ՀԲԸՄ Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանը հպարտութեամբ կը յայտարարէ իրաւաբան Տիրան Օհանեանի ատենապետի նշանակումը վարժարանի հոգաբարձական կազմին: Պրն. Օհանեան վերջին տասնամեակին մաս կը կազմէր հոգաբարձութեան, իսկ վերջին տարիներուն կը վարէր նաեւ փոխ-ատենապետի պաշտօնը։ Հոգաբարձական կազմը 25 տարիներէ իվեր կը գլխաւորէր Պրն. Սինան Սինանեան:
Պրն. Սինանեանի ղեկավարութեան տակ ՀԲԸՄ Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանը անցաւ յաջողութեան տարբեր հանգրուաններէ, ապահովելով կենսունակութիւն, երկարակեցութիւն եւ որակ: Այս շրջանին է, որ դպրոցը տեղափոխուեցաւ Քանոկա Փարքի իր այսօրուան տարածքը, որ յագեցուած է արհեստագիտական վերջին նորութիւններով, համացանցային արագ կապով եւ SMART Board-ով: Այս տարիներուն կառուցուեցան նոր մասնաշէնքերը, եղան վարչական փոփոխութիւններ պաշտօնէութեան եւ ուսուցչական կազմի: Մեծ թափ ստացան յարաբերութիւնները գաղութի հայկական կեանքին հետ, եւ դեռ աւելին: Պրն. Սինանեան պիտի մնայ դպրոցին գործօն մէկ անդամը, մասնաւորաբար իր երեք թոռնիկներուն ներկայութեան՝ որոնք իրենց կրթական ճանապարհորդութիւնը սկսած են դպրոցէն ներս:
2016-2017 ուսումնական տարեշրջանի բացման արարողութեան ընթացքին, որ տեղի ունեցաւ վարժարանի Նազարեան սրահին մէջ Չորեքշաբթի, Օգոստոս 17-ին, Պրն. Սինանեան ողջունեց Պրն. Օհանեանին նշանակումը Հոգաբարձութեան ատենապետի պաշտօնին, կարեւորելով անոր նուիրումը դպրոցին, յանձնառութիւնը հայ համայնքին եւ հմտութիւնը՝ ղեկավարելու ունակութեան մէջ:
Պրն. Օհանեան երկարամեայ անդամ է Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան եւ բաժնետէր ու գործադիր տնօրէնը՝ իրաւաբանական Knapp, Petersen & Clarke հաստատութեան, ուր մասնագիտացած է ներկայացնելով միջազգային, ամերիկեան եւ տեղական ընկերակցութիւններ, ինչպէս նաեւ արհեստավարժ մարզիկներու առեւտրական գործարքներու շահեր, խնդիրներ եւ գոյքային հարցեր: Պրն. Օհանեան 16 տարեկանին միացած է ՀԲԸՄ-ի Սան Ֆերնանտօ Հովիտի պասքէթպոլի ծրագիրին, որուն միջոցով ան իր ներդրումը բերած է հայ համայնքին: ՀԲԸՄ-ի Հարաւային Քալիֆորնիոյ Շրջանակային Յանձնաժողովին մաս կազմելէ ետք, շուրջ տասը տարի առաջ ան միացաւ Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանի Հոգաբարձութեան կազմին: Պրն. Օհանեան 1991-էն իվեր մաս կը կազմէ Քալիֆորնիոյ իրաւաբաններու ընկերակցութեան՝ USC-ի իրաւաբանական Կուլտ դպրոցէն շրջանաւարտ դառնալէ ետք: Ան նաեւ շրջանաւարտ է UCLA-էն տնտեսագիտութեան մէջ մագիստրոս արուեստից տիտղոսով:
Պրն. Օհանեան եւ տիկինը՝ Գոհար, բախտաւորուած են երկու դուստրերով՝ Էմմա (2015-ի շրջանաւարտ) եւ Օլիվիա (2016-ի շրջանաւարտ): Անոնք երկուքն ալ աւարտելով Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանը, ներկայիս կը յաճախեն USC, Marshall School of Business։
Դպրոցի բացման հանդիսաւոր արարողութեան ընթացքին Պրն. Օհանեան շնորհակալութիւն յայտնեց Պրն. Սինանեանին՝ անոր երկար տարիներու ծառայութեան համար, արարողութեան ներկայ՝ Տեմիրճեան բարերար ընտանիքին, անոնց կատարած շարունակական աջակցութեան համար եւ վարժարանի մեծ ընտանիքին՝ որ հնարաւորութիւնը կու տայ ծառայելու որպէս ատենապետը վարժարանին հոգաբարձական կազմին։