Շատ հաւանական է, որ Հալէպի մէջ տիրող համեմատական հանդարտութիւնը խախտուի եւ կողմերը վերադառնան զինուորական լայնածաւալ գործողութիւններու: Այս մասին կը փոխանցէ արաբատառ «Ալ Սաֆիր» պարբերականը յղում ընելով՝ ռուս բարձրաստիճան զինուորականներու: Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ անցնող օրերուն հակառակ անոր, որ ընդդիմադիր խմբաւորումներ ծանր կորուստներ կրած են, կան տեղեկութիւններ, որ 7000 զինեալներ կը գտնուին, ռազմական գործողութիւններու թէժ թատերաբեմ դարձած քաղաքի հարաւ-արեւմտեան շրջաններուն մէջ:
Աղբիւրը նաեւ կը փոխանցէ,որ ինչպէս մօտիկ անցեալին եղած է, այսօր ռուսական կողմը մտադիր չէ դադրեցնել մարտական գործողութիւնները եւ այդ իսկ պատճառով ներկայիս կը գործեն մարդկային 7 անցքեր, որոնց միջոցաւ հեռանալ ուզող զինեալները կրնան հեռանալ եւ շրջանին եղող ծանր վիճակներու մէջ եղող քաղաքացիներուն համար կ’ապահովուի անվտանգ ելքի ճանապարհ մը:
Կը հաղորդուի նաեւ, որ իր կարգին Սուրիոյ ազգային բանակը յաւելեալ կուտակումներ կը կատարէ եւ կը պատրաստուի շատ հաւանաբար յառաջիկայ օրերուն ծաւալելիք պատերազմական մարտերուն: Ըստ ռուսական բանակին մէկ բանբերին , իրենց տնօրինումով Հալէպի մէջ օրական 3 ժամով հրադադարի ռէժիմ պիտի գործէ:
Հալէպի մէջ Ծանրօրէն Վիրաւորուած է Սագօ Գույումճեան
Հալէպի մէջ ծանրօրէն վիրաւորուած է Սագօ Գույումճեան անունով երիտասարդ մը: Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Հալէպի իր աղբիւրէն: Նոյն աղբիւրը նաեւ փոխանցեց, որ Գույումճեան «Նոր Գիւղ» շրջանէն անցած պահուն անյայտ կապար մը ստանալով փոխադրուած է «Ալ Րազի» հիւանդանոց եւ ներկայիս կը գտնուի բժիշկներու խնամքին տակ: Կը հաղորդուի, նաեւ, որ Գույումճեան վիրաւորուած է գլուխէն եւ անոր վիճակը բաւական ծանր է:
Նշենք, որ 47-ամեայ Գույումճեան անդամ է Հալէպի «Հայ Մարմնակրթական Միութեան»՝ ՀՄՄ-ին եւ ան, որպէս երաժիշտ եւ վարչական պատասխանատու երկար տարիներ ծառայած է հալէպահայ համայնքէն ներս: