Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հալէպի Ողբերգութիւնը Եւ Հայութիւնը

Հալէպի Ողբերգութիւնը Եւ Հայութիւնը

by MassisPost

Սրտաճմլիկ տեսարաններ կը հասնին Սուրիոյ Հալէպ քաղաքէն: Հեռատեսիլի վրայ կ’երեւին աւերակներու տակէն դուրս բերուող երեխաներ ու քարուքանդ եղած հիւանդանոցներ: Այս բոլորէն անմասն չեն մնար նաեւ հալէպահայութեան այն փոքր տոկոսը, որոնք կը շարունակեն պահել այդ օճախը, հակառակ հինգ տարիներէ ի վեր շարունակուող քաղաքացիական անողոք պատերազմին:

Անցնող  շաբթուայ ընթացքին, հրթիռակոծութեան հետեւանքով մէկ օրուայ մէջ հինգ հայերու մահը, որոնցմէ  մէկը   պատանի, եկաւ ցնցելու ամբողջ հայութիւնը:

Աշխարհ մտահոգուած է Հալէպի կացութեամբ: Կողմերը զիրար  կ’ամբաստանեն իրավիճակի վատթարացման մէջ, սակայն խաղաղութեան հասնելու  բոլոր ճանապարհները առայժմ կը տանին դէպի փակուղի:

Շարունակուող  այս կացութեան ու մօտալուտ խաղաղութիւն հաստատելու հեռանկարի բացակայութեան  դիմաց, հարց կը տրուի թէ, ի՞  նչ պէտք է ընել տակաւին հոն մնացող հազարաւոր հայորդիներուն հետ: Ոմանք կը խորհին թէ, Հայաստանի պետութիւնը պէտք է դիմէ  յատուկ միջոցներու, ժողովուրդը  Հայաստան տեղափոխելու համար: Կայ այլ  տեսակէտ մը, որ  կը խորհի թէ Հալէպահայ գաղութը պահելը կարեւոր է մարդկային առումով,  ու նաեւ  մեր ազգային դատի տեսակէտով:   Հալէպի մէջ մենք ունինք ազգային  կալուածներ, պատմական  նշանակութիւն ունեցող կառոյցներ եւ հաստատութիւնները, որոնց պէտք է ամէն գնով տէր կանգնիլ:

Հայաստանի Արտաքին Գործոց նախարարութիւնը  յայտարարեց, որ Հալէպի հրթիռակոծումներու թիրախ դարձած  հայերու տարհանման հարցը Հայաստանի կառավարութեան օրակարգին վրայ չէ:

Մինչ այդ, Հալէպի մէջ ներկայիս կ’ապրի 8-10 հազար հայեր, որոնք  պէտք ունին մնայուն հոգածութեան: Այդ նպատակով Լոս Անճելըսի մէջ կը գործէ Սուրիահայութեան  Օժանդակութեան Մարմինը` SARF-ը, որ անփոխարինելի աշխատանք կը կատարէ` հինգ  տարիներէ ի վեր: Այդ օժանդակութեան շնորհիւ կը շարունակեն գործել  մեր վարժարանները եւ այլ հաստատութիւնները:

Լոս Անճելըսահայ համայնքը կոչուած է զօրակցելու այս համազգային մարմինին, որպէսզի ան կարողանայ  շարունակել իր կարեւոր առաքելութիւնը:

«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment