Թէեւ ընտրական օրէնսգիրքի փոփոխութիւնները կեանքի կոչելու համար անհրաժեշտ գումարը առկայ է, իշխանութիւնները կը պնդեն, որ արհեստագիտական խնդիրներու պատճառով դեռ յստակ չէ՝ արդեօք հնարաւոր կը դառնա՞յ այդ բարեփոխումները իրականացնել մինչեւ խորհրդարանական ընտրութիւններ, թէ՝ ոչ։
Ազգային ժողովի պետական իրաւական յանձնաժողովի նախագահ, հանրապետական Յովհաննէս Սահակեան «Ազատութեան» հետ ունեցած զրոյցի ընթացքին հաստատեց՝ հարցը գումարը չէ, խնդիրները արհեստագիտական են, բանակցութիւններ կը կատարուին եւ բարեփոխումները կեանքի կոչելու հարցը պարզ կը դառնայ Օգոստոսի վերջը:
Վերջնական որոշումը պիտի կայացնէ Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովը, մինչդեռ յանձնաժողովի նախագահ Տիգրան Մուկուչեանը այսօր «Ազատութեան» հետ ունեցած զրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ գումարի ունեցած ըլլալու կամ չըլլալու մասին չի կրնար խօսիլ։
«Մենք նշուած բանակցութիւններին չենք մասնակցել, հետեւաբար ես ո՛չ առկայութեան, ո՛չ բացակայութեան մասին ոչինչ տեղեկացնել չեմ կարող: Ժամկէտ կայ․ ժամկէտը կը լրանայ՝ համապատասխան ժամկէտում մենք բնականաբար եւս հարցում կ՛անենք, կը ճշգրտենք», – նշեց Մուկուչեան:
Բարեփոխուած օրէնքով Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովը մինչեւ սեպտեմբերի 1-ը պէտք է որոշում կայացնէ, այլապէս օրէնքը չեղեալ կը նկատուի: Որոշում կայացնելու համար, ըստ օրէնքի, անհրաժեշտ է՝ «ֆինանսական միջոցների առկայութեան եւ սոյն օրէնքով սահմանւած գործընթացները մեկնարկելու մասին որոշում»: Տիգրան Մուկուչեան, մինչդեռ, կը պնդէ, որ դրական որոշում իրենք կը կայացնեն, եթէ բացի գումարէն նաեւ արհեստագիտական միջոցները ապահովուած ըլլան․ – «Ինչը նշանակում է համապատասխան սարքաւորումների, ծրագրային ապահովման փաթեթների եւ այլնի ձեռք բերման համար եւ դրանով նախատեսուած գործընթացները մեկնարկելու հետ կապւած: Երբ որ այդ ամբողջ հանրագումարը կեանքի կոչուած կը լինի, դրա վերաբերեալ էլ Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովը իր որոշումը կը կայացնի»:
Անհրաժեշտ գումարը մօտ երկու ամիս առաջ արդէն առկայ է, մինչդեռ իշխանութիւնները այդ մասին մինչեւ օրս կը լռէին, կը պնդէ ԲՀԿ առաջնորդ Նայիրա Զոհրապեան՝ աւելցնելով, որ Հայաստանի մէջ ԵՄ դեսպան Փիոթըր Սվիթալսքին իրեն դեռ երկու ամիս առաջ յայտնած է, որ գումարը կայ: Ըստ ԲՀԿ առաջնորդի՝ դեսպանը այդ մասին նաեւ իշխանութիւններուն տեղեկացուցած է։
«Մօտ 18 միլիոն եւրօ գումար արդէն կար դեռեւս 2 ամիս առաջ: Այդ ամբողջ փուլի՝ 10 մատնահետքի, գրանցման ելեկտրոնայնացման, ամբողջ գործընթացի շղթան ապահովելու համար անհրաժեշտ էր 16 միլիոն եւրօ», – յայտնեց Զոհրաբեան:
Այս տարուան Յունիս 30-ին խորհրդարանէն ներս ընդունուած ընտրական օրէնսգիրքի փոփոխութիւններն ուժի մէջ կը մտնեն անհրաժեշտ գումարի առկայութեան եւ գործընթացը մեկնարկելու մասին որոշում ընդունելուն յաջորդող օրուընէ: Փոփոխութիւններու գործընթացը, մասնաւորապէս, կ՛ենթադրէ ընտրողներու մատնահետքերու հաւաքագրում, որ ընտրութիւններու ընթացքին, ըստ ընդդիմութեան, էապէս կը նուազեցնէ կեղծիքներու քանակը։ Ճիշդ մատնահետքերու հաւաքագրման համար իշխանութիւնները անհրաժեշտ գումարը կ՛ակնկալէին նուիրատու կազմակերպութիւններէն։ Փոփոխութիւններով կը նախատեսուի նաեւ, որ ընտրութիւնները կ՛իրականացուին միայն նոյնականացման քարտերով, իսկ ընտրական գործընթացը ուղիղ եթերով կը հեռարձակուի շրջաններէն:
Նայիրա Զոհրապեան վստահ է, որ իշխանութիւնները միտումնաւոր գործընթացը կը ձգձգեն, որպէսզի մատնահետքեր վերցնող կազմակերպութիւնները ժամկէտներու սղութեան պատճառով հրաժարուին աշխատանքէն։
«Ես իրաւունք ունեմ արդէն մտածելու, որ իրենց պէտք չեն ազատ եւ արդար ընտրութիւններ», – յայտնեց Զոհրաբեան:
Ընտրական օրէնսգիրքի մէջ այս փոփոխութիւններու ծրարը հաստատուած էր 4+4+4 ձեւով ընդդիմութեան, իշխանութեան եւ քաղաքային հասարակութեան ներկայացուցիչներու քննարկումներուն արդիւնքով։ Ձեւի հեղինակ՝ ՀԱԿ խմբակցութեան ղեկավար Լեւոն Զուրաբեան տակաւին լուռ է: «Ազատութեան» հետ ունեցած զրոյցի ընթացքին Զուրաբեան յայտնեց, որ կը սպասէ ԿԸՀ-ի կողմէ գումարի առկայութեան հաստատումը։
Դաշնակցութիւնն եւս տեղեակ է արհեստագիտական խնդիրներէն, յայտնեցին, որ յաջորդ շաբաթ քաղաքական ուժերու հետ քննարկումներ կը կատարուին ընդունելի լուծում գտնելու համար։
ԲՀԿ առաջնորդ Նայիրա Զոհրապեանը կը կարծէ, որ իշխանութիւններու պատճառով այս ձեւափոխութիւնը տապալման եզրին է։