Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հայ Աւետարանական Եկեղեցիի 170-ամեակի Յոբելինական Հանդիսութիւն Երեւանի մէջ

Հայ Աւետարանական Եկեղեցիի 170-ամեակի Յոբելինական Հանդիսութիւն Երեւանի մէջ

by MassisPost

Հայ Աւետարանական Եկեղեցիի 170 ամեակին եւ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 25-ամեակին նուիրուած զոյգ Յոբելինական Հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ Կիրակի, Սեպտեմբեր 25, 2016-ին, Երեւանի Արամ Խաչատուրեանի անուան մեծ համերգասրահին մէջ։ Հանդիսութեան ներկայ էին Հայրենի եւ Սփիւռքահայ բազմաթիւ հիւրեր, ինչպէս նաեւ մեծ թիւով Հայ Աւետարանական Հոգեւոր Հովիւներ, որոնք այդ օրերուն Հայաստան կը գտնուէին Հովիւներու յատուկ համագումարի մը համար, որ տեղի ունեցաւ Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան Հանգաւանի Շին Շողիկ Ճամբարին մէջ։

Հանդիսութիւնը սկսաւ Հայաստանի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութեան Նախագահ՝ Վեր. Գեւորգ Գասպարեանի բարի գալուստի խօսքով։ Շնորհաւորական ուղերձներով հանդէս եկան Հայ Աւետարանական Համաշխարհային Խորհուրդի (ՀԱՀԽ) Գործադիր Տնօրէն, Վեր. Դոկտ. Վահան Թութիկեան,  Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան (ԱՀԱԸ) Նախագահ՝ Տօքթ. Նազարէթ Տարագճեան,  ԱՀԱԸ-ի Գործադիր Տնօրէն՝ Զաւէն Խանճեան եւ ՀԱՀԽ-ի Նախագահ՝ Վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեան:

«Հովեր» Պետական Կամերային Երգչախումբը, ընկերակցութեամբ Պետական Սենեկային Նուագախումբին հանդէս եկաւ Յոբելինական յատուկ երգով, ինչպէս նաեւ շարք մը հոգեւոր երգերով ինչպէս նաեւ Հայ եւ համաշխարհային ճանաչում ունեցող  երաժիշտներու ստեղծագործութիւններով։

Յոբելինական հանդիսութեան յայտագրի ընթացքին ցուցադրուեցաւ նաեւ հատուած մը «Հայ Աւետարանականներու Ներդրումը Կրթութեան Ոլորտին մէջ» ժապաւէնէն։

Յոբելինական հանդիսութիւնը եզրափակուեցաւ Վեր. Արմենակ Միսիրեանի Տէրունական Աղօթքով (Հայր Մեր)՝ Հովեր Երգչախումբի կատարմամբ, որուն մասնակցեցան բոլոր ներկաները յոտնկայս եւ Վեր. Գարակէօզեանի օրհնութեան աղօթքով։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment