւ, որ Սէյրան Օհանեանը այլեւս պիտի չի վերանշանակուի ՀՀ պաշտպանութեան նախարար, Սերժ Սարգսեանը անոր երկու անգամ իր մօտ հրաւիրած եւ տարբեր պաշտօններ առաջարկած է: Նախ՝ ՀԱՊԿ քարտուղարի, այնուհետեւ ՀՀ զինուած ուժերու գլխաւոր շտապի պետի, իսկ վերջինն ալ անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարի պաշտօնները, սակայն նախկին նախարարը բոլոր առաջարկները մերժած է:

Սէյրան Օհանեանը բաց բնագրով ըսած է, որ ՀՀ պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնէն բացի այլ առաջարկ իրեն չի հետաքրքրէր: Ուստի չէ բացառուած, որ յառաջիկային պաշտպանութեան նախկին նախարարը կը համալրէ Սերժ Սարգսեանէն նեղացած եւ ընդդիմադիր կերպարի մէջ տեղաւորուող նախկին պաշտօնեաներու շարքերը: Թէ նման «խմբակին» ան կը միանայ, յառաջիկային պարզ կը դառնայ»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment