Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ինչպէ՞ս Ծախսուած Են Ապրիլեան Պատերազմէն Ետք Բացուած Հաշուեհամարի Գումարները. Տեղեկանք

Ինչպէ՞ս Ծախսուած Են Ապրիլեան Պատերազմէն Ետք Բացուած Հաշուեհամարի Գումարները. Տեղեկանք

by MassisPost

Ապրիլ 4-էն Արցախի մէջ բացուած յատուկ հաշուեհամարէն մինչեւ օրս փոխանցուած է 4 միլիարդ 661 միլիոն դրամ, որմէ՝ Յուլիս 1-ի դրութեամբ, ծախսուած է 2 միլիարդ 101 միլիոն դրամ: Ստորեւ կը ներկայացնենք յատուկ հաշուեհամարէն մինչեւ Յուլիս 1-ը կատարուած ծախսերու վիճակագրութիւնը` ըստ ԼՂՀ կառավարութեան տրամադրած տեղեկանքին.

– փոխանցում ԼՂՀ պաշտպանութեան նախարարութեան՝ 597,826,000 ՀՀ դրամ: Այդ միջոցները տնօրինած է պաշտպանութեան նախարարութիւնը՝ ըստ իր կարիքներուն եւ առաջնահերթութիւններուն:

– ռազմական նշանակութեան տեխնիկայի եւ սարքաւորումներու ձեռքբերում՝ 736,529,100 ՀՀ դրամ:

– ինժեներական աշխատանքներու կատարում՝ 356,452,800 ՀՀ դրամ: Այս աշխատանքները ներառել են դիրքերու ամրացում, խրամուղիներու քանդում, թիկունքային ճանապարհներու կառուցում/բարեկարգում, հակատանկային փոսերու ցանցի բարելաւում եւ այլն:

– ՊԲ կարիքներու համար ենթակառուցուածքներու, փոխադրամիջոցի եւ կապի ծառայութիւններու ու գլխաւոր ծախսերու իրականացում՝՝ 198,859,700 ՀՀ դրամ: Այս ծախսերուն միջոցով բարելաւուած են առաջնագծին սպասարկող ենթակառուցուածքները եւ արդիականացուած են կապի միջոցները:

– զօրակոչուած քաղաքացիներուն եւ կամաւորականներուն դրամական աջակցութեան տրամադրում՝ 532,372,100 ՀՀ դրամ:

Ֆինանսական աջակցութիւն տրուած է միայն ԼՂՀ գրանցում ունեցող այն կամաւորներուն,որոնք կա՛մ գործազուրկ/ինքնազբաղուած էին եւ որոշակի եկամուտ կորսնցուցած են կամաւորութեան ընթացքին, կա՛մ հաստատագրուած գումարի չափէն (օրական 5,000 ՀՀ դրամ) աւելի ցած աշխատավարձ կը ստանային, թէեւ իրենց աշխատավարձերը պահպանուած էին կամաւորութեան ժամանակահատուածին: Այսինքն՝ կամաւորներն իրենց մատուցած ծառայութեան դիմաց ստացած են օրական 5,000 ՀՀ դրամ փոխհատուցում՝ ներառեալ աշխատողներու աշխատավարձերը:

Բացի կառավարութեան յատուկ հաշուեհամարում հաւաքագրուած գումարներով կատարուած աշխատանքներէն, տարբեր ֆիզիկական եւ իրաւաբանական անձեր եւս առանձին աջակցութիւն ցուցաբերած են յատկապէս տեխնիկական միջոցներու, մեքենաներու եւ անհրաժեշտ այլ պարագաներու տրամադրման տեսքով:

Իսկ ինժեներական աշխատանքներու զգալի մէկ մասը կատարուած է շինարարական մասնաւոր ընկերութիւններու կողմէ՝ կառավարութեան մասնակի ֆինանսաւորմամբ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment