Home Uncategorized Ցեղասպանութենէն Փրկուած Հայ Կանայք Բացառիկ Գործ Ըրած են Պոլսոյ մէջ. Լեռնա Էքմէքճիօղլու

Ցեղասպանութենէն Փրկուած Հայ Կանայք Բացառիկ Գործ Ըրած են Պոլսոյ մէջ. Լեռնա Էքմէքճիօղլու

by MassisPost

«Բախտորոշ էր, որ Հայոց Ցեղասպանութիւնէն ճողոպրած  կանայք  Պոլսոյ մէջ նոր  լիկա  մը ստեղծեցին՝ «Հայ Կանանց Լիկա» անունով, որուն  նպատակներէն էր՝ որբերու խնամք տանիլ , հիւանդանոց բանալ, եւ այլն, ինչպէս նաեւ՝ այրերու հետ  բացարձակ հաւասարութիւն պահանջել:  Անոնք  կը միտէին կանանց ներկայ ութիւնը  ապահովել ազգային իշխանութիւններուն մէջ»,- «Արեւելք»ին ըսաւ Պոլիս ծնած հայ պատմաբան Լեռնա Էքմէքճիօղլու:

Էքմէքճիօղլու, որ օրերս կը մասնակցէր Երեւանի մէջ եղած «Ցեղասպանութենէն ետք, ցաւէն վերածնունդ, հեռանկարներու ծնունդ» համաժողովին, յիշեցուց. «Ժամանակին Պոլսոյ  Պատրիարքարանը, նոյնիսկ  այդ օրերու պատրիարքը դէմ չէր  կիներու ազգային իշխանութեանց մաս կազմելուն , չեմ կրնար ըսել որ  հակաֆէմինիստ  չէր, բայց այս գաղափարին հետ էր, որովհետեւ պէտք ունէր այդ կանանց, որոնք չէին տարագրուած  եւ կու գային Պոլսոյ հայ մտաւորական ընտանիքներէն:

Սերնդակիցներուս հետ, երբ համալսարանն էինք,  90-ականներուն  վերջաւորութեան, ֆ էմինիզմը  ձեւով մը վերածնունդ ապրեցաւ: 1930- էն մինչեւ վաղ 1990-ականներ  այս շարժումը որոշակիօրէն սառած էր: Մենք  բաւական ճիգ տարինք ու կրնամ ըսել, որ կազմակերպուած էինք : Այսօր ալ Պոլսոյ հայկական  շրջանակներուն մէջ ֆէմինիզմի միջավայր մը կայ,  բայց ոչ նախկին ուժով եւ ոգեւորութեամբ: Պոլսոյ հայկական շրջանակներու մէջ ակնյայտ է ֆ էմինիզի  շարժման սառիլը»:

Հայկական եւ հրէական փորձերուն միջեւ զուգահեռ մը գծելով «Արեւելք»-ի զրուցակիցը նշեց, որ հրեայ կանայք իրենց ֆէմինիստական շարժումները շատ աւելի ուշ Գերմանիա բերին. «Շատ կարեւոր է ընդգծել, որ միայն հրեաները չեն բաղդատութեան առարկայ:Ռուանտայի ցեղասպանութենէն վերջ ալ երկրէն դուրս գտնուող կիները ֆէմինիստշարժմամբ չեն զբաղած: Բնականը չզբաղիլն է անշուշտ, որովհետեւ որեւէ աղէտէ ետք կարեւորը կեանքի ապահովութեան որոնումն է: Այստեղ է նաեւ, որ կը կարեւորուի հայկանանց փորձառութիւնը, ինչ որ բացառիկ պարագայ մըն է: Այդ օրերուն Օսմանեան կայսրութիւնը արդէն քայքայուած էր, գրաւուած էին օսմանեան շատ մը քաղաքներ, նոյնիսկ կայսրութեան մայրաքաղաք Պոլիսը: Հայերը թէ՛ Փարիզ, թէ՛ ամենուրէք, կը փորձէին վերականգնեցնել իրենց պատմական հայրենիքը: Արդէն քաղաքական զօրաշարժ կար՝ Մայր Հայաստանի նկատմամբ: Այդ Հայաստանը իրական էր: Ֆէմինիստական շարժումը կրնար Պոլիսէն գաւառներ հասնիլ, բայց, քանի որ Մայր Հայաստանը չկայացաւ, անոնք ալ չկրցան գաւառ երթալ: Մնացեալ հայերը բացարձակապէս ֆէմինիստ շարժման հետ զբաղելու «պերճանք»ը չունեցան»:

Էքմէքճիօղլու,   խօսելով Women in War կազմակերպութեան մասին (Երեւանի մէջ կայացուած համաժողովին ՀԲԸՄ-ի կողքին կարեւոր դերակատարութիւն ունեցաւ Women in War կազմակերպութիւնը-խմբ.) նշեց, որ կարեւոր այդ կազմակերպութեան կեդրոնը Ֆրանսան է: «Կազմակերպութիւնը ստեղծած է մարդոց մեծ ցանց, որոնք պատերազմներու ընթացքին կիներու ունեցած մարդկային դերակատարութեան նիւթերով կը զբաղին: Women in War-ը  համաժողովներ կազմակերպած է  Սարայեւո, Պէյրութ եւ այլն: Այս բոլորին ներկայութիւնը Երեւանի մէջ, կ΄օգնէ ընդլայնելու կանանց պատերազմի գրականութիւնը, նկատի ունենալով հայկական փորձառութիւնը, այդ փորձառութիւնը, որ պիտի տեղադրուի իրենց մտային քարտէսին վրայ: Եթէ 2016-ին, տեղ մը ցեղասպանութեան եւ կիներու մասին գիտաժողով մը պիտի կազմակերպուի, այդ պէտք է ըլլայ Հայաստանի մէջ:  Միջազգային ակադեմական   շրջանակներ անտեղեակ են հայկական փորձառութեան մասին »,– աւելցուց ան:

Անդրադառնալով միջազգային հանրութիւններու ոչ դրական հայեացքին՝ հայկական ցեղասպանութեան նկատմամբ, Էքմեքճիօղլու ըսաւ. «Այս ժողովը  հիմնական սկիզբ մը եղաւ:  Վստահ եմ՝ շատ  մը  հայերու համար ալ  այն կարեւոր նուաճում  պիտի ըլլայ, որովհետեւ զրոյցի դռներ պիտի բանայ տարբեր մարդոց հետ, տարբեր մտածելակերպով եւ տարբեր նիւթերով: Վստահ եմ, որ այդ մէկը պիտի բարելաւէ վիճաբանութիւններու մակարդակը:

Գոյատեւման հարց մը կայ միշտ: Ինչո՞ւ կ΄ըլլան ցեղասպանութիւնները, ինչո՞ւ կը կրկնուին, երբ մենք տասնեակ տարիներ, համագումարներ կը կազմակերպենք սերտելու եւ ուսումնասիրելու զանոնք: Դժուար է ինծի համար աշակերտներուս բացատրել այս մէկը, որովհետեւ միշտ կ΄ըսեմ պատմութիւն գիտնալը կարեւոր է, որպէսզի հասկնանք ներկան եւ ապագային անցեալի սխալները չկրկնենք: Տեսլական պէտք է ունենանք ապագայի նկատմամբ, որ աւելի լաւ ըլլայ բաղդատմամբ պատմութեան հետ: Միեւնոյն ատեն, երբ հայոց ցեղասպանութեան մասին կը դասաւանդէի, եզիդիներուն ցեղասպանութիւնը տեղի կ΄ունենար, եզիդի կիները կ΄առեւանգուէին ու կը բռնաբարուէին ինչպէս հայ կիները 1915-ին, նոյնիսկ նկարները շատ նման էին իրար: Դժբախտաբար ըսելիք չունիմ»,- դիտել տուաւ գիտաշխատողը:

Թուրքիոյ կողմէ  հայոց ցեղասպանութիւնը ժխտելուն մասին ան ըսաւ. «Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցով,  եթէ բաղդատենք զայն նախկին 20 տարիներուն հետ, կը տեսնենք, որ շատ աւելի լաւ տեղ հասած է, քանի որ կան մեծ թիւով թուրք մտաւորականներ, որոնք պատրաստ են ընդունելու ցեղասպանութիւնը եւ կ΄ընդունին զայն, բացէ ի բաց անոր մասին կը գրուի ու կը խօսուի, նոյնիսկ Թուրքիոյ մէջ: Միւս կողմէ, այդպիսի մտայնութիւն կայ, որ քիչ մը վտանգաւոր կը տեսնեմ, այն ալ ցեղասպանութիւնը ընդունելու ու անկէ ետք ոչինչ ընելու մօտեցումն է: Մարդիկ կ΄ընդունին իրենց նախահայրերուն ըրած արարքները, բայց յետոյ ի՞նչ: Այսինքն ընդունինք ցեղասպանութիւնը եւ թող ամէն ինչ վերջանայ, առանց արդիւնքները դիմադրելու եւ բուժելու: Կարծես «կ΄ընդունինք» ըսելը կամ կէս կատար «կը ներէք» ըսելը պիտի ըլլար բաւարար՝ յարաբերութիւնները բուժելու եւ բնական հունի մըդարձնելու համար: Ասիկա ճիշդ չէ:  Երբեմն, թէ՛ Հայաստան, թէ՛ Թուրքիա երկխօսութիւններ կ΄ըլլան, սակայն խորհրդակցական երկխօսութիւններու թակարդին մէջ  կ΄իյնան, ցեղասպանութեան ճանաչման խնդիրը դնելով ուրիշ հանգրուանի վրայ: Իմ կարծիքով ճանաչման մասին խօսիլը յարմար չէ առանց  հատուցման եւ վէրքերը բուժելու մասին խօսելու : Բարեփոխումներու մասին խօսելով կ΄իրականանայ ճանաչումը», -մատնանշեց ան:

Լեռնա Էքմէքճիղօլու նաեւ ըսաւ.  «Հայկական կողմը շատ կ΄ուզէ, որ թուրքերը  « մեզի սիրեն » :  Ասիկա տ եսակ մը բարդոյթ է,  որ  հասկնալի է:  Ըսեմ նաեւ, որ հայ-թուրքական յարաբերութիւններու հետ կապուած բաւական դրական քայլեր կ’առնուին,  բայց այս բոլորը գոհացուցիչ չէ: Ես ալ չեմ  ուզեր  յաւերժ թշնամութիւն ըլլայ:  Ես ալ  կ΄ուզեմ գոնէ թէ՛  Պոսթոնի  համայնքիս մէջ տարածել, եւ թէ՛ իմ  զաւակներուս  փոխանցել՝  որ թուրքին հետ յաւերժ թշնամութիւնը տեղ մը չի տանիր, բայց վստահ եմ, որ առաջին քայլը Թուրքիոյ պետութիւնը պէտք է կատարէ»:

Նշենք, որ Լեռնա Էքմէքճիօղլուն յ ետեղեռնեան Պոլսոյ  կանանց  եւ մտաւորական շարժումներու մասնագէտ է: Անոր պատրաստած գ իրք ը  կը խօսի  1920-ականներու  պոլսահայերու մասին, որոնք վերապրեցան  ու  հոն մնացին, նաեւ՝  կրցան յարմարիլ Թուրքիոյ նոր պայմաններուն:  Գիրքին  մէջ մեծ տեղ կը գրաւէ  հայ կանանց ստեղծած Ֆէմինիստ  շարժումը, որ աշխուժ  ներկայութիւն էր  հայկական միջավայրին մէջ:  Մեր խօսակիցը ներկայիս  Մասաչուսեթսի համալսարանի (MIT)  դասախօս է:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment