Ռազմական գործողութիւններու վերսկսման հաւանականութիւնը միշտ առկայ է, աւելին՝ այն բարձր է. «Regnum» գործակալութեան տուած հարցազրոյցին այսպիսի յայտարարութիւն ըրած է ԼՂՀ պաշտպանութեան նախարար Լեւոն Մնացականեանը: Վերջինիս խօսքով՝ հակառակորդի այսօրուայ վարքագիծը թոյլ կու տայ եզրակացնել, որ «ան դեռ ամբողջութեամբ չէ հրաժարած իր մտադրութիւններէն»:
«Հետեւաբար ապագային որեւէ պահու հնարաւոր է ռազմական գործողութիւններու վերսկսում: Այդուհանդերձ, ապրիլեան պատերազմը որոշ զսպիչ ազդեցութիւն ունեցած է հակառակորդի վրայ: Այդ մէկը կ’երեւի նաեւ անոնց կայտառութիւններէն. Եթէ նախապէս անոնք կ’ըսէին, որ յաղթանակ պիտի տանին երեք օրուայ ընթացքին, ապա այժմ նման յայտարարութիւններ այլեւս չեն հնչէր, եւ ես յոյսով եմ, որ անոնք վերջնականապէս կը հրաժարին իրենց մտադրութիւններէն»,- «Regnum»-ի հետ զրոյցին նկատած է Մնացականեանը: