Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ֆրանսայի Հնչակեան Երիտասարդական «Նազարբէկ» Միութիւնը Բողոքի Ցոյցի կը Հրաւէրը

Ֆրանսայի Հնչակեան Երիտասարդական «Նազարբէկ» Միութիւնը Բողոքի Ցոյցի կը Հրաւէրը

by MassisPost

Ազրպէյճանն դարձեալ ինքզինք կը ցուցադրէ Փարիզի փողոցներուն մէջ

Վերջին տարիներուն, «Հայտար Ալիեւ» հիմնարկութեան նիւթական միջոցներով՝ Փարիզի մէջ քարոզչական իրերայաջորդ ձեռնարկներ կազմակերպող Ազրպէյճան, այս անգամ ալ ինքզինք կը ցուցադրէ մայրաքաղաքին 7-րդ թաղամասին մէջ, ամբողջ շաբաթ մը՝ Սեպտեմբեր 17-էն 25: Թաղամասին ընտրութիւնը պատահական չէ. թաղապետուհին է ոմն Ռաշիտա Տաթի՝ Արդարադատութեան նախկին նախարարուհին, որ ծանօթ է Ալիեւ գերդաստանին հետ իր սերտ յարաբերութիւններով: Այդ օրերուն, թաղամասի Ժոֆրը հրապարակը պիտի գրաւուի «Ազրպէյճանի գիւղ»-ին կողմէ:

Այս առթիւ, Հնչակեան Երիտասարդական «Նազարբէկ» միութիւնը հաղորդագրութեամբ մը՝ Սեպտեմբեր 19-ին բողոքի ցոյցի կը հրաւիրէր նշեալ հրապարակին վրայ:

Հաղորդագրութեան մէջ «Նազարբէկ» կ՚ըսէ, թէ՝

«Այս ձեռնարկը ամօթալի է Ֆրանսայի համար, որ ներկայացուցիչն է ժողովրդավարութեան եւ արտայայտութեան ազատութեան, որոնք Ազրպէյճանին անծանօթ երկու ըմբռնումներ են, նկատի ունենալով որ այդ երկրին մէջ 1988-էն 1994՝ 500.000 Հայեր բռնագաղթի, ջարդերու, մահացու ծեծի ենթարկուեցան։

«Այս ձեռնարկը նաեւ ամօթալի է այն իմաստով, որ գովքը կը հիւսուի Հայաստանի սահմանները բռնաբարող, տարեց բնակիչներու ականջը կտրելու չվարանող երկրի մը։ Հուսկ, անընդունելի է, որ ֆրանսացի ընտրեալներ նման ձեռնարկներու աջակցութիւն ցուցաբերեն եւ արտօնեն զանոնք, մինչ գիտենք որ ատրպէյճանական վարչակարգը բռնատիրական է։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 19, ժամը 19-ին, բռնատէր Ալիեւի կինը Մեհրիպան Ալիեւ անձամբ բացումը պիտի կատարէ «Գիւղ»-ին՝ երկրի մը, որ ինքզինք կը ներկայացնէ որպէս «բազմամշակութայնութեան եւ լայնախոհութեան» հող. դիւրին բնութագրում՝ երբ այլեւս բնաջնջելու Հայ չէ մնացած…»։

Այնուհետեւ, երիտասարդական միութիւնը բացման հանդիսութեան առթիւ բողոքի ցոյցի կը հրաւիրէ այդ երկրին դէմ, որ հակահայ քարոզչութիւն կը ծաւալէ:

«Նոր Յառաջ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment