Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Rasiskaya Gazeta Թերթը Անթոնովի Միացեալ Զօրախումբ Ստեղծելու Մասին Յայտարարութիւնը Զգայացունց Կ’որակէ

Rasiskaya Gazeta Թերթը Անթոնովի Միացեալ Զօրախումբ Ստեղծելու Մասին Յայտարարութիւնը Զգայացունց Կ’որակէ

by MassisPost

Rasiskaya Gazeta-ն, անդրադառնալով Ռուսաստանի պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկուի հայաստանեան այցին, գրած է, որ Երեւանի մէջ Հայաստանի եւ Ռուսաստանի պաշտպանութեան նախարարներու հանդիպումէն ետք Ռուսաստանի պաշտպանութեան փոխնախարար Անաթոլի Անթոնովը զգայացունց յայտարարութիւն կատարած է՝ ըսելով, որ Մոսկուան եւ Երեւանը յառաջիկային կրնան միացեալ զօրախումբի ստեղծման մասին համաձայնագիր կնքել։

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը, ի տարբերութիւն Rasiskaya Gazeta-ին, Անթոնովի այս յայտարարութիւնը զգայացունց չի նկատեր։

Օգոստոս 16-ին, Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան մամուլի խոսնակ Արծրուն Յովհաննիսեան, «Ազատութեան» հետ ունեցած զրոյցին, ըսած էր, որ խօսքն արդէն գործող միացեալ զօրախումբի մասին է։ «Այնտեղ քանակական եւ գործառութային որոշակի փոփոխութիւններ են կատարւում։ Դինամիկ զարգացման գործընթաց է, որը տարիներ շարունակ իրականացուել է», – յայտնած էր Յովհաննիսեան։

Փոխարէնը Rasiskaya Gazeta-ն կը գրէ, որ համաձայնագիրը դեռ չէ ստորագրուած, զինուորականները չեն մանրամասներ, թէ յատկապէս որ ստորաբաժանումները պիտի ընդգրկուին այդ խմբավորման մէջ։

Թերթի տուեալներով՝ միացեալ խմբաւորումը պիտի տեղակայուի Հայաստանի մէջ, անոր կազմին մէջ պիտի մտնեն նաեւ հայկական չորրորդ զօրաբանակը եւ ռուսական 102-րդ ռազմակայանը։

Յիշեցնենք, որ աւելի վաղ Հայաստանն ու Ռուսաստանը հակաօդային պաշտպանութեան (ՀՕՊ) միացեալ տարածաշրջանային համակարգ ստեղծելու մասին համաձայնագիր ստորագրած էին։

Նշենք, որ Ռուսաստանի պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկուն Երեւան ժամանած էր՝ Պաքուէն։ Մոսկուան ու Պաքուն այս օրերուն կը խօսէին արդէն ոչ միայն ռազմատեխնիկական, այլեւ ռազմական համագործակցութեան մասին, թէեւ Ազրպէյճան, ի տարբերութիւն Հայաստանի, ՀԱՊԿ-ին չի՛անդամակիր։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment