Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստան եւ Ռուսաստան Միացեալ Զօրախումբ Պիտի Ստեղծեն

Հայաստան եւ Ռուսաստան Միացեալ Զօրախումբ Պիտի Ստեղծեն

by MassisPost

Հայաստան  եւ  Ռուսաստան կը պատրաստուին միացեալ     զօրախումբ    ստեղծելու վերաբերեալ   համաձայնագիր   կնքել:  Այս մասին     յայտարարութիւնը  կատարած է  Ռուսիոյ   պաշտպանութեան փոխնախարար Անատոլի Անտոնով, այսօր Երեւանի մէջ կայացած երկու երկիրներու  պաշտպանութեան նախարարներ Սէյվրան Օհանեանի եւ  Սէրկէյ  Շոյկուի  կայացած բանակցութիւններէն   ետք:

Ռուսաական «Թասս» լրատուական գործակալութիւնը, որ ներկայացուցած է  Անտոնովի խոսքերը, նաեւ  յայտնած է, որ    համատեղ  զօրախումբ ստեղծելու  մասին համաձայնագիրը կը գտնուի իր վերջին փուլին մէջ:

«Խօսքը արդէն գործող միացեալ զօրախումբի մասին է, որուն  առընթեր քանակական եւ  գործառոյթային որոշակի փոփոխութիւններ  կը կատարուին,  տինամիկ զարգացման գործընթաց է եւ տարիներ շարունակ իրականացուած  է:  Այդ  մասին է խոսքը», – «Ազատութիւն» ռատիոկայանին   հետ զրոյցի  ընթացքին  պարզաբանած է Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարի մամլոյ քարտուղար՝ Արծրուն  Յովհաննիսեան:

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան տրամադրած տեղեկութեան համաձայն, դեռ 2000թ․ Սեպտեմբերին Սոչիի մէջ  Հայաստանի ու Ռուսաստանի միջեւ  կնքուած  է զօրքերիհամատեղ կիրառման մասին համաձայնագիր, որուն  հիման վրա ալ  ստեղծուած է զօրքերու  միացեալ խմբաւորումը: Ըստ փաստաթուղթին, խմբաւորման նպատակն է՝ ընդհանուր հրամանատարութեան ներքեւ  լուծել Հայաստանի ու Ռուսաստանի համատեղ պաշտպանութեան խնդիրները:  Խմբաւորումը բաղկացած է Հայաստանի և Ռուսաստանի զինուած ուժերու զորամասներէն, տեղակայուած է Հայաստանի մէջ , հրամանատարն է հայկական զինուած ուժերու ներկայացուցիչ գեներալ-մայոր Անդրանիկ Մակարեանը, որ նախագահ Սարգսեանի հրամանագրով անցեալ  ամիս նշանակուած էր  այդ պաշտոնին:

Նշենք, որ Սէյրան Օհանեանի ու Սերկէյ Շոյկուի  գլխաւորած պատուիրակութիւնները հանդիպեցան  այսօր առաւօտեան՝ Երեւանի  մօտ գտնուող և «Բարգավաճ Հայաստան» կուսակցութեաննախկին  առաջնորդ Գագիկ Ծառուկեանին պատկանող «Մուլթի գրանդ» հիւրանոցին մէջ:   Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան փոխանցմամբ, հանդիպմանը քննարկուած են  միջազգային և տարածաշրջանային անվտանգութեան ապահովման, երկկողմ ռազմական համագործակցութեան հարցերը:

Նշենք, որ Ռուսիոյ  պաշտպանութեան նախարարը Երեւան հասած էր մասնակցելու  «Մուլթի գրանդ» հիւրանոցին մէջ  այս  առաւօտ  մեկնարկած ՀԱՊԿ երկրներու  պաշտպանութեաննախարարներու  խորհուրդի նիստին: Դաշինքի ռազմական գերատեսչութիւններու ղեկավարները քառօրեայ  պատերազմէն  յետոյ   առաջին անգամն է, որ կը հաւաքուէին:  Կը նշուի նաեւ,  որ Հայաստանի անվտանգութեան առնչուող  սպառնալիքներուն մասին  որեւէ  հրապարակային անդրադարձ չէ  եղած:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment