Հալէպի շուրջ եղած մարտերուն ընթացքին զոհուած Յարութ Պաղտոյեանի մարմինը վաղը պիտի յանձնուի հողին: Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Հալէպի իր աղբիւրէն:
Նշենք, որ Ռաքքայի ծնունդ եւ Սուրիոյ պատերազմին պատճառով Հալէպ տեղափոխուած հայ զինծառայողին ճակատագիրը, շուրջ մէկ ամիսէ ի վեր կը շարունակէր մնալ անյայտ: 1992 թուականի ծնունդ Յարութ (հօր անունը՝ Մանուկ) Պաղտոյեան ասկէ շուրջ ամիս մը առաջ անհետացած է: Սուրիոյ բանակի զինուորը ծառայած էր Իտլիպ, Տարայա եւ Դամասկոս քաղաքներուն մէջ, ու ան վերջին անգամ տեսնուած է Հալէպի մէջ:
Նշենք, որ անցնող մէկ ամսուան ընթացքին այս երկրորդ պարագան է, որ կը գրանցուի եւ 3 շաբաթ առաջ Յարութ Քահքէճեան անունով հալէպահայ այլ զինուոր մը նոյնպէս անհետացած էր: Քահքէճեան կը մասնակցէր Հալէպի «Ալ Հըքմէ» վարժարանի շրջանի պաշտպանութեան մարտերուն, եւ անոր հետքը կորսուած է անցնող 1 օգոստոսէն ի վեր: