Home ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ «Հինգ Միաւոր, Հինգ Ցամաքամաս»

«Հինգ Միաւոր, Հինգ Ցամաքամաս»

by MassisPost

Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան

Ֆրանսայի հարաւը գտնուող Փրովանսի շրջանը՝ զգլխած է ամէն գեղեցկութեան չափանիշ։ Երեւի աշխարհի ամբողջ գեղեցկութիւնը թափած է այս շրջանին մէջ։ Եթէ մէկ գիւղէն ու քաղաքէն միւսը ունի իրեն յատուկ գրաւչութիւնը, բայց նաեւ կայ պատմութիւն։ Եւ այդ պատմութեան մէջ կայ մշակոյթը, եւ ապրուած օրը եւ փորձառութիւնը։ Եւ Արլ քաղաքը՝ Ֆրանսայի հարաւային բաժնի  գեղեցիկ քաղաքներէն մէկն է՝ Ռոն գետին երկայնքին։ Համաշխարհային գեղանկարիչ՝ Վան Կոկը ներշնչուած է այս քաղաքէն եւ ապրած ու ստեղծագործած ։ Արլ եղած է Հռովմէական քաղաք՝ եւ դարձած անոր շրջանային մայրաքաղաքներէն մէկը։ Քաղաքը ունի պատմական շատ մը հնութիւններ՝  Հռովմէական ժամանակներէն,  ուր յատկանշական է անոր Ամփիթատրոնը, որ ներկայիս կը գործածուի գեղարուեստական եւ մշակութային այլ համերգներու եւ ձեռնարկներու համար։

img_2019Օգոստոս 2016։ Արլ։ Հին Հռովմէական շրջանի հնութիւններէն անցնելով սկսայ մուտք գործել, այսպէս կոչուած «Ամառնային Պարտէզին» մէջ։ Ոչ շատ մեծ, բայց գեղեցիկ ու կանանչ էր,  եւ հոն կար յուշակոթող մը՝ նուիրուած Վան Կոկի։ Բայց չէի կրնար պատկերացնել,  թէ այս « Ամառնային Պարտէզին» մէջ նաեւ պիտի հանդիպէի հայկական իրականութեանը։ Բայց ինչու՞ եւ ինչպէս՞ զարմանալ. չէ՞ որ իբրեւ հայ ժողովուրդ տարածուած ենք աշխարհով մէկ՝ինչու ոչ նաեւ Արլի մէջ։

Պարտէզին անկիւնը կար քարէ կոթող մը։ Նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան եւ ինչպէս հայերէն եւ ֆրանսերէն գիրերը կը բացատրէին՝« Յեղասպանուած հայ ժողովորդի յիշատակին՝որոնք զոհ գացին Օսմանեան երիտասարդ Թրքական կառավարութեան»։ Բայց կոթողը ունէր գեղարուեստական մէկ փոքր արտայայտութիւն։ Եթէ այսպէս ըսած ոչ դասական գեղարուեստական մտայղացում մըն էր, բայց ունէր բաւական խորքային արտայայտութիւն։ Իսկ արտայայտութիւնը՞՝ Էրիք Ռոլան Պելակամպային է, որ ծնած է 1956-ին, Արլի մէջ։ Ան  Ֆրանսացի նկարիչ-գրող եւ գիրքերու հեղինակ արուեստագէտը, որ մինչեւ այսօր կը գործէ Ֆրանսական շատ մը հիմնարկներու մէջ։

Էրիք՝ իր ասպարէզ արուեստի արտայայտութիւն-նկարը նկարագրած է կոթողին տակ՝ մի քանի նախադասութեամբ։

Բայց նախ նկարը։

Հայութիւնն ու հայկականութիւնը խորհրդանշող պտուղը՝ նուրը, որուն ֆրանսերէն հոմանիշը Կրէնատ է, որ ֆրանսերէնով նաեւ ռումբ կը նշանակէ։  Եւ Էրիքին երեւակայութեամբ  այս հայկական նուրը՝ ռումբը, պայթեցաւ Օսմանեան Թուրքիոյ մէջ եւ փշռուցաւ հինգ միաւորներու, որոնք  կարմիր էին, նկատի ունենալով թափած արիւնը։ Սակայն այդ արիւնին մէջէն դուրս եկաւ նաեւ կեանք, որ տարածուեցաւ ու սփռուեցաւ աշխարհի հինգ ցամաքամասերու մէջ։

Սակայն նկատի ունենալով հայութեան ապրելու կամքն ու վճռակամութիւնը, կը նշմարեմ, որ Էրիքին եւ իր պատկերին մէջ կ՚երեւայ օպսիտիան հայկական քարը, որուն մէջ մէկտեղուած է հայուն արցունքը, եւ այս  նոյն այս արցունքն է, որ ամրացուցած է հայը, անոր համար դառնալով ամուր կռուան։

eric-rolland-bellagamba-va-rencontrer-le-publicԲայց հայկական այս քարը՝ օպսիտիանը, ունի նաեւ մշակութային մեկնաբանութիւն։ Ան ոչ միայն հանգստացնող քար է, այլեւ՝  նորոգող եւ կազդուրող։ Եւ Էրիք չէր սխալած հայուն արցունքները օպսիտիային մէջ ամփոփելու իմաստով։ Եթէ մէկ կողմէ հայուն արցունքները  ամրացուցած է օպսիտիանը, բայց նաեւ նոյն հայը անոր մէջ գտած է իր հանգիստը։ Այս հանգիստը հայուն համար բուժիչ դերակատարութիւն ունեցած է, եւ անոր շնորհած է վերապրելու եւ վերանորոգուելու իրականութիւնը։

Էրիք չի զլանար  այս ողբերգութիւնը ներկայացնելու իբրեւ համամարդկային ցաւ։ Եւ ան կը յատկանշէ այդ համամարդկային ցաւը՝ յուշակոթողին երկլեզու իրականութեանը մէջ, ուր հայերէնը եւ ֆրանսերէնը միասին կ՚արտայայտեն այս ցաւը։

«Ամառնային Պարտէզ»էն դուրս գալու ընթացքին խորհրդածեցի եւ ընկալեցի Էրիքին պարզ, բայց միաժամանակ խորունկ մեկնաբանութեանը։ Թէ տարածուած ենք աշխարհի հինգ ցամաքամասերու վրայ՝ եւ յատկապէս այս օրերուն։ Իսկ եթէ ես կ՚ապրիմ մէկ ցամաքամասի մէջ, սակայն մնացեալ չորս ցամաքամասերուն մէջ եւս կան հայեր, որոնց մարտահրաւէրները այսօր՝ ամէն ժամանակէ աւելի նոյնն են, նոյնիսկ եթէ անոնց գտնուած վայրերը տարբեր են։ Լեզուի, մշակոյթի եւ ինքնութեան պահպանում, ու տակաւին յիշելու եւ պահանջելու մեծ հրամայական։ Հայուն դիմագրաւած համահայկական այս մարտահրաւէրներու մէջ, ժամանակը եկած է համոզուելու թէ գաղութ հասկացողութիւնը հայուն սփիւռքեան իրականութեանը մէջէն՝ կ՚անցնի իւրաքանչիւրին՝ իմա գաղութին՝ աշխարհագրական տուեալ սահմաններէն անդին։ Պէտք չէ բաւարարուիլ ներգաղութային մտահոգութիւններով միայն։ Պէտք է տեսնել թէ հինգ ցամաքամասերու վրայ տարածուած հայուն կեանքը՝ հինգ միաւորները՝ պէտք է պարփակեն հինգ ցամաքամասերու աշխարհագրական սահմանները։

Բայց առկայ է նաեւ հայուն ներկայ օրերու միտքը։ Եւ այդ մտքին տուն տուող մտահոգութիւնն եւ ծրագրային տեսադաշտի հիմքը։ Պիտի կարենանք՞ տեսնել,  թէ հայուն մտքին հիմքը պէտք է մեկնարկ ունենայ անոր հինգ ցամաքամասերը, եւ թէ հայուն գոյատեւելու գրաւականը անոր հինգ միաւորները իրար հետ համախմբելուն մէջ է։

Հայուն այս «միտքը» ամրացուած է իր ազգային քարին՝ օպսիտիային մէջ։ Հայը իր կեանքի ամուր ենթահողն ու կռուանը գտած է ու պիտի շարունակէ օպսիտիային մէջ։ Եւ օպսիտիան հայուն հայրենիքն է։ Այն հայրենիքը,  որ հայը կերտեց ցաւով եւ արցունքով։ Բայց այս ցաւն ու արցունքը վերածուեցան ամուր, իրական,  ապրող ու ապրեցնող հայրենի պետականութեան,  եւ անոր կողքին նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան։

Նուրը՝ կրէնատը պայթեցաւ, ու փշրուեցաւ ու տարածուեցաւ աշխարհի հինգ ցամաքամասերու վրայ, ուր հայը ստեղծեց հինգ միաւոր, որ այսօր ապրող իրականութիւն է։

Բայց այս հինգ ապրող միաւորները առանձին չեն։ Հայը ունի իր օպսիտիանը՝  հայուն հայրենիքը, որ արդէն կերտած է քսան եւ հինգ տարիներու անկախացած պետականութիւն։ Այս իրականութիւնը ինքնին կարեւոր գրաւական է, նկատի ունենալով  որ հայուն ինքնութիւնը ապրեցաւ ու տակաւին կ՚ապրի ու պիտի շարունակէ ապագայի հորիզոնին նայիլ նոր տեսիլքով։ Եւ հետեւելով Ուիլիըմ Սարոյեանի բանաձեւումին, պատմութեան ընթացքին հայը փշրուեցաւ, սակայն  ան միշտ կերտեց նոր Հայաստան։

Եւ կ՚արժէ որ հայը  ապրի այս տեսիլքով, եթէ  հինգ ցամաքամասերու վրայ երկարած հինգ միաւորները պիտի կամրջէ հայուն օպսիտիանին՝ հայրենի պետականութեանը մէջ։

Եթէ անցնող քսան եւ հինգ այս տարիներուն ընթացքին ունեցանք յառաջխաղացք, սակայն տակաւին առկայ են շարք մը  մարտահրաւէրներ։ Այս մէկը իրական կեանքի անխուսափելի տուեալներէն է։ Եթէ կան քննադատութիւններ եւ պիտի շարունակեն ըլլալ, բայց  նաեւ պէտք է աշխատիլ որպէսզի հայրենի պետականութեանը սրսկենք դրական ուժ,  որովհետեւ ան է,  որ կառուցողական է։ Եւ հայը պարտի շարունակել իր կեանքը եւ կառուցել իր հայրենիքը հիմնուելով Սարոյեանի սկզբունքներուն հիման վրայ։

Ուիլեըմ Սարոյեան յանդգնեցաւ փնտռել աշխարհի վրայ այն ուժը, որ պիտի կարենար քանդել հայ ժողովուրդը։ Ան անվարան կրցաւ յայտարարել,  թէ չկայ ուժը մը, որ կրնայ քանդել հայը, որովհետեւ պատմութեան բոլոր առանցքներուն մէջ հայուն ուժը միշտ եղած է դրական։ Այս դրական ուժն է, որ ապրեցուցած է հայը եւ նոյն այս ուժով ան դէմ դրած է  քանդիչ բոլոր ուժերուն՝  առանց քանդուելու։ Եւ այս դրական ուժն  է, որուն սրսկումը անհրաժեշտ է շարունակել՝  համահայկական մեր կեանքին մէջ։

Այսօր ունինք մէկ կարեւոր դրամագլուխ։

Քսան եւ հինգ տարիներու վրայ երկարած հայկական հինգ միաւորները՝ հինգ ցամաքամասերու մէջ, եւ հայրենի պետականութիւնն ու Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութիւնը շատ աւելի լաւ կրցան ու կրնան զիրար հասկնալ։ Եւ այս պէտք է պահել, ամրացնել ու շարունակել։ Այս դրամագլուխով շատ աւելի լաւ կրնանք սրսկել այս դրական ներուժը։

Արլ քաղաքին յուշակոթողը, ուր Էրիք կրցած է տեսնել հայուն ապրող իրականութիւնը։

Հինգ միաւոր, հինգ ցամաքամաս։ եթէ նուրը պայթեցաւ, փշրուեցաւ ու տարածուեցաւ։ Բայց չի մեռաւ։

Եւ չի մեռնելու այս սկզբունքը պիտի շարունակենք տանիլ վաղուան օրուան։

Բայց այս սկզբունքը  կ՚ապրի երբ կայ ներուժը, որ դրական է՝ կառուցող եւ ոչ թէ կը քանդիչ։

 

 

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment