Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Թուրքիոյ Մէջ ԻՊ Խմբաւորման Անդամ Ձերբակալուած է՝ Ծնունդով Հայաստանցի

Թուրքիոյ Մէջ ԻՊ Խմբաւորման Անդամ Ձերբակալուած է՝ Ծնունդով Հայաստանցի

by MassisPost

Թուրքիոյ հարաւը՝ Սուրիոյ սահմանակից Հաթայ գաւառին մէջ «Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորման անդամ ձերբակալուած է, որ ծնունդով Հայաստանէն է, կը յայտնէ թուրքական Hurriyet պարբերականը։

Հրապարակման համաձայն, ձերբակալուածին անունը Արթիոմ Ալոյեան է, ան ծնած է Հայաստան, ազգութեամբ եիզտի է, ունի ֆրանսական քաղաքացիութիւն։

Ձերբակալութենէն ետք պարզուած է, որ Ալոյեան ազատ կը տիրապետէ ռուսերէնին, արաբերէնին, հայերէնին, քրտերէնին, անգլերէնին։

Ըստ տեղի իրաւապահներուն, ձերբակալութեան պահուն Ալոյեանին մօտ յայտնաբերուած են Սուրիոյ մէջ նկարուած լուսանկարներ եւ տեսանիւթեր, քարտէզներ, որոնք կ՛ապացուցեն անոր մասնակցութիւնը Սուրիոյ մէջ ընթացող ռազմական գործողութիւններուն։

Ալոյեանին պատկանող ինքնաշարժին մէջ յայտնաբերուած են պայթուցիկ սարքեր եւ նիւթեր, ինչպէս նաեւ հեռակառավարման վահանակներ։

Թրքական լրատուամիջոցները, վկայակոչելով Հաթայ գաւառի իրաւապահներուն տարածած պաշտօնական հաղորդագրութիւնը, կը յայտնեն, որ Ալոյեանի անունն ընդգրկուած է Թուրքիոյ կազմած ահաբեկիչներու անուանացանկէն ներս։ Անոր մուտքը Թուրքիա արգելուած է։

Իրաւապահները նաեւ պարզած են, որ Ալոյեան 2015 թուականին Սուրիա մեկնելէն մի քանի ամիս անց Հալէպի մէջ հրետանային վիրաւորում ստացած է եւ բուժուած։ Բուժուելէն ետք փորձած է մտնել Թուրքիա, մասնաւորապէս, Սթամպուլ, ուր, ըստ հրապարակման, կը բնակի Ալոյեանի ընտանիքը։

Դատարանի որոշմամբ կալանաւորուած Արտիոմ Ալոյեան հարցաքննութեան ժամանակ պատմած է, որ ինք ծնունդով Հայաստանցի է, ազգութեամբ եզիտի, Սոիրիա մեկնած է 2015 թուականին։ Մինչ այդ՝ 2002 թուականին Հայաստանէն արտագաղթածլ է Ֆրանսա, ուր քաղաքացիութիւն ստացած է, ապա 2012 թուականին ընդունած է իսլամութիւն, աւելի ուշ սկսած է ուսումնասիրել «ճիհատ»ը եւ որոշած մեկնիլ Սուրիա եւ պատերազմիլ «Ալ-Նուսրա» խմբաւորման կողմէ։

Նշենք, որ «Ալ-Նուսրա ճակատ»-ը կազմաւորուած է 2012 թուականին՝ Սուրիոյ մէջ քաղաքացիական պատերազմի առաջին ամիսներուն։ Այն ահաբեկչական կազմակերպութիւն հռչակուած է ՄԱԿ-ի անվտանգութեան խորհուրդի Ռուսաստանի, Միացեալ Նահանգներու, Թուրքիոյ, Ֆրանսայի, Քանատայի, Մեծ Բրիտանիոյ եւ շարք մը այլ երկրներու կողմէ։

«Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորման դէմ պայքարի շրջանակներուէն ներս այս զինուած խմբաւորումը 2014 թուականի Օգոստոսէն դարձած է Միացեալ Նահանգներու գլխաւորած զինակցութեան օդային հարուածներու հիմնական թիրախներէն մէկը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment