Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հրէական Ծայրայեղ Կազմակերպութեան Անդամներ Յարձակած են Երուսաղէմի «Ժառանգաւորաց» Երգչախումբի Անդամներուն Վրայ

Հրէական Ծայրայեղ Կազմակերպութեան Անդամներ Յարձակած են Երուսաղէմի «Ժառանգաւորաց» Երգչախումբի Անդամներուն Վրայ

by MassisPost

«Կազմակերպիչները   շատ խնդրեցին, որ մեր սաները մնան եւ մասնակցին  քաղաքապետարանի  կազմակերպած համերգ»ին  «Արեւելք»ին ըսաւ Երուսաղէմի  Պատրիարքարանի դիւանապետ Տ.   Կորիւն Վրդ. Պաղտասարեան: Վարդապետը  մեկնաբանելով Երուսաղէմի   քաղաքապետարանին կողմէ  կազմակերպուած համերգի մը ընթացքին եղած   պատահարը  դիտել տուաւ, թէ «եղածը  անսպասելի էր ու ոստիկանութիւնը դէպքի վայր հասնելով   ձերբակալեց այդ տհաճ միջադէպին մասնակցած  երկու ծայրայեղականներ»: Տ. Կորիւն  Վրդ.  Նշեց, որ     Երուսաղէմի քաղաքապետարանին  կազմակերպած միջոցառման Սրբոց Յակոբեանց վանքի  «Ժառանգաւորաց»  երգչախումբը քաղաքի քրիստոնեաները ներկայացնող միակ  խումբն էր մասնակցութիւն  բերելու այդ համերգին: Ան նաեւ նշեց, որ կազմակերպիչները,  որոնք   շատ  խիստ ոճով  դատապարտած են  եղածը    նաեւ յայտնած են, թէ իրենք  մտադիր են    նոյն վայրին մէջ կրկնել այդ համերգը ու այս առումով  յայտնեց «մեզի  հրաւէր ուղղեցին, սակայն    մինչեւ   այս պահը  որոշում մը չենք կայացուցած    անգամ մը եւս համերգին  մասնակցելու վերաբերեալ»:

Յիշեցնենք, որ Երուսաղէմի  քաղաքապետարանին   կողմէ կազմակերպուած  համերգի  ընթացքին Հրէական  ծայրայեղ  «Լեհավա»  կազմակերպութեան  անդամներ  յարձակած են Սրբոց Յակոբեանց  վանքի     «Ժառանգաւորաց» երգչախումբի անդամներուն  վրայ  եւ անոնց  առաջնորդ Պենցի Կոփշթէյն կալանաւորուած է:  Դէպքը   տեղի ունեցած է  անցեալ հինգշաբթի երեկոյեան եւ  հայ սաները   այդ դատապարտելի  դէպքէն ետք հեռացած են վայրէն:

Ըստ «Haaretz»-ի Երուսաղէմի մէջ հայկական երգչախումբի ելոյթի ժամանակ անոնք սկսած են պոռալ՝ «Հրեաներուն սպանողներ» եւ «Վերադարձէք Սուրիա»:

Նշենք, որ «Լեհավա» կազմակերպութիւնը հանդէս կու գայ  ցեղամոլական արարքներով եւ  անոնք մասնաւորապէս   կ’ընդիմանան այլազգիներու հրեաներու հետ ամուսնութեան  դէմ եւ  դէմ են քրիստոնեաներու Իսրայէլի  մէջ  ներկայութեան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment