Home ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐ ԱՄՆ Գոնկրեսականներ՝ Ժամանակն է Պատժամիջոցներ Սահմանել Ազրպէյճանի Նկատմամբ

ԱՄՆ Գոնկրեսականներ՝ Ժամանակն է Պատժամիջոցներ Սահմանել Ազրպէյճանի Նկատմամբ

by MassisPost

«Ժամանակն է, որ պաշտօնական Ուաշինկթընը պատժամիջոցներ սահմանէ Ազրպէյճանի նկատմամբ՝ մարդու իրաւունքներու շարունակական ոտնահարումներու համար»,- երէկ միաձայն պնդեցին Միացեալ Նահանգներու Գոնկրեսին մէջ կազմակերպուած քննարկման մասնակիցները:

Աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան հետեւող Լանթոսի յանձնաժողովը Կապիտոլի մէջ հրաւիրեց՝ «Ազատութիւն» ռատիոկայանի հետաքննող լրագրող, վերջերս կալանքէ ազատած Խատիճա Իսմայիլովային, Պաքուի մէջ, Միացեալ Նահանգներու նախկին դեսպան Ռիչըրտ Կոզլարիչին եւ «Ազրպէյճանի ժողովրդական ճակատ» կուսակցութեան ղեկավար Ալի Քերիմլիի որդուն:

«Կաշառակեր պաշտօնեաներու, դատախազներու ու դատաւորներու հանդէպ թիրախային պատժամիջոցները կրնան շատ արդիւնաւէտ գործիք ըլլալ՝ Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն յարձակողական բռնաճնշումներէն ետ պահելու համար»,- յայտարարեց լրագրող Խատիճա Իսմայիլովան՝ ընդգծելով․- «Ազրպէյճանի համատարած կաշառակերութիւնը միայն ներքին խնդիր չէ, նաֆթատոլարները դուրս կու գան երկրի սահմաններէն՝ հասնելով ԱՄՆ Գոնկրես, Եւրոխորհուրդ ու Եւրոխորհրդարան: Անհրաժեշտ է կանգնեցնել այդ մեքենան՝ յստակ ուղերձներով ու սահմանափակումներով»:

Ազրպէյճանի մէջ երկու շաբաթէ տեղի ունենալիք սահմանադրական հանրաքուէէն առաջ կազմակերպուած քննարկման, ընդդիմադիր «Ժողովրդական ճակատ» կուսակցութեան ղեկավար Ալի Քերիմլիի որդին՝ Թուրքելին պնդեց, որ Իլհամ Ալիեւ այդ փոփոխութիւններով կ΄ուզէ ամրապնդել իր միահեծան իշխանութիւնը՝ հետագային աթոռը ժառանգելով որդուն՝ կրտսեր Հայտարին: «Անհրաժեշտ է յստակ ուղերձ յղել, որ բռնաճնշումներու ու կաշառակերութեան այս քաղաքականութիւնը այլեւս անհնար է հանդուրժել՝ անհատական պատժամիջոցներ սահմանելով Ազրպէյճանի բարձրաստիճան պաշտօնեաներուն նկատմամբ»,- յորդորեց ընդդիմադիր գործիչի որդին՝ աւելցնելով, որ իշխանութիւններու ճնշումները ընդդիմախօսներէն ու լրագրողներէն հասած են անոնց ընտանիքի անդամներուն ու հարազատներուն:

Մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան վիճակը Ազրպէյճանի մէջ հետզհետէ կը վատթարանայ՝ իր հերթին փաստեց 20 տարի առաջ այդ երկրի ԱՄՆ դեսպանի պաշտօնը զբաղեցուցած Ռիչըրտ Կոզլարիչը: «Ես կ΄ընդունիմ, որ Ազրպէյճան կարեւոր գործընկեր է Ուաշինկթընի համար կենսուժային ոլորտի ու ահաբեկչութեան դէմ պայքարի մէջ, սակայն այդ պէտք չէ ազդէ մեր սկզբունքներուն»,- յայտարարեց ամերիկացի դեսպանը:

«Ռազմավարական յարաբերութիւնները կը պահանջեն ընդհանուր արժէքներ, անոնց թուին են՝ հաւատարմութիւն մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան ու ժողովրդավարութեան: Մինչդեռ Ազրպէյճանի մէջ առաջարկուող սահմանադրական փոփոխութիւնները ա՛լ աւելի կը հեռացնեն երկիրը այս սկզբունքներէն: Անդրաբեմային դիւանագիտութիւնը այս պարագային արդիւնքներ չի տար»,- շեշտեց Ռիչըրտ Կոզլարիչը՝ յորդորելով պաշտօնական Ուաշինկթընին անցնիլ բաց ու հրապարակային քայլերու:

«Անոնց կողքին կրնայ ըլլալ ամերիկեան դեսպանի ժամանակաւոր հետկանչը Ազրպէյճանէն՝ մարդու իրաւունքներու վատթարացող վիճակի շուրջ քննարկումներու նպատակով, այդ խախտումներուն համար պատասխանատու բարձրաստիճան պաշտօնեաներու հաշիւներու սառեցումը կամ վիզաներու արգելափակումը»,- առաջարկեց դեսպան Կոզլարիչը:

Քննարկումը վարող՝ գոնկրեսական յանձնաժողովի համանախագահ Ճէյմս ՄըքԳովերնը հետաքրքրուած է, թէ՝ ի՞նչ կրնայ է ընել միջազգային հանրութիւնը Ազրպէյճանի ժողովրդավարացման նպաստելու համար: «Առաջին հերթին պէտք է չ΄օգնել գործող վարչակազմին՝ կեղծուած ընտրութիւններէն յետոյ այսպէս կոչուած յաղթողին շտապ շնորհաւորելով»,- յայտարարեց Խատիճա Իսմայիլովան՝ աւելցնելով․- «Խիստ հիասթափեցնող է, որ կեղծուած ընտրութիւններէն յետոյ առաջին շնորհաւորանքները կու գան ժողովրդավար երկիրներէ»:

Աւելի քան մէկ ժամ շարունակուած քննարկման աւարտին գոնկրեսական յանձնաժողովի համանախագահ Ճէյմս ՄըքԳովերնը խոստացաւ ստացած տեղեկութիւնները փոխանցել գործընկերներուն: Ան, ի միջի այլոց, մէկն է այն չորս գոնկրեսականներէն, որ շրջանառութեան մէջ դրած են յատուկ բանաձեւ՝ կոչ ընելով պատժամիջոցներ սահմանել Ազրպէյճանի բարձրագոյն ղեկավարութեան հանդէպ` մարդու իրաւունքներու շարունակական խախտումներուն համար:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment