Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանի Առկայ Տնտեսական Նախատիպը Այլեւս Սպառած է Զինք

Հայաստանի Առկայ Տնտեսական Նախատիպը Այլեւս Սպառած է Զինք

by MassisPost

Այսօր իր պաշտօնին վերանշանակուած փոխվարչապետ Վաչէ Գաբրիէլեանի խօսքով, Հայաստանի առկայ տնտեսական նախատիպը այլեւս սպառած է զինք եւ չի կրնար ապահովել տնտեսութեան յետագայ զարգացումը:

Առաւօտեան, լրագրողներու հետ ճեպազրոյցին՝ Գաբրիէլեանէն  հետաքրքրուեցանք, թէ ինչպէ՞ս եղաւ, որ աւելի քան վեց տարի շարունակ տնտեսական աճ արձանագրած Հայաստանի մէջ յանկարծ կը պարզուի, որ «տնտեսութեան վիճակը չափազանց ծանր է»:

«Թէզը աւելի մանրամասն կը բացուի, իմ տրամաբանութեամբ, պարոն Կարապետեան շեշտեց, որ նախկին զարգացման աղբիւրը սպառած է, եւ անհրաժեշտ են նոր մօտեցումներ, նոր աղբիւրներ՝ յետագայ աճի ապահովման համար։ Խօսքը չի վերաբերիր, որ տնտեսական աճ չէ եղած, խօսքը չի վերաբերիր, որ թիւերը իրական չեն, խօսքը կը վերաբերի զարգացման այն տնտեսական նախատիպին, որ առկայ էր, եւ հարկ է նոր մօտեցում, որ շուտով կը շարադրուի վարչապետի կողմէն»,- ըսաւ Գաբրիէլեան։

Ըստ Ազգային վիճակագրական ծառայութեան, 2009-ի տնտեսական խոր ճգնաժամէն յետոյ՝ 2010-էն 2015-ի ընթացքին, Հայաստանի տնտեսական աճի տարեկան միջինը կազմած է 4 տոկոս: Տնտեսական աճը կը շարունակուի նաեւ այս տարի, երկրորդ եռամսեակը փակած ենք 1.5 տոկոսով: Սակայն, այս թիւերը չխանգարեցին, որ նախորդ չորեքշաբթի, ելոյթ ունենալով Ազգային ժողովին, ընդամէնը մէկ օր պաշտօնավարած վարչապետ Կարէն Կարապետեանը յայտարարէ.- «Մենք պէտք է հասկանանք, որ կախարդական փայտիկ չկայ, եւ այս պահին ես կրնամ ըսել, որ եթէ մենք կ΄ուզենք մեր տնտեսութեան մէջ փոփոխութիւն կատարել, մենք պէտք է համակարգային փոփոխութիւններ կատարենք։ Իսկական մեր տնտեսութեան վիճակը, բաց, ազնիւ կ΄ըսեմ, շատ ծանր է, չափազանց ծանր է»։

Լրագրողները փոխվարչապետին յիշեցուցին նաեւ՝ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի յայտարարութիւնը, երբ օգոստոսին Մոսկուայի մէջ, ընդունելով Հայաստանի նախագահը, անոր շնորհաւորած էր ԵՏՄ-ին անդամակցելէն յետոյ տնտեսութեան 10 տոկոս աճի կապակցութեամբ:

Օրինակ, Հայաստանի ազգային վիճակագրական ծառայութեան նախագահ Ստեփան Մնացականեան չէր կրցած բացատրել, թէ ուրկէ Փութին բերած է այդ թիւը, որմէ յետոյ յայտնի դարձաւ հայաստանեան տնտեսութեան ծանր վիճակը:

Այսօր Վաչէ Գաբրիէլեան յիշեց Ստեփան Մնացականեանին.- «Եթէ դուք կը նշէք, որ պարոն Մնացականեանը չկրցաւ բացատրել, ապա մահկանացուները ինչպէ՞ս կրնան այդ ընել»։

Հարցին, թէ կառավարութիւնը ի՞նչ պիտի ձեռնարկէ՝ հասնելու համակարգային փոփոխութիւններու, փոխվարչապետը պատասխանեց.- «Կը կարծեմ, երբ որ օրէնքով սահմանուած ժամկէտին կառավարութիւնը կը ներկայացնէ ծրագիր, նոր կառավարութեան ծրագրին մէջ այդ հարցերուն պատասխան կ΄ըլլայ»,- ըսաւ Գաբրիէլեան՝ եզրափակելով՝ այս տարի Հայաստանը կ΄ունենայ 2.5 տոկոսէն 3.5 տոկոս տնտեսական աճ:

 

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment