Թրքական haberler.com կայքը կը տեղեկացնէ, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռէճէփ Թայէպ Էրտողան, դարձեալ անդրադառնալով Ֆէթհիւլլա Կիւլէնի խնդրին, ըսած է, թէ իրենք մեծ քանակութեամբ փաստաթուղթեր ղրկած է ԱՄՆ իշխանութիւններուն, որոնք կ’ապացուցեն Կիւլէնի մասնակցութիւնը յեղաշրջման փորձին եւ վաղ թէ ուշ ԱՄՆ պէտք է ընտրութիւն ընէ «կամ Ֆէթհիւլլան , կամ Թուրքիան» ձեւաչափով:
«Արդէն 17 տարի է իր երկրին մէջ ապաստան տուած այս վառնոցին, յեղաշրջման ջատագով այս շառլաթանին ԱՄՆ իշխանութիւնները ժամանակն է, որ վերադարձնեն»,- ըսած է Թուրքիոյ նախագահը:
Դիմելով նախագահական նստավայրի առջեւ ժողուած բազմութեան` ան «մահապատիժ կուզենք» վանկարկողներուն ըսած է, որ եթէ Ազգային ժողովը ընդնունի այդ օրինագիծը, ապ ինք պիտի վաւերացնէ այն: Էրտողան ժողովուրդին տեղեկացրած է նաեւ, որ «ժողովրդավարութեան հանրահաւաքները» առայժմ պիտի ընդմիջուին, բայց ընդգծած է ծողովուրդին միասնականութեան անհրաժեշտութիւնը եւ ըսած, որ առկայ տարբերութիւնները պէտք է ստորադասուին հայրենիքին, պատուին եւ այլեւս թոյլ չպէտք է տան, որ ժողովուրդին մէջ պառակտում ըլլայ: