Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ըստ Gazeta.ru-ի Սարգսեան-Փութին Հանդիպումը Որոշիչ Էր ՀՀ Նախագահի Քաղաքական Ճակատագրին Համար

Ըստ Gazeta.ru-ի Սարգսեան-Փութին Հանդիպումը Որոշիչ Էր ՀՀ Նախագահի Քաղաքական Ճակատագրին Համար

by MassisPost

Ռուսաստանեան մամուլն արձագանքած է Հայաստանի եւ Ռուսաստանի նախագահներ Սերժ Սարգսեանի եւ Վլատիմիր Փութինի մոսկովյան հանդիպմանը:

Վլատիմիր Փութինին հետ ունեցած երեկուան հանդիպումը որոշիչ էր Սերժ Սարգսեանի քաղաքական ճակատագրին համար: Այսպիսի արձանագրութիւն մը կատարած է ռուսաստանեան gazeta.ru պարբերականը՝ «Սերժ Սարգսեան Մոսկուա եկած էր՝ կարգավիճակի ետեւէն» վերնագիրով ծաւալուն յօդուածին մէջ:

Հանդիպումը Սարգսեանի համար շատ կարեւոր էր յատկապէս հիմա․ բոլորովին վերջերս ան ճնշած էր իշխանութիւններուն դէմ զինուած ապստամբութիւնը, կը գրէ յօդուածագիրն ու կը շարունակէ՝ ասոնք առաջին բանակցութիւններն էին Հայաստանի ներքաղաքական սուր ճգնաժամէն ետք, որ մնացած էր վերածուելու ռազմական հակամարտութեան։

Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրն առանցքային է Սարգսեանի քաղաքական ապագայի համար եւ ուղիղ ատոր հետ կապուած էին Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած Յուլիսեան անկարգութիւնները, կը նկատէ gazeta.ru-ն՝ յիշեցնելով, որ զինուած խումբը կըպահանէր Սերժ Սարգսեանի հրաժարականը, «անոնց կարգին՝ նաեւ ղարաբաղեան խնդիրի շուրջ ստեղծուած իրավիճակի պատճառով»: Ու չնայած Սերժ Սարգսեան այդ իրադրութեան մէջ յաղթած է, ան իր դիրքերը մասամբ միայն ամրապնդած է, կը գրէ ռուսական պարբերականը՝ ընդգծելով հանգամանքը, որ Փութինին հետ տեղի ունեցած հանդիպմանը յաջորդած մամլոյ ասուլիսին ՌԴ ղեկավարն իր աջակցութիւնը յայտնեց Սարգսեանին՝ «Սասնայ ծռեր»-ի հարցին կապակցութեամբ: Հրապարակումը կւ յիշեցնէ Փութինի խօսքերը՝ Ռուսաստանն ի սկզբանէ խստօրէն դատապարտած է զինեալներու գործողութիւնները: Պարբերականի տուեալներով, Փութինի եւ Սարգսեանի երեկուան հանդիպումը տեւած է մէկ ժամէն պակաս։

gazeta.ru-ն, ի դէպ, Հայաստանի մէջ փոքրիկ հարցազրոյցներ կատարած է եւ պարզած՝ Հայաստանի քաղաքացիներոն մէկ մը մասը կը նակատէ, որ Փութին ընդամէնը սեփական աշխարհաքաղաքական խնդիրները կը լուծէ եւ հերթական անգամ ան «Սարգսեանի վրայ իր ոտքերը կը մաքրէ»: Պարբերականն այնուհետեւ կը նշէ՝ միակ ճիշդ արդիւնքը, որ կրնար ակնկալել Հայաստանի նախագահը Օգոստոս 10-ին կայացած հանդիպումէ՝ խոստացուած ռուսական զէնքի մատակարարումն էր, սակայն, ասուլիսի ժամանակ Փութինը թէեւ յայտնեց, որ Ռուսասաստանը միշտ կը կատարէ իր պարտականութիւնները, այնուամենայնիւ, յստակ ժամկետներ չնշեց: Gazeta.ru-ն այդ բնագիրին մէջ կը յիշեցնէ Ռուսաստանի նախագահի խօսքերը Ազրպէյճանի մասին՝ «այդ երկիրը հարուստ, նաւթային երկիր է, արագ զարգացող տնտեսութիւն ունի եւ կրնայ զէնք գնել որեւէ երկրէ»:

Ռուսական պարբերականն իր հրապարակման մէջ մէջբերում կաատարած է հայաստանեան «ԱՆԻ» վերլուծական կեդրոնի տնօրէն Թաթուլ Յակոբեանի խօսքը․ վերջինս, «յղում անելով իր հաւաստի աղբիւրին», կ՛ըսէ, թէ Յունիս 20-ին Ս. Փեթերսպուրկի մէջ կայացած եռակողմ հանդիպման առաջարկուած է, այսպէս կոչուած, Լավրովի ծրագիրը, որ կը նախատեսէ Աղդամ, Ֆիզուլի, Ճեպրայիլ, Զանգելան, Ղուբաթլու շրջաններու վերադարձն Ազրպէյճանին՝ Լեռնային Ղարաբաղին տրուելիք որոշակի կարգավիճակի դիմաց, որ թէեւ անկախութիւն չէ, բայց աւելին է, քան իքնավարութիւնը: Ռուսական պարբերականը կ՛եզրակացնէ՝ յուլիսեան ճգնաժամէն ետք դժուար թէ հայաստանէան հասարակութիւնը պատրաստ ըլլայ զիջումներու:

Նախօրէի մոսկովեան բանակցութիւններուն անդրադարձած է նաեւ ռուսական -ը, մասնաւորապէս, նշելով՝ Փութին-Սարգսեան հանդիպումը եկար ժամանակ առաջ էր նախատեսուած է: «Оգոստոսի 8-ին Պաքուի մէջ Իլհամ Ալիեւի հետ բանակցութիւններէն ետք«Քոմերսանթ», որոնց հիմնական թեման ուղիղ Ղարաբաղն էր, Վլատիմիր Փութին չէր կրնար չհանդիպիլ նաեւ իր հայաստանցի պաշտօնակիցին հետ»,- կը գրէ պարբերականը՝ ակնարկելով, որ Պաքուի մէջ տեղի ունեցած բանակցութիւնները, փաստօրէն, մօտեցուցին Ռուսաստանի եւ Հայաստանի ղեկավարներուն հանդիպման օրը: «Քոմերսանթ»-ը, յղում կատարելով իր աղբիւրին, կը գրէ նաեւ, թէ աշխատանքներ կը տարուին՝ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նագահներու նոր հանդիպում կազմակերպելու ուղղութեամբ: «Չի բացառուիր, որ այն կատարուի նոյն ձեւով, ինչպէս ընթացաւ փեթերսպուրկեան հանդիպումը»,- կը գրէ «Քոմերսանթ» պարբերականը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment