Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Համաշխարհային Լրատուամիջոցները՝ Աբրահամեանի Հրաժարականի Մասին

Համաշխարհային Լրատուամիջոցները՝ Աբրահամեանի Հրաժարականի Մասին

by MassisPost

Սեպտեմբեր 8-ի կառավարութեան նիստէն յետոյ, Հայաստանի վարչապետ՝ Յովիկ Աբրահամեանի հրաժարականի լուրին մասին, համաշխարհային առաջատար լրատուական գործակալութիւնները եզրակացնելով պատահարը, յայտնեցին, թէ այդ մէկը արդիւնք էր՝ երկրի քաղաքական ճգնաժամին եւ բողոքի զանգուածային ցոյցերուն:

Associated Press գործակալութիւնը կը յայտնէ, որ սպասելի էր այսպիսի քայլ, Երեւանի ոստիկանութեան ՊՊԾ գունդի գրաւումէն յետոյ: Վարչապետի յայտարարութիւնները չեն յստակացուցած, թէ՝ ով կը ղեկավարէ կառավարութիւնը:

Գերմանական dpa գործակալութիւնը իր հերթին, նոյնպէս վարչապետի հրաժարականը կը կապէ երկրի ընդդիմադիր ցոյցերուն հետ։ կը նշեն նաեւ, որ Աբրահամեանի հաւանական յաջորդը՝ Երեւանի նախկին քաղաքապետ Կարէն Կարապետեանն է, որ «սերտ կապեր ունի երկրի ղեկավարութեան հետ»։

Բրիտանական The Independent թերթը, նոյնպէս կը յիշեցնէ բողոքի վերջին ցոյցերուն մասին։ «Այս ամառը Երեւանի բողոքի ցոյցերու՝ 4-րդ ամառն էր։ Իշխանափոխութեան պահանջը շրջանցեց նախորդ բողոքի ցոյցերը, որոնք ուղղուած էին ելեկտրահոսանքի սակագնի բարձրացման, կենսաթոշակային բարեփոխումներու եւ հասարակական երթեւեկի սակագներու բարձրացման դէմ»։

Reuters կը կարծէ, թէ վարչապետի հրաժարականը տեղի ունեցաւ տնտեսութեան զարգացման քայլի անկման եւ բռնութեան աճի հիմքին։ «Փորձագէտներու կարծիքով նոր կառավարութիւնը, ամենայն հաւանականութեամբ ժամանակաւոր բնոյթ կը կրէ , ան վերջնականապէս կը ձեւաւորուի միայն 2017-ի խորհրդարանական ընտրութիւններուն եւ 2018-ին Սերժ Սարգսեանի պաշտօնավարման երկրորդ ժամկէտէն յետոյ, երբ տեղի կÿունենայ լիարժէք անցում կիսանախագահական համակարգէն խորհրդարանական հանրապետութեան»,– կը նշէ գործակալութիւնը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment