Կիւմրիի ՌԴ 102-րդ ռազմակայանի N զօրամասին մէջ, Շիրակի մարզի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանը հրապարակեց 2015 Յունուար 12-ին Կիւմրիի մէջ Աւետիսեան ընտանիքի 7 անդամներու սպանութեան մէջ մեղադրուող Վալերի Փէրմիաքով դատավճիռը:
Ըստ «Ազատութիւն» ռատիոկայանին ՝ դատաւոր Յարութիւն Մովսիսեան հրապարակեց, որ դատարանը՝ համադրելով ձեռք բերուած ապացոյցները՝ անոնց համակցութեամբ հաստատուած կը համարէր, որ ան կատարած է իրեն յ առաջադրուած մեղադրանքներով նախատեսուած արարքները:
Դատարանը անոր դատապարտեց ցմաh ազատազրկման` համակցելով նաեւ 175-րդ յօդուածի 2-րդ մասին 3-րդ եւ 4-րդ կէտերով եւ 34-329-րդ յօդուածի առաջին մասով նախատեսուած պատժաչափերը` համապատասխանաբար 12 տարի ազատազրկում: