Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Գիւմրիի Մէջ Կը Կառուցուի Ժամանակակից Մարզակեդրոն

Գիւմրիի Մէջ Կը Կառուցուի Ժամանակակից Մարզակեդրոն

by MassisPost

Հրաչեայ Ռոստոմեան, Հայաստանի օլիմպիական կոմիտէի գլխաւոր քարտուղար, այսօր յայտարարեց, թէ Հայաստանի օլիմպիական կոմիտէն կը բողոքէ Լոզանի մարզական միջնորդային դատարան, Ռիոյի օլիմպիական խաղերուն՝ հայ ըմբիշ Միհրան Յարութիւնեանի պարտութիւնը՝ փորձելով արծաթի փոխարէն ոսկէ մետալ ստանալ:

«Մենք այնտեղ լուրջ խնդիրներ ունինք: Մենք պէտք է բողոքենք անտարբերութեան համար, բայց անտարբերութիւնը ինքնին մրցավարներու ենթակայական որոշումն է: Մենք միջազգային իրաւաբաններ վարձած ենք: Անոնք հիմա կաշխատին այդ ուղղութեամբ»,- լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ յայտարարեց Ռոստոմեան:

Mihran-HaroutyounyanՅունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի` Հայաստանի հաւաքականի անդամ՝ Միհրան Յարութիւնեանը 31-րդ Օլիմպիական խաղերու եզրափակիչ մենամարտին, ոսկէ մետալին համար կը մրցակցէր սերպ ըմբիշի հետ: Մենամարտի աւարտին հասան 1-1 արդիւնքին, և քանի որ սերպ մարզիկը վերջին կէտը ստացաւ, մրցավարները յաղթանակը անոր շնորհեցին: Հայ մարզիկը կը պնդէր, որ ինք անարդար մրցավարութեան արդիւնքով պարտուած է, մինչդեռ՝ Հայաստանի Օլիմպիական կոմիտէն իր կայքին մէջ նշած էր, թէ «Յարութիւնեան փոխչեմպիոն դարձած է գեղեցիկ և յամառ պայքարի ընթացքին»:

Ընդհանուր առմամբ, Հայաստանի հաւաքականը Պրազիլիայի ամառնային օլիմպիական խաղերուն շահեցաւ 1 ոսկէ և 3 արծաթէ մետալներ: Օլիմպիական կոմիտէի քարտուղարը այս արդիւնքը գոհացնող կը համարէ՝ «Բնականաբար, մենք կարող էինք ընել աւելին, եղան բացթողումներ, եղան այնպիսի բաներ, որ մեր վերահսկողութենէն դուրս էին»:

Այս օլիմպիականին Հայաստանէն պիտի մասնակցէին մեծ թիւով մարզիկներ՝ 33 հոգի, բայց անոնցմէ երկուքը դուրս չեկան: ՀԱՕԿ-ի քարտուղարն ըսաւ, որ պատճառը վնասուածքներն էին: «Մեր մարզիկներն ու մարզիչները ՀԱՕԿ-էն պահած են՝ այդ մէկը, սակայն յետագային աւելի մանրակրկիտ կերպով կը քննարկենք զայն »:

20-ամեայ դադարէն յետոյ Ռիոյի օլիմպիական խաղերուն Հայաստանի համար ոսկէ մետալ նուաճեց ըմբիշ Արթիւր Ալեքսանեանը, որ կը մարզուէր կիսաւեր մարզադպրոցի մէջ: ՀԱՕԿ-ի գլխաւոր քարտուղարը ըսաւ, որ այդ մարզադպրոցը Գիւմրիի տեղական մարմիններու վերահսկողութեան տակ է, իսկ օլիմպիական կոմիտէն, յաջորդ տարի Հայաստանի մարզական մայրաքաղաքին մէջ կը բանայ նոր մարզական կեդրոն՝ «Գիւմրիի մէջ այժմ կը կառուցուի ժամանակակից մարզակեդրոն, ուր ըմբշամարտի, բռնցքամարտի, ծանրամարտի, սամբո-ձյուդոյի կեդրոններ պիտի ըլլան»:

Մամուլի էջերուն քննարկման առարկայ դարձած է նաև 31-րդ օլիմպիական խաղերու ծանրամարտիկ Առաքել Միրզոյեանի մասնակցութիւնը, որ իր ելոյթները աւարտին չի հասցուց: Նոյն կշիռքով հանդէս եկող Աղասի Աղասեանը, ֆեյսպուքեան իր էջին գրած է, որ 85 քկ. կշիռքի լաւագոյնը ինքն էր, իսկ Միրզոյեանը օլիմպիական խաղերուն մասնակցելու հնարաւորութիւն ստացած է անարդար պայքարի շնորհիւ: Նշենք, որ Առաքել Միրզոյեանի հայրը՝ օլիմպիական առաջնակարգ Օգսեն Միրզոյեանն է:

Հայ օլիմպիականներու պարգևատրումը տեղի պիտի ունենայ սեպտեմբեր 18-ին, մետալակիր մարզիկներուն պետութեան կողմէ տրուելիք պարգևներէն բացի, անակնկալ կը մատուցէ նաև՝ Օլիմպիական կոմիտէի ղեկավար՝ Գագիկ Ծառուկեանը, ըստ ՀԱՕԿ-ի գլխաւոր քարտուղարի:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment