Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Կաշառակերութիւն Դէմ Պայքարելու Համար Անհրաժեշտ են Համակարգային Փոփոխութիւններ

Կաշառակերութիւն Դէմ Պայքարելու Համար Անհրաժեշտ են Համակարգային Փոփոխութիւններ

by MassisPost

Կաշառակերութիւնը Հայաստանի մէջ, համակարգային երեւոյթ է  25 տարիէ ի վեր։ Նման երկարակեցութիւն պայմանաւորուած է քաղաքական իշխանութեան հետ՝ անոր ամուր կապերով։ Փչացածութեան ազդեցութիւնը տեսանելի է ամէնուր։

«Խնդիրներ կը ստեղծէ ոչ միայն տնտեսութեան, այլ նաեւ հանրային բաժանմունքի համար, կը կլանէ հսկայական աղբիւրներ, որոնք կրնային ուղղուիլ աշխատատեղերու ստեղծման եւ զարգացման»,- «Ա1+»-ի հետ զրոյցի ընթացքին, նշած է տնտեսագէտ Ատոմ Մարգարեան։

Փորձագիտական տուեալներով՝ Հայաստանի ՀՆԱ-ի 10 միլիարդ տոլարէն 1.5 միլիարդը ամէն տարի կը փոշիանայ։ Այդ գումարները դուրս կու գան տնտեսական շրջանառութենէն, հանրային շահին ծառայելու փոխարէն՝ յայտնուելով այլ տեղեր։

«Բարձրաստիճան պաշտօնեաներ, որոնք ունին որոշակի լիազօրութիւններ, ունին որոշակի դիրք՝ պետական կարգերու մէջ, ունին գործեր, կը չարաշահեն իրենց պաշտօնական դիրքը, կ΄իրականացեն իւրացումներ՝ պետական գնումներու եւ ելեւմտացոյց համակարգերու միջոցով»,- կը նշէ տնտեսագէտը։

«Խնդիրը քաղաքական է։ Նախ՝ պէտք է ձեւաւորուի լուրջ ծրագրային հիմք ունեցող օրինական իշխանութիւն։ Պէտք է իրականացնել դրամագլուխի համաներում, այսինքն՝ անոնք, որոնք գողցուած միջոցներ են, պէտք է յայտարարագրուին, պետութիւնը պէտք է ընդունի, ճանչնայ որպէս օրինական միջոցներ եւ այդ կէտէն սկսեալ իրականացնէ խստագոյն հաշուառում»,- ելք կ΄առաջարկէ տնտեսագէտ Ատոմ Մարգարեան։

Ըստ անոր՝ այս մէկին զուգահեռ իշխանութիւնը պէտք է վերակազմուի յատկապէս հարկային ու մաքսային ոլորտներուն մէջ։ Կարէն Կարապետեանի նշանակումը Ատոմ Մարգարեանին յոյսեր կու տայ։

«Մասնագիտական ղեկավարման տեսանկիւնէն ան ապացուցած է իր գործունէութեան արդիւնաւէտութիւնը, բայց ինչ որ հիմա իրեն առաջարկուած է եւ ինքը ստանձնած, քաղաքական ղեկավարման ծիրէն ներս է»։

Արդեօ՞ք նոր կառավարութիւնը կրնայ պայքարիլ փչացածութեան դէմ։ Քաղաքացիներու տեսակէտները տարբեր են։

«Կան ոլորտներ, որտեղ հին մարդիկ կը շարունակեն գործունէութիւն ծաւալել ու իրենք փչացած ձեւով կը սարքեն այդ համակարգը, ինծի կը թուի՝ մէկ վարչապետի փոփոխութեամբ ոչինչ չի փոխուիր»։

Կայ նաեւ այսպիսի կարծիք. «Եթէ հասարակաց տան կանանց փոխեն, այդ հասարակաց տունը՝ մշակոյթի օջախ չի դառնար»։

փչացածութիւնը Հայաստանէն արմատախիլ ընել հնարաւոր է, կը պնդեն քաղաքացիները։ Աւելցնելով՝ անոր հասնելու համար անհրաժեշտ են համակարգային փոփոխութիւններ։

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment