Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ուժային Կառոյցները չի պէտք է Իրենց Պարտաւորութիւնը Որպէս Քաղաքացիներուն Վախցնելու Միջոց Օգտագործեն . ԱՄՆ Դեսպան

Ուժային Կառոյցները չի պէտք է Իրենց Պարտաւորութիւնը Որպէս Քաղաքացիներուն Վախցնելու Միջոց Օգտագործեն . ԱՄՆ Դեսպան

by MassisPost

Ուժային կառոյցները եւ կառավարութիւնը պէտք չէ հասարակական անվտանգութիւնն ու կարգը պահպանելու իրենց պարտաւորութիւնը որպէս միջոց օգտագործեն, ինչով կը վախցնեն Հայաստանի քաղաքացիներուն։ Այդ մասին ըսած է Հայաստանի մէջ ԱՄՆ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ռիչարտ Միլսը, որ 5 Օգոստոսին Հայաստանի մէջ ԵՄ պատուիրակութեան գործերու ժամանակաւոր հաւատարմատար Անտրիա   Խալուպովայի հետ միասին հանդիպած է Հայաստանի Հելսինքեան կոմիտէի նախագահ Աւետիք Իշխանեանին :

Դեսպանը նշեց. «Վերջին երկու շաբաթներու ընթացքին Հայաստան մէջ շեշտադրուած է այն կազմակերպութիւններու կարեւորութիւնը, որոնք կը զբաղուին մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան ու մոնիթորինկի հարցերով, որոնցմէ մէկն ալ  Հայաստանի Հելսինքեան կոմիտէն է: Ինչպէս Հելսինքեան կոմիտէն, այնպէս ալ դեսպանատունը խորապէս անհանգստացած են Էրեբունիի դիմակայութեան օրերուն ոստիկանութեան կողմէ ցուցարարներու նկատմամբ անհամաչափ ուժի կիրառման ու իրենց աշխատանքն իրականացնող լրագրողներուն թիրախաւորելու մասին արժանահաւատ հաղորդումներով: Դեսպանատունը  մտահոգուած է, որ տակաւին կը շարունակուին խաղաղ հաւաքներ իրականացնելու ու խօսքի ազատութեան իրենց իրաւունքը իւրացնող քաղաքացիներուն բերման ենթարկելու  մաշտապային դրսեւորումները, ինչը տեղի ունեցաւ նաեւ  առջի երէկ գիշեր, երբ ցոյցի աւարտին 25 ցուցարարներ ոստիկանութեան կողմէ բերման ենթարկուեցան՝ անբացատրելի պատճառներով: Ուժային կառոյցները եւ կառավարութիւնը պէտք չէ հասարակական անվտանգութիւնն ու կարգը պահպանելու իրենց պարտաւորութիւնը օգտագործեն որպէս միջոց՝ Հայաստանի քաղաքացիներուն վախցնելու, որ խաղաղ ցոյցերու  մասնակցելու իրենց իրաւունքը իւրացնեն»:

Աւետիք Իշխանեան ներկայացուցած է Հելսինքեան կոմիտէի իրականացուցած աշխատանքները, յատկապէս, կոմիտէի կողմէ վերջին երկու-երեք շաբաթներու ընթացքին հաւաքներու մշտադիտարկման արդիւնքները, ստացած ահազանգերու եւ բողոքներու ուղղութեամբ ձեռնարկուած քայլերը:

Իշխանեան իր մտահոգութիւնը յայտնած է հաւաքի մասնակիցներու եւ լրագրողներու նկատմամբ իրականացուած բռնութիւններու, Հիմնադիր խորհրդարանի անդամներու, քաղաքացիական աքթիւիսթներու եւ անոնց համակիրներու նկատմամբ իրականացուող հետապնդումներու եւ անոնց իրաւունքներու անհարկի սահմանափակումներու դէպքերու վերաբերեալ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment