Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ 200 Միլիոնի Սպառազինութեան Մատակարարումը Հայաստան Սկսած է

200 Միլիոնի Սպառազինութեան Մատակարարումը Հայաստան Սկսած է

by MassisPost

«Ռուսական 200 միլիոն տոլար վարկի սահմաններով սպառազինութեան մատակարարումները Հայաստան սկսած են», ըսաւ Հայաստանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Իվան Վոլինկինը:

Դեսպանը նաեւ արձագանքեց Հայաստանին՝ ռուսական «Իսկանդեր» հրթիռային համալիրներու վաճառքին՝ ընդգծելով՝ «այդ փաստը կը վկայէ, որ հայ-ռուսական յարաբերութիւնները ունին դաշնակցային բնոյթ»:

««Իսկանդեր»-ի վաճառքը կը նշանակէ, որ ձեռք բերուած է համապատասխան պայմանաւորուածութիւն:  Այս կը նշանակէ նաեւ, որ մեր երկիրներու յարաբերութիւնները դաշնակցային են ու եղբայրական:  Ինչ կը վերաբերի 200 միլիոն տոլար վարկին, վարկային համաձայնագիրը իրականացման փուլին մէջ է եւ այն կ′իրականացուի ըստ ծրագրի, ստորագրուած են պայմանագրային պարտաւորութիւնները: Մատակարարումները արդէն իսկ սկսած են, ամէն ինչ ըստ ծրագրի կ′ընթանայ»,- ըսաւ Վոլինկինը:

Ռուսական սպառազինութիւն ձեռք բերելու նպատակով 200 միլիոն տոլար վարկի համաձայնագիրը Երեւանն ու Մոսկուան կնքեցին  անցեալ տարի Յունիսին:

Այս տարուան Փետրուարին, «Ինտերֆաքս»-ը հրապարակեց սպառազինութեան ցանկը , որ վարկի սահմաններուն մէջ Հայաստան պիտի գնէ համազարկային կրակի հակազդեցիք՝ «Սմերչ» համակարգեր, ՏՕՍ-1Ա ծանր հրետանային համակարգեր, 9М113М կառավարուող հրթիռներ եւայլն: Միաժամանակ, նշուած էր՝ ցանկը կրնայ փոխուիլ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան եւ Ռոսօբորոնէքսպորտ-ի փոխադարձ համաձայնութեամբ:

Մատակարարումները, սակայն, կը ձգձգուէին: Ապրիլեան պատերազմէն օրեր անց, երբ Երեւանի մէջ հիւրընկալուած էր Ռուսիոյ վարչապետ՝ Տիմիթրի Մետվետեւը, Հայաստանի նախկին վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանը չթաքցուց իր դժգոհութիւնը:

«Համաձայնագրի դրոյթներու իրականացման գործընթացը որոշակիօրէն դանդաղած է, ուստի կը ցանկամ խնդրել Ձեզ հրահանգել Ռոսօբորոնէքսպորտ-ին հնարաւորինս արագացնել պայմանագրերու կնքումը»,-   ըսած էր Աբրահամեանը:

Պաշտպանութեան նախարարութեան Ազգային ռազմավարական հետազօտութիւններու հիմնարկի պետ Հայկ Քոթանջեանի խօսքով, Հայաստանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը ուշիմ ձեւով կը հետեւի Հայաստանի ու Ազրպէյճանի ուժերու յարաբերակցութեան:

«Պատերազմի դասերը մեր ղեկավարութիւնը կրցած է ճիշդ գնահատել եւ քննարկել մեր դաշնակից Ռուսիոյ հետ՝ քառօրեայ պատերազմի մասին է խօսքը, որովհետեւ դասերը իսկապէս բազմաշերտ են եւ հնարաւորութիւն կուտան՝ ե՛ւ միջնահեռահար, ե՛ւ հեռահար տեսանկիւնէն տեսնել մեր յարաբերութիւններու ապագան։ Ինծի կը թուի , որ այս քննարկումը արտակարգ ձեւով ընթացքի մէջէ»,- ըսաւ Քոթանջեանը։

Անդրադառնալով հարցին՝ ինչու՞ հայկական զինուած ուժերը գերազանցապէս ռուսական սպառազինութիւն է, եւ ձեռք չի բերուիր ամերիկեան, եւրոպական ռազմական գիտութիւն, աւագ հազարապետ Քոթանջեան պատասխանեց.- «Կան սահմանափակումներ Արեւմուտքի կողմէ՝ բախումային շրջաններ , համապատասխան ռազմական զինատեսակներ, զէնք մատակարարելու համար։ Այդպիսի սահմանափակումներ Ռուսիան չ′ունի, բայց անոր հետ մէկտեղ Արեւմուտքը մեզ կ′աջակցի ոչ մահացու զէնքերու տրամադրմամբ՝ եթէ տեսնէք կապի միջոցներու առումով, կամ այլ օժանդակ գործիքարանի տեսանկիւնէն , բաւականին մեծ օգնութիւն կը ցուցադրուի այս հաշուեկշռի շրջանակներուն մէջ»։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment