«Օրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան 2017 թուականի «Օրորա» մրցանակի առաջադրումներու փուլը աւարտած է։
2016 թուականի Յունիս 1-են մինչեւ Սեպտեմբեր 9-ը` առաջադրումներու փուլի ընթացքին, ստացուած է 558 յայտ 13 լեզուներով, որոնցմէ 254-ը՝ չկրկնուող թեկնածութիւններ: Առաջադրումներ կատարուած են 66 երկիրներէ, առաւելագոյնը՝ Հայաստանէն, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն, Ռուսաստանէն, Գերմանիայէն, Եգիպտոսէն, Բագիստանէն, Նիգերիայէն, Ֆրանսայէն, Նեբալէն, Քենիայէն, Հնդկաստանէն, Ֆիլիփիններէն եւ Մեծ Բրիտանիայէն։
«Օրորա» մրցանակի երկրորդ տարին արձանագրուած է առաջադրումներու թիւի աճ` մօտ երեք անգամ. 2015 թուականին ստացուած էր 186 յայտ՝ 6 լեզուներով, 27 երկիրներէն եւ ընդգրկած 113 չկրկնուող թեկնածութիւններ։
«Մենք շատ ուրախ ենք, որ ստացած ենք այսքան առաջադրումներ աշխարհի բոլոր կողմերէն,- ըսած է «Օրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան համահիմնադիր Նուպար Աֆեյանը,- ընդամէնը երկրորդ տարին է, իսկ «Օրորա» մրցանակի տեսլականը՝ որ մարդկութիւնը կարող է եւ պէտք է մեծարէ անոնց, ովքեր սեփական կեանքը վտանգելու գինով կը փրկեն ուրիշներուն, նորովի կը զօրանայ։ Միայն նման մարդկանց գոյութեան շնորհիւ է, որ հայությունը` նաեւ իմ ընտանիքը, վերապրած է Հայոց ցեղասպանութիւնը, եւ մեր երախտագիտութիւնը յայտնելու համար է, որ մենք կը ցանկանանք այս մրցանակը կիսել անոնց հետ, ովքեր վտանգին յանդիման՝ կը դրսեւորեն մարդասիրութիւն»։
Առաջադրուած թեկնածութիւնները այժմ կը վերստուգուին գիտակ եւ փորձառու մասնագէտներու խումբի կողմէ, որոնք իրենց հերթին կը ներկայացնեն թեկնածուներու վերջնացուցակը՝ ընտրուած ըստ ցուցաբերուած խիզախութեան, նուիրումի եւ ազդեցութեան։ Լաւագոյնն 20 թեկնածուներու անուններն այնուհետեւ կը փոխանցվին Ընտրող յանձնաժողովին, որն այժմ կը նախագահէ դերասան եւ բարերար Ճորճ Քլունին եւ այդ կազմին մէջ ընդգրկուած են Նոպէլեան մրցանակի դափնեկիրներ Օսկար Արյասը, Շիրին Էբադին եւ Լեյմա Գբովեն, ՄԱԿ-ի Մարդու իրաւունքներու հարցերով նախկին գերագոյն յանձնակատար եւ Իռլանդայի նախկին նախագահ Մերի Ռոբինսոնը, Աւստրալիայի նախկին արտգործնախարար եւ Միջազգային ճգնաժամային խումբի նախագահ ու գործադիր տնօրէն Գարեթ Էվանսը, Նիւ Եորքի Կարնեգի Ընկերակցութեան նախագահ Վարդան Գրիգորեանը, ինչպէս նաեւ ՄԱԿ-ի Մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան Գլխաւոր քարտուղարի նախկին յատուկ ներկայացուցիչ Հինա Ջիլանին։
«Առաջին տարուայ տպաւորիչ արձագանքեն յետոյ այս տարուայ առաջադրումներու մեծ թիւն անչափ խոստումնալից է,- կը նշէ «Օրորա» մրցանակի համահիմնադիր եւ Ընտրող յանձնաժողովի անդամ Վարդան Գրիգորեանը,- մենք լիայոյս ենք, որ կը խթանենք «Օրորա» մրցանակի առաքելութիւնը եւ կը շարունակենք աշխարհի համար բացայայտել 2016 թուականի դափնեկիրի՝ Մարգարիտ Բարանկիցեի նման մարդասերներու ոգեշնչող պատմութիւնները»։
«Օրորա» անդրանիկ մրցանակը շնորհուեց Բուրունդիի «Մեզոն Շալոմ» խնամքի տան եւ REMA հիւանդանոցի հիմնադիր Մարգարիտ Բարանկիցեին։ Խաւարի ու յուսահատութեան պահուն անձնուիրաբար ուրիշներուն օգնելու համար ան դարձաւ «Օրորա» մրցանակի դափնեկիր՝ ստանալով $100,000 պարգեւ եւ հնարաւորութիւնն շարունակելու բարեգործութեան շղթան՝ $1,000,000 մրցանակն ուղղորդելով իրեն գործի ոգեշնչած կազմակերպութիւններուն։ Բարանկիցեն ընտրեց երեք կազմակերպութիւն, որոնք կը պայքարին մանկական աղքատութեան դէմ, օգնութիւն կը տրամադրեն եւ վերականգնման հնարաւորութիւններ կը ստեղծեն փախստական երեխաներու ու որբերու համար։
2017թ. «Օրորա» մրցանակի յաւակնորդներու անունները հանրութեանը յայտնի կը դառնան 2017թ. Փետրուարին, ինչին կը յաջորդէ ապրիլեան միջոցառումներու շարքը՝ մարդասիրութեան ոլորտի գործիչները քննարկումներ կը ծաւալեն աշխարհի ամենահրատապ հիմնախնդիրներու շուրջ, Երեւանի մէջ կը փառաբանուին մարդասիրութիւնն ու մրցանակի յաւակնորդները եւ հանդիսաւոր արարողութեամբ կը յայտարարուի 2017 թուականի «Օրորա» մրցանակի դափնեկիրի անունը։