Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Սէլինա Տողան Մտահոգ է Պոլսոյ Փոքրամասնութիւններու Դէմ Եղած Ցեղապաշտական Դրսեւորումներով

Սէլինա Տողան Մտահոգ է Պոլսոյ Փոքրամասնութիւններու Դէմ Եղած Ցեղապաշտական Դրսեւորումներով

by MassisPost

Վերջին շրջանին, Թուրքիոյ մէջ փոքրամասնութիւններուն դէմ ցեղապաշտական դրսեւորումներուն եւ քայլերուն առաջքը առնելու նպատակով, ընդդիմադիր Հանրապետական Ժողովրդային կուսակցութեան երկու երեսփոխաններ հայազգի Սելինա Տողան եւ Զէյնեպ Ալթըօք միասնաբար նամակ մը յղած են արդարադատութեան նախարար Պեքիր Պոզտաղին։

Նամակին մէջ երեսփոխանները դիտել կու տան, որ այս շրջանին, երբ այլախոհ կամ տարբեր դիրքորոշումներ ունեցող անձեր բանտ կ՛ուղարկուին, երբ նախագահին ուղղեալ քննադատութիւններու համար դատեր կը բացուին, մաղթելի է ու անհրաժեշտութիւն է, որ անպայման որոշումներ ընդունուին՝ պատժելու համար այն անձերը կամ շրջանակները, որոնք ամբողջ հաւաքականութիւն մը կը նուաստացնեն ու սպառնալիքներով լեցուն յայտարարութիւններ կը հրապարակեն անոր հասցէին։

Խնդրոյ առարկայ նուաստացումներուն եւ սպառնալիքներուն վերջին օրինակները եղած են Ս. Խաչ դպրեվանքի պատերուն վրայ գրուած սպառնական գրութիւնները, ինչպէս նաեւ՝ Յուլիս 15ի զինուորական ձախող հարուածէն ետք կրօնական փոքրամասնութիւններու դէմ ուղղուած հրապարակումներն ու յայտարարութիւնները։

Երեսփոխաններուն յղած նամակին մէջ գրուած է. «Ֆեթհուլլահ Կիւլենի մասին գրուեցաւ, որ հայկական ծագում ունի, ու այդ պնդումներէն ետք, հայ փոքրամասնութիւնը որպէս թիրախ ցոյց տրուեցաւ՝ ճամբայ բանալով այլատեացութեան ու թշնամութեան։ Կարգ մը շրջանակներ այդ պնդումներէն մեկնելով՝ սկսան սպառնալիքներ ուղղելու ոչ-իսլամներու։ Սպառնալիքները հետզհետէ աւելի սաստկացան՝ գետին պատրաստելով վտանգաւոր զարգացումներու։ Պնդուեցաւ, որ Կիւլեն քրիստոնեայ աշխարհին հետ կապեր ունի, տեսակցած է պապին հետ եւ կ՛աղօթէ հրեաներուն նման։ Այսպիսի յերիւրածոյ պնդումներ խիստ վտանգաւոր են ու մտահոգութիւն կը պատճառեն, նկատի ունենալով մանաւանդ անցեալի ցաւալի փորձութիւնները։ Ընկերային ցանցերու մէջ հետզհետէ սաստկացող սպառնալիքները իրենց վերջին դրսեւորումը գտան հայկական վարժարանի մը պատերուն վրայ գրուած «Տանջա՛նք հայերուն. ձեզի Քիւրշաթի քէնը բերած եմ» խօսքերով։

Փոքրամասնութիւնները, զինուորական հարուածի փորձէն ետք, իրենց հաւատարմութիւնն ու զօրակցութիւնը ցոյց տուին իշխանութիւններուն։ Նաեւ եկեղեցիներու եւ սինակոկներու մէջ աղօթեցին նահատակներու հոգիներուն համար։ Բայց այսպիսի վտանգաւոր զարգացումներ վնաս կը պատճառեն հասարակաց հաշտութեան։ Կը յուսանք, որ արդարադատութեան նախարարը անպայմա՛ն մօտիկ հետաքրքրութիւն ցոյց կու տայ այս նիւթին»:
Լուրի աղբիւր՝ «Ժամանակ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment