Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը այսօր կը նշէ, իր անկախութեան 25-րդ տարեդարձը: Արեան, հերոսական սխրանքներու եւ մեծ զոհաբերումներու գնով իր անկախութիւնը կերտած այս հողատարածքը, ոչ միայն իր ժողովուրդին, այլ համայն հայութեան հպարտութեան արգասիքն է: Գաղտնիք ալ չէ, որ արցախեան գոյամարտի առաջին օրերէն սփիւռքի հայութիւնն ալ, իր տարբեր շերտերով, երանգներով եւ գաղափարական տեսակներով ապրեցաւ ու մաքառեցաւ Արցախով եւ յանուն Արցախի:
Եւ իրաւամբ, հզօր խորհուրդ էր երէկ ու հզօր խորհուրդ կը մնայ այսօր ալ, որ Արցախի մէջ եղող իւրաքանչիւր անկիւնադարձ սրտի տրոփ դառնալով կը հասնի հայութեան ամէնէն հեռաւոր կէտերուն մէջ եղող հայութեան:
Պիտի ըսէք պատմութեան դաս, կամ յաղթանակ կերտած այու հպարտութեան վերջին լաստ: Պիտի ըսէք, ցաւէն ու տառապանքէն, վիշտէն ու գաղթականութիւնէն վերապրած հայութեան վերջին յոյսն էր Արցախը, որուն յաղթանակին ամրագրումը դարձաւ պարտք մեր բոլորի ուսերուն: Այո կան այս բոլորը, սակայն ասոնցմէ վեր եւ անդին, Արցախի հերոսական պատմութեան դրուագներուն մէջ ամրագրուած են, մեր ցեղային խորհուրդի իրական լաստերը:
Արցախը, ինչպէս երէկ այսօր ալ փրկութեան լաստ եղաւ մեզի համար:
Մեր ինքնութեան տագնապներուն, ձուլումի թանձր խաւարին մէջ դուրս ցայտող, իբրեւ յոյսի առագաստ, որուն ապաւինելով մենք նոր խարիսխներ պիտի նետենք:
Արցախը մաքրեց մեր եսը, Արցախը կերպարանք ստացաւ յաղթանակ տարած մարդու հպարտութեամբ ու ատոր համար է, որ ցանկացած դէպքի եւ ցանկացած կրակոցի դիմաց , մենք բոլորս իբրեւ մէկ հայութիւն կը բոլորուինք հասնելու համար անոր բոլոր կարիքներուն:
Այսօր, երբ տարբեր ամպիոններէ եւ տարբեր մակարդակներու վրայ խօսակցութիւններ կը լսուին, որ Արցախի հիմնախնդրին առընթեր զիջումներու նոր փուլ մը պիտի ընթացք առնէ , Արցախի պատասխանը մէկ է ու միահամուռ,որ կ’ըսէ «Այն, ինչը որ արիւնով առած ես սակարկութեան առարկայ չի կրնար դառնալ»:
Այս ոսկեզօծ ճշմարտութեան իրական տէրերը Արցախի հերոս տղաներն են, որոնք իրենց ունեցած ամենաթանկ արժէքով՝ կեանքով պատրաստ են ամրօրէն կառչած մնալ այդ հողին եւ մինչեւ վերջին շունչ պահպանել հերոսական Արցախի սահմանները:
Աւարտին, տեղին է նշել, որ 25 -ամեայ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան զարգացումն ու հզօրացումը, ինչպէս երէկ այսօր ալ պիտի մնայ մեր բոլորին համար անյետաձգելի եւ առաջնային գերխնդիր:
«Արարատ» Պէյրութ