Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Իշխանութիւնները կը Փորձեն Տապալել Ընտրական Օրինագծի Մէջ Վերահսկման Մէքանիզներու Առկայութիւնը

Իշխանութիւնները կը Փորձեն Տապալել Ընտրական Օրինագծի Մէջ Վերահսկման Մէքանիզներու Առկայութիւնը

by MassisPost

Քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչի կանխատեսմամբ, վերահսկման մէքանիզմներու ներդրման տապալման պարագային, Հայաստան անտեսած կըլլայ ԵՄ-ի հետ համարկման համաձայնագրի կարեւոր կէտերէն մին:

Իշխանութիւնները կը փորձեն տապալել Ընտրական օրէնսգիրքին մէջ վերահսկման մէքանիզմներու ներդրումը, կը կարծէ «Իրազեկ Քաղաքացիների Միաւորում» հասարակական կազմակերպութեան ղեկավար Դանիէլ Իոաննիսեանը, որ այդ մէքանիզմներու ներդրման շուրջ 4+4+4 ձեւաչափով ընթացած երբեմնի բանակցութիւններու մասնակիցներէն է:

«Իշխանութիւնները կը փորձեն տապալել այս փոփոխութիւնները՝ յղում ընելով գումարի՝ բացակայութեան, կամ այլ հանգամանքներ: Միջազգային հանրութիւնը, նաեւ մենք, կը փորձէինք ամէն կերպ խանգարել այդ տապալումը, եւ վերջաւորութեան իշխանութիւնը կարծես թէ գտաւ ինչ-որ ելք, լեհական կազմակերպութեան վրայ յղում տալով՝ տապալել այս ընտրակեղծարարութիւնը կանխարգելող մէքանիզմներու գործածումը»,- կ’ըսէ Իոաննիսեան:

Ազգային ժողովի խօսնակ Գալուստ Սահակեան նախօրէին քիչ հաւանական համարած էր թէքնիք վերահսկման նոր մէքաանիզմներով խորհրդարանական ընտրութիւններու իրականացումը, պատճառաբանելով՝ առայժմ կայ միայն գումարի խոստում, իսկ սարքաւորումները գնելու համար նախատեսուած այդ գումարը կը տրամադրուի միայն յունուարին: «Գումարը փաստաթուղթով չկայ, բայց խոստումներ կան, այդ խոստումներով կ’ըսեն՝ գումարը կ’ըլլայ, բայց անհրաժեշտ սարքեր կրնանք տրամադրել յունուար ամսուն: Յունուարին եթէ տրամադրեն, բնականաբար, այդ սարքերով ընտրութիւններ չենք կրնար իրականացնել»,- ըսած էր ԱԺ նախագահը:

Իոաննիսեանը կը հակադարձէ՝ գումարի հետ կապուած որեւէ խնդիր չկայ՝ «Գումարի թէ՛ ժամկէտներու հետ կապուած, թէ՛ չափի հետ կապուած որեւէ խնդիր չկայ, իրենք այսպէս կը փորձեն մեղքը Արեւմուտքի վրայ դնել, այն պայմաններու մէջ, երբ Արեւմուտքը ըսած է, որ ինք պատրաստ է այս ամէնը վճարել, եթէ իշխանութիւնները ասոր երթան:

Մատնահետքերու վերահսկման մէքանիզմի փոխարէն, ըստ քաղհասարակութեան ներկայացուցչի, իշխանութիւնները այժմ ալ կ’առաջարկեն հրապարակել ընտրողներու ստորագրած ցուցակները, պահանջ մը, որ տարիներ շարունակ կ’առաջադրէր ընդդիմութիւնը, եւ որ կտրականապէս կը մերժուէր իշխանութիւններու կողմէ:

«Մենք կը կարծենք, այդ բաւարար չէ, որովհետեւ մատնահետքերով նոյնականացումը կը կանխէ բաւական լայն շրջանագիծի ընտրակեղծիքներ, քանի որ ի վերջոյ հնարաւոր չէ այլ մարդու մատ գտնել, որ այդ մատով քուէարկեն: Իսկ ցուցակներու հրապարակումը ընդամէնը յետագայ բացայայտման մէքանիզմ է, բայց սահմանադրական հանրաքուէն ցոյց տուաւ, որ այլ անձի փոխարէն քուէարկելու համար մարդոց ընդամէնը 5-6 հարիւր հազար դրամի տուգանքի կ’ենթարկեն, իրենք պատրաստ են այդ ռիսքին դիմել»,- կ’ըսէ Իոաննիսեանը:

Անոր կարծիքով՝ Ընտրական օրէնսգիրքին մէջ արդէն տեղ գտած են այնպիսի փոփոխութիւններ, որոնց կիրարկման պարագային ընտրատեղամասերուն մէջ կեղծիքներու անհրաժեշտութիւն չ’ըլլար՝ «ԸՕ-ն կարելի է պայմանականօրէն անուանել ուժեղ կուսակցութիւններու օրէնսգիրք: Եւ իշխանութիւններու հաշուարկը, որ պիտի չըլլայ միասնական ընդդիմութիւն, որ կը կարենայ իրապէս մրցիլ իշխանութեան հետ, այդ հաշուարկը կարծես թէ կ’իրականանայ․ մենք չունինք եւ պիտի չունենանք միասնական ընդդիմութիւն»:

4+4+4 ձեւաչափով ԸՕ-ի նախագիծի շուրջ բանակցութիւններուն մասնակցած՝ Կիւմրիի լրագրողներու «Ասպարէզ» ակումբի նախագահ Լեւոն Բարսեղեանը կը կարծէ՝ սխալ էր փոփոխութիւնները ի սկզբանէ արտաքին դրամաշնորհներու հետ կապելը: «Իշխանութիւնները կախման մէջ դրած էր սարքային նորամուծութիւնները արտաքին դրամաշնորհներէ, ինչը կոպիտ սխալ էր եւ Հայաստանի ինքնիշխանութեան հերթական զիջումը: 13 կամ 16 միլիոն տոլարը այն թիւը չէր, որ Հայաստանի իշխանութիւնը չկարենար լուրջ ցանկութեան պարագային այդ գումարը հայթայթել սեփական պիւտճէյէն»,- կ’ըսէ Բարսեղեան:

Անոր խօսքով, բանակցութիւններու ընթացքին եւ անոնցմէ ետք ԸՕ-ի հետ կապուած շատ կարեւոր խնդիրներ մնացած են չլուծուած՝ տեղական ընտրութիւններուն հասարակական նախաձեռնութիւնները չեն կրնար թեկնածուներ առաջադրել, արտերկիր բնակող հայերու քուէարկութեան հարցը չէ լուծուած: «ԸՕ-ի ամենամեծ խոցելի դրոյթը կը մնայ իշխանութեան յորջորջած՝ կայուն մեծամասնութեան կարծրատիպի, որ ցոյց կու տայ, որ Հայաստանի մէջ համամասնական ընտրութիւններու անցում այդպէս ալ տեղի չունեցաւ»,- ըսաւ Լեւոն Բարսեղեանը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment