Home ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ Մայիս 28, Նոյեմբեր 29, Սեպտեմբեր 21 եւ Պետական Մտածողութիւն

Մայիս 28, Նոյեմբեր 29, Սեպտեմբեր 21 եւ Պետական Մտածողութիւն

by MassisPost

Յարութ Տէր Դաւիթեան

Հայաստանի անկախութեան 25-ամեակին առթիւ , այս յօդուածով կը նպատակադրենք ցոյց տալ անձնասէր-հատուածական մտածողութեան վնասները եւ ազգային-պետական մտածողութեան օգուտները մեր ժողովուրդի իրավիճակի զարգացման գործընթացին վրայ, Հայաստանի թէ սփիւռքի տարածքին: Մեր յօդուածը կարելի եղածին չափ սեղմ սահմաններու մէջ պահելու համար, հիմնուած ենք մեր նորագոյն պատմութեան մէջ մեր պետականութեան կերտման հետ կապուած երեք գլխաւոր թուականներու վրայ, որոնք թարմ են եւ կ’առնչուին մեր կեանքին հետ: Բայց կ’արժէ միայն մէկ ցայտուն օրինակ մը բերել մեր հեռաւոր անցեալի պատմութիւնէն: Արշակունեաց թագաւորութեան վերջին ութը թագաւորներէն վեցն զոհ գացին դաւադրութեանց, պարսկասէր եւ բիւզանդասէր հայ նախարարներու հատուածական շահերու հետապնդման պատճառաւ: Արդիւնքը՝ հայ պետականութեան կորուստն էր, որուն ի վերջոյ հետեւեցաւ այդ նոյն նախարարական տուներու կորուստը: Հետեւաբար, վերեւ նշուած թուականներուն առողջ ընկալումը յոյժ կարեւոր նշանակութիւն ունի ներկայի հայ պետական մտածողութեան եւ հուսկ՝ հայկական պետականութեան կերտման եւ ազգային գիտակցութեան ամրապնդման գործընթացին վրայ: Դժբախտաբար, փոխանակ այս թուականները դիտարկելու որպէս իրարու շաղկապուած եւ զիրար լրացնող երեւոյթներ, ընդհակառակը, պատեհապաշտ առաջնորդներու կողմէ ծառայեցուած են ներքին պառակտումներ եւ թշնամական զգացումներ հրահրելու համար, որու պատճառաւ ունինք այսօրուան տխուր իրավիճակը:

1918 Մայիս 28

Սկսինք 1918 թուի Մայիս 28-ի օրինակով: 1045 թուին Բագրատունեաց թագաւորութեան անկումէն եւ 1375-ին Կիլիկեան թագաւորութեան անկումէն ետք, առիթը ներկայացաւ մեզի վերահիմնելու մեր պետականութիւնը եւ դառնալու ինքիշխան: Մոռնանք թէ ինչպիսի՜ լորձնաշուրթն բառերով մեր ժամանակակիցները կը բնութագրեն անոր ծնունդը եւ խօսքը տանք այդ օրուան առաջնորդներուն:

Ըստ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան առաջին վարչապետ՝ Յովհաննէս Քաջազնունիի, «Պէ՞տք էր արդեօք անկախութիւն յայտարարէինք, ի վիճակի՞ էինք արդեօք սեփական պետութիւն կազմելու ու ապա պահելու զայն… Պարապ հարցեր են սրանք: 1918 Թ. Մայիս ամսի վերջի օրերին այդպիսի հարցեր չէր կարելի դնել: Ընտրութիւններ անելու տեղ չէր մնացել: Պատմութիւնը բերել կանգնեցրել էր մեզ մի որոշ գծի առջեւ. պէտք է յանդգնութիւն ունենայինք անցնել վրայից, եթէ չէինք ուզում խորտակուել: Պէտք է տէր դառնայինք մեր հայրենիքին, ապա թէ ոչ կը կորցնէինք այն, գուցէ անդառնալիօրէն: Եթէ տատանուէինք, եթէ ուշացնէինք մեր յայտարարութիւնը, Հայաստան կը մնար res nullius (ոչ ոքի պատկանող իր) ու իբրեւ այդպիսին, բաժին կը դառնար հարեւաններին. թուրքերին, վրացիներին, ազրպէյճանցիներին: Մայիսի 28-ին, ուշ գիշերով, Ազգային կենդրոնական Խորհուրդը վճռեց յայտարարել Հայաստան անկախ հանրապետութիւն եւ իրան՝ գերագոյն իշխանութիւն Հանրապետութեան: Այդպիսի լիազօրութիւն Խորհուրդը չէր ստացած Ազգային Համագումարից, բայց կանգ չառաւ ձեւական արգելքի առջեւ ու յետագայում ոչ ոք մտքով չանցկացրեց մեղադրել նրան. այնքան պարզ էր ամէնքի համար, որ ուրիշ ելք չկար:»

Ըստ ՀՀ երկրորդ վարչապետ՝ Ալեքսանդր Խատիսեանի, «Մեզ իրապէս ուրիշ ելք չէր մնար, բայց եթէ մեր կողմէ եւս յայտարարել Հայաստանի անկախութիւնը: Բախտորոշ դեր կատարեց այն վերջնագիրը, զոր մենք ստացանք նոյն գիշերն իսկ (Մայիս 25, 1918. ՅՏԴ) Թուրքերու կողմէ: Երեք օր ժամանակ կու տար վերջնագիրը, ընդունելու այն դաժան պայմանները, զորս թրքական պատուիրակութիւնը ներկայացուցած էր Պաթումի խորհրդաժողովի առաջին նիստին իսկ (Մայիս 11, 1918. ՅՏԴ), փակ ծրարով:»

Ըստ ՀՀ չորրորդ եւ վերջին վարչապետ՝ Սիմոն Վրացեանի, «Ցնծութեան աղաղակներով ու ծափերով չընդունուեց հանրապետութեան ծնունդը: Ընդհակառակը, շատերի համար նա նկատւում էր անժամանակ ծնունդ: Հիւանդ երեխայ աշխարհ բերած մօր պէս, հայ ժողովուրդը գլուխ էր ծեծում սգաւոր՝ շշնջալով . «Դու իմ եւ ուրախութիւնն ես, դու՝ դժբախտութիւնը իմ …» Այո՛, անցունքի եւ տառապանքի ծովից ծնուեց Հայաստանի անկախութիւնը: Ոմանք չէին հաւատում նրան. անկախութիւն ու հանրապետութիւն բառերը դնում էին չակերտի մէջ: Եւ այդպէս վարուելու հիմքերը շատ էին զօրաւոր. Իրօք որ, զարհուրելի էին պայմանները, եւ անկախութիւնը այդ պայմաններում թւում էր հեգնանք:»

Ինչպէս կը տեսնենք, շատ դժուարին պայմաններու մէջ ծնունդ առաւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութիւնը եւ կը սպասուէր, որ հարիւրամեակներով օտարի իշխանութեան տակ տառապած հայ ժողովուրդը լաւագոյնս պէտք է գիտակցէր զայն պահելու եւ ամրացնելու կարեւորութեան: Դժբախտաբար այդպէս չեղաւ: Ի՞նչու: Որովհետեւ չունեցանք բարձր տեսլականի տէր առաջնորդներ, որոնք ժամանակի թոհուփոհին ընդմէջէն ճիշտ կողմնորոշուելու կարողութիւնը ունենային եւ չունեցանք ազգասէր առաջնորդներ, որոնք հայրենիքի  շահերը  աւելի գերադասէին իրենց անձնական եւ հատուածական շահերէն: Խօսքը տանք Քաջազնունիին. «Անհերքելի ճշմարտութիւն է, որ Հայաստանի դրութիւնը  եղել է բացառիկօրէն ծանր ու մեր աշխատանքի պայմանները՝ բացառիկօրէն անբարեյաջող: Բայց անհերքելի է եւ այն –անհերքելի է գոնէ ինձ համար- որ սրա վրայ աւելացել է նաեւ մեր սեփական անկարողութիւնը, պետական գործեր վարելու անձեռնհասութիւնը: Եթէ ճիշտ է, որ կառավարել՝ ասել է նախատեսել, ապա ուրեմն մենք միանգամայն անպէտք կառավարիչներ ենք եղել, որովհետեւ հէնց այդ նախատեսելու ընդունակութիւնն է, որ չենք ունեցել բնաւ… Չենք կարողացել տարբերել պետութիւնը կուսակցութիւնից ու կուսակցական մտայնութիւն ենք մտցրել պետական կեանքի մէջ: Պետական մարդիկ չէինք մենք… Պարլամենտ չկար Հայաստանում, մի դատարկ ձեւ էր առանց պարունակութեան: Պետական հարցերը քննութեան էին առնւում ու լուծւում դռնփակ, դաշնակցական ֆրակցիայի սենեակում, ու ապա յայտարարուում պարլամենտի ամբիոնից: Իրօք չկար եւ պարլամենտական ֆրակցիա, որովհետեւ սա դրուած էր Դաշնակցութեան բիւրօյի խիստ հսկողութեան տակ ու պարտաւոր էր կատարելու նրա հրամանները: Չկար եւ կառավարութիւն. սա եւս ենթարկուած էր բիւրօյին, բիւրօյի մի տեսակ գործադիր մարմինն էր պետութեան մէջ: Բօլշեւիկեան սիստեմ էր սա: Բայց այն, որ բօլշեւիկները անում են հետեւողականօրէն ու բացայայտ, մենք աշխատում էինք քօղարկել դեմոկրատական ձեւերի տակ:»

Վերեւ նշուած պայմաններու տակ, հազիւ 2.5 տարուան կեանք ունեցաւ մեր առաջին հանրապետութիւնը:

1920 Նոյեմբեր 29

Այս պարագային ալ մոռնանք, թէ տասնամեակներով ինչպիսի՜ ածականներու արժանացաւ Հայաստանի Բ. Հանրապետութիւնը եւ ինչպէ՞ս կ’ընկալուի ան նոյնիսկ այս օրերուն: Կան մարդիկ, որոնք կը շեշտեն թէ նոյնիսկ ճիշտ չէ Հայաստանի Բ. Հանրապետութիւն բնութագրումը տալ Խորհրդային Հայաստանին, որովհետեւ անկախ պետականութիւն չէր ան: Իրաւականօրէն ճիշտ են անոնք, բայց հարցին պէտք է նայիլ աւելի հիմնական տեսանկիւնէ մը, որ լաւագոյնս նկարագրած է 20րդ դարու մեր մեծագոյն պետական մտածողութեան այրերէն՝ Յովհաննէս Քաջազնունին, 1923-ին ՀՅԴ-ի արտասահմանեան մարմիններու խորհրդաժողովին ներկայացուցած իր զեկուցագրին մէջ:

«Անկախ չէ Հայաստան… Բայց մի՛թէ մենք երբեւիցէ կարծե՞լ ենք, թէ կարող ենք կազմել իսկապէս անկախ (այս եւ յետագայ ընդգծումները Քաջազնունիի կողմէ են. ՅՏԴ) պետութիւն: Մի՛թէ չգիտէի՞նք նոյն իսկ մեր ոգեւորութեան ու արբեցման գագաթնակէտին՝ որ անկախ չենք կարող լինել, որ անխուսափելիօրէն «կախուած» պիտի լինենք մէկից… Ի հարկէ, գիտէինք եւ այդ գիտակցութեան հետեւանքով էր, որ պետութիւն կազմելու առաջին իսկ օրից այնքա՜ն որոնեցինք մի «մանդատէօր»: Հարցը նրանումն էր միայն, թէ ո՞ր աստիճանի կախուած պիտի լինենք եւ ումի՞ց: Հարցը լուծուեց յօգուտ Ռուսաստանի եւ Հայաստանի պետական անկախութիւնը սահմանափակուեց Մոսկուայի շատ ակտիւ վերահսկողութիւնով: Գուցէ մեզ համար գերադասելի էր Ամերիկան… Բայց պատմութիւնն ունի իր լօգիկան (տրամաբանութիւնը. ՅՏԴ), որ մենք անկարող ենք փոխել. ամենաշատը որ կարող ենք անել (ու պէ՛տք է անենք), դա այն է, որ հասկանանքհաշուի առնենք ու օգտագործենք կարելին:  Խորհրդային Հանրապետութիւնը անկախութեան այն maximumն է, որին ընդունակ է Հայաստան այսօրուայ պայմանների մէջ: Եւ սա քիչ բան չէ: Յամենայն դէպս, այսօր Հայաստանի ներկան ու ապագան ապահովուած է շա՛տ աւելի, քան էր 1920 Թ. Նոյեմբերին, երբ մենք նստած էինք Երեւանում եւ ինքներս էինք վարում պետութիւնը: Յիշի՛ր այն օրերը: Յիշի՛ր, որ օրհասական ժամին, երբ մենք սպառել էինք արդէն մեր վերջի ոյժերը, բօլշեւիկները ասպարէզ իջան, խորտակեցին մեզ, բայց երկրին պաշտպան կանգնեցին: Սա իրողութիւն է: Իրողութիւն է եւ այն, որ այսօր չկայ ոչ մի ոյժ, որ կարողանար փոխարինել Հայաստանում բօլշեւիկներին:Բօլշեւիկները պէտք են Հայաստանին… Կապելով մեզ Ռուսաստանի հետ, բօլշեւիկները ապահովեցին անկախութեան այն աստիճանն ու այն ձեւը, որոնք միակ հնարինն են այսօրուայ պայմանների մէջ ու դրանով փրկեցին ապագան…Մեր գործն է խոչնդոտ չհանդիսանալ, եթէ մէկը գալիս է անելու այն, ինչ որ չենք կարողացել ու չենք կարողանում անել ինքներս: »

Կարդալէ ու ընկալելէ ետք վերեւի հատուածը, ամէն մէկ սրտցաւ հայ վստահաբար պիտի գիտակցի, որ եթէ սփիւռքահայ ղեկավարներ անսային Քաջազնունիի իրապաշտ եւ ազգասէր թելադրանքներուն եւ ըստ այնմ դաստիարակէին շարքերը, փոխանակ իրենց կորսնցուցած իշխանութիւնը վերադարցնելու մարմաջէն տարուած պառակտիչ ու քանդիչ գործունէութիւն ծաւալելու, մարդկային թէ տնտեսական ի՜նչ ահաւոր կորուստներ, եկեղեցական թէ քաղաքական ի՜նչ ահաւոր պառակտումներ խնայուած պիտի ըլլային սփիւռքահայութեան: Անդին, հայ հոգին «սովետականացնող» «Վայաստան»ի մէջ, հակառակ Սթալինեան խժդժութեանց, հակառակ Բ. Աշխարհամարտին տուած մեր անհամեմատօրէն մեծ մարդկային կորուստներուն, հայ կեանքը պիտի բարգաւաճէր ու զարգանար, ինչպէս որ նախատեսած էր Քաջազնունին:  Ժամանակը ցոյց տուաւ, որ սովետական օտար կարգերու տակ աւելի ազգասէր գործունէութիւն ծաւալեցաւ, քան թէ սփիւռքեան ազատ պայմաններու մէջ, ուր ազգայինի պիտակին տակ հատուածական շահեր հետապնդուեցան:

1991 Սեպտեմբեր 21

1923-ին Քաջազնունի կը նախատեսէր՝ «Երբ ներկայ քաղաքական պայմանները փոխուին հիմնովին կամ խոշոր չափերով, հաւանական է, որ Խորհրդային իշխանութիւնը՝ իբրեւ անհարազատ ու անհամապատասխան հայկական իրականութեան, հարկադրուած լինի տալ իր տեղը ուրիշ ոյժերի, ուրիշ քաղաքական ու հասարակական խմբակցութիւնների. նա եւս կատարած ու աւարտած կը լինի իր դերը: Բայց Դաշնակցութիւնը չէ, որ պիտի փոխարինի բօլշեւիկներին: Նոր դրութիւնը նոր պահանջներ կ’առաջադրի: Քաղաքական (ու մանաւանդ յեղափոխական) կուսակցութիւնները չեն կարող կերպարանափոխուել անվերջ, ամէն օրուայ պահանջի համեմատ: Նրանք ծագում են որոշ շրջաններում՝ որոշ գործ որոշ միջոցներով կատարելու համար. երբ դրութիւնը փոխուում է հիմնովին, պէտք է փոխուին եւ քաղաքական խմբումները: Կուսակցութիւնը չի կարող ազատուել իր անցեալից, որքան էլ կամենայ. անցեալը միշտ անդրադառնալու է ներկայի վրայ, կաշկանդելու է այն… Նոր գինին չի կարելի լեցնել հին տիկերի մէջ. գիտէք որ տիկերն էլ կը պատռուեն, գինին էլ կը թափուի:»

1991-ին փլուզուեցաւ Խորհրդային Միութիւնը ու Քաջազնունիի նախատեսած «ուրիշ քաղաքական խմբակցութիւն» մը՝ Հայոց Համազգային Շարժումը եկաւ փոխարինելու բօլշեւիկները: Բայց Դաշնակցութիւնը, որ չէր անսած Քաջազնունիի իրապաշտ մտածողութեան եւ կը համենար իր կուսակցական շահը գերադասելով պետական շահեն, մերթ Քեմալական Թուրքիոյ, մերթ Նացի Գերմանիոյ եւ մերթ Ամերիկեան հովանաւորութեամբ տիրանալ Հայաստանի իշխանութեան, ոխերիմ եւ անխնայ պայքար բացաւ ՀՀՇի դէմ: Հայաստանի Գ. Հանրապետութեան հռչակման նախօրեակին, ՀՅԴ նոյնիսկ դէմ արտայայտուեցաւ Հայաստանի անկախութեան, հակառակ անոր, որ ի տէս Խորհրդային Միութեան սպասուող փլուզման, այլ ընտրութիւն չկար մեր առջեւ, յար եւ նման 1918 Մայիս 28-ի դրութեան:  Եթէ 1918-ին մեր ղեկավարները քաղաքական դաստիարակութեան եւ պետական կեանքի վարժութեան փորձը չունէին, ապա ի՞նչպէս արդարացնել այսօրուան բացթողումները եւ անցեալի փորձէն դասեր քաղելու մեր ներկայ ղեկավարներու անընդունակութիւնը: Եթէ պատմութեան անիւը կարենանք ետ տանիլ մինչեւ 1991 թուականը եւ նոր ուժերն ու հիները, մէկդի դնելով իրենց հատուածական շահերը, առաջնորդուէին մեր պետական գերագոյն շահերով, կրնա՞ք տեսնել թէ ինչպիսի՜ Հայաստան մը կ’ունենայինք այսօր: Կարդացէք Քաջազնունիի հետեւեալ նկարագրութիւնը. «Գործնականօրէն՝ մեր կուսակցութիւնը ձգտում էր իրան ենթարկել, իր հսկողութեան տակ առնել թէ՛ օրէնսդիր մարմինը, թէ՛ կառավարութիւնը: Մենք քաջութիւն չունէինք (ոչ էլ կարողութիւն) բացէ ի բաց կուսակցական դիկտատուրա յայտարարելու. բայց եւ չէինք ուզում մնալ պարլամենտական կարգերի սահմանի մէջ ու փորձ էինք անում իրականացնել Հայաստանում Իթթիհատականների գործելակերպը՝ կուսակցական դիկտատուրա ռամկավարական ձեւերի տակ քօղարկուած:» Նոյնը կարելի չէ՞ ըսել այսօրուան Հանրապետական Կուսակցութեան գործելակերպի մասին: Կրնա՞ք տեսնել թէ ու՞ր կ’երթանք այս ընթացքով:

Փոխանակ ազգի ուժերը համախմբելու յօգուտ մեր պետականութեան զարգացման, ոչ միայն կը խոչնդոտենք զիրար, այլ նոյնիսկ չենք վարանիր դիմել եղբայրասպանութեանց, յանուն մեր հատուածական շահերուն: Կարծէք Ա. Հանրապետութեան եւ Սփիւռքի կազմաւորման տարիներու եղբայրասպանութիւններու պատճառած վնասները  բաւարար չըլլային, Գ. Հանրապետութեան օրով ալ անոնք շարունակուեցան, հասնելու մինչեւ մեր պետականութեան հիմքերը խախտող Հոկտեմբեր 27-ի Ազգային Ժողովի սպանդը: Ի՞նչու համար, Քաջազնունիի օրինակով,  ՀԱՅ մարդը չի խօսիր մեր ղեկավարներուն մէջ. «Հայ մարդն է, որ խօսում է իմ մէջ. ահա ամբողջ բացատրութիւնը իմ մտքի ուղղութեան. ուրիշ գաղտնիք միք որոնի, կը սխալուէք: Հայ մարդն է, որ դատում է իմ մէջ, կշռում, համեմատում ու ընտրութիւն անում: Կուսակցութիւնը ինձ համար արժէք է ունեցել այնչափ միայն, որչափ ընդունակ է եղել վարելու մի որոշ դատ, ո՛չ աւելին: Ինքն ըստ ինքեան՝ իմ պաշտամունքի առարկայ չի եղել կուսակցութիւնը… Հռովմը ինձ համար շատ աւելի թանգ է, քան Կեսարը. աւելի ճիշդը՝ Կեսարը թանգ է այնչափ միայն, որչափ նա պէտք է Հռովմին:»

Լիբանանի Հայկազեան Համալսարանի քաղաքագիտութեան իմ ուսուցիչ՝ Շաւարշ Թորիկեան, 1968-ին կը գրէր. «Ազգը կազմող անհատներուն գլխաւոր յատկանիշը այն է, որ զիրենք հետաքրքրող հիմնական (ընդգծումը իրմէ. ՅՏԴ) հարցերու շուրջ նոյն ձեւով մտածեն: Այս հոգեկան միութեան համար հիմնական է նախ մեր վերջին հարիւր տարուան պատմութիւնը, այսինքն մեր անմիջական անցեալը տալ գիտականօրէն եւ քննականօրէն: Գաղափարական տարբերութիւնները դժբախտաբար գունաւորեցին պատմական մեկնաբանութիւնները, տեղ-տեղ նոյնիսկ խեղաթիւրեցին պատմական դէպքերը: Անցեալի ճշգրիտ ճանաչումովն է որ միայն կրնանք ծրագրել ապագան՝ ազգովին եւ իմաստութեամբ:» Գրեթէ յիսնամեակ մը անցած է այդ թուականէն, բայց դժբախտաբար տակաւին շատ հեռու ենք հասկնալէ եւ իրականացնելէ այդ հիմնական առաջադրանքը՝ ազգովին եւ իմաստութեամբ ծրագրել մեր ապագան: Ե՞րբ պիտի գայ այն օրը, երբ հատուածական քանդիչ մտածողութւինը պիտի փոխարինուի ազգային-պետական կառուցողական մտածողութեամբ: Ե՞րբ պիտի գայ այն օրը, որ հայ մարդը դուրս պիտի գայ անմիջական շահ մը կորզելու իր անձնասէր մտածողութիւնէն եւ գիտակցի որ ինք մէկ մասնիկն է հայ ազգին, որուն բարգաւաճումը լաւագոյն ապաւէնն է իր ապահով ապագային: Ե՞րբ պիտի գայ այն օրը, որ հայ մարդը մե՜ծ ոստում մը կատարէ անձնասիրութիւնէ դէպի ազգասիրութիւն

Հայաստանի Գ. Հանրապետութիւնը 25 տարեկան է, բայց դժբախտաբար մեր պետականութիւնը նահանջի մէջ է: Անցնող 25 տարիներու ընթացքին, երկիրը կիսով պարպուած է իր բնակչութիւնէն եւ մնացածն ալ կքած են միլիառաւոր տոլարներու արտաքին պարտքի տակ: Բացի սակաւաթիւ անհատներէ, որոնք այդ գումարներէն աւելին կեղեքած են երկրէն ու ժողովուրդէն եւ դուրս հանած: Երկրի ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող աղբիւրները (resources) մեծամասնութեամբ անցած են օտարի ձեռքը ու մեզ դարձուցած անոր ենթակայ: Հայաստանի քաղաքացին ապահով ու արժանապատիւ ապագայ չի տեսներ իր իսկ հարազատ հայրենիքին մէջ: Հայ ժողովուրդի երեք չորրորդը ցրուած է աշխարհի տարածքին ու ենթակայ է ձուլման եւ այլասերման:

Ո՞ր օրուան կը սպասենք քննական վերլուծութիւնը կատարելու անցնող 25 տարիներու մեր երթին եւ լուծումներ որոնելու: Ո՞ր օրուան կը սպասենք բարձրաձայնելու, որ ազգովին վտանգուած ենք եւ անյապաղ միջոցներու պէտք է դիմենք վտանգին առաջքը առնելու համար: Ո՞ր օրուան կը սպասենք, որ ՀԱՅ մարդը խօսի մեր մէջ, դատէ, կշռէ եւ ըստ այնմ գործէ:

Ե՞րբ պիտի սթափինք եւ կասեցնենք այս գահավէժ ընթացքը:

 

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment