Թրքական «Kanal 24» կայանը նոր տեսանիւթ մը ցուցադրած է «Ակօս» շաբաթաթերթի նահատակ հիմնադիր Հրանդ Տինքը սպաննած ոճրագործ Օկիւն Սամասթի մասին:
Սամսոն քաղաքի ոստիկանութեան ահաբեկչութեան դէմ պայքարի բաժինէն ներս նկարահանուած տեսանիւթին մէջ կ’երեւայ, թէ ինչպէս Սամասթի շուրջ հաւաքուած մարդիկ կը լուսանկարուին մարդասպանին հետ` խնդրելով անորմէ գեղեցիկ ժպտալ:
Իսկ երբ Սամասթին կը հարցնեն սպանութենէն առաջ իր գործողութիւններուն մասին, ոստիկաններէն մէկը կը գովէ անոր. «Կեցցե՛ս, Օկիւն, առիւծ տղայ»:
Թրքական «Diken» կայքը (ուր յօդուածներով հանդէս կու գայ, նաեւ հայ լրագրող Հայկօ Պաղտատ) կը յիշեցնէ, որ Տինքի սպանութիւններէն ետք մամլոյ մէջ յայտնուած էին թրքական դրօշներով Սամաստի եւ ոստիկաններու լուսանկարներ, որոնք հասարակութեան մէջ քննարկումներու տեղիք տուած էին: Ըստ աղբիւրին՝ 15 Յուլիսին Թուրքիոյ մէջ ռազմական յեղաշրջման փորձէն ետք մեծ թափ հաղորդուած է Տինքի սպանութեան գործով ձերբակալութիւններուն:
Հետաքննութեան ծիրէն ներս ձերբակալուած է ոստիկանութեան եւ «ժանդարմա»ի 10 նախկին եւ գործող աշխատակիցներ, որոնցմէ մէկը կոչումով գնդապետ է:
Յիշեցնենք, որ օրեր առաջ թրքական «A Haber» կայանը հրապարակած էր Տինքի սպանութեան վերաբերեալ 9 տարի առաջ նկարահանուած տեսանիւթ մը: Այդ տեսանիւթին մէջ կ’երեւայ, թէ ինչպէս սպանութեան օրը մարդասպան Օկիւն Սամասթ կ’երթայ դէպի «Ակօս»ի խմբագրութեան շէնք, իսկ այդ պահուն «ժանդարմա»ի 6 ծառայակից կը հետեւին անոր:
Այդ 6 սպաները ձերբակալուած էին 15 Յուլիսի ռազմական յեղաշրջման փորձի կազմակերպման մէջ մեղադրուող Ֆէթուլլահ Կիւլէնի հիմնած համայնքի (FETÖ) հետ կապ ունենալու կասկածանքով: