Home ՍՓԻՒՌՔ «Հակառակ Ծանր Շրջափակումին, Հալէպահայութիւնը կը Շարունակէ Մնալ Պատնէշի Վրայ» – Վերապատուելի Յարութիւն Սէլիմեան

«Հակառակ Ծանր Շրջափակումին, Հալէպահայութիւնը կը Շարունակէ Մնալ Պատնէշի Վրայ» – Վերապատուելի Յարութիւն Սէլիմեան

by MassisPost

«Հալէպի մէջ իրադրութիւնը կը շարունակէ մնալ ծանր եւ մտահոգիչ», «Արեւելք»ին յայտնեց Սուրիոյ Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ նախագահ Վերապատուելի Յարութիւն Սէլիմեան: Վերապատուելին նաեւ ըսաւ, որ Սուրիոյ պատերազմի սկիզբէն ի վեր Հալէպի վիճակը երբեք այսքան մտահոգիչ չէր եղած եւ այս բոլորը իրենց վատ ազդեցութիւնը կ’ունենան համայնքի զաւակներուն վրայ: «Մենք ամէն կողմերէն շրջապատուած ենք այսօր, եւ կը փափաքիմ, որ Հալէպի մասին միայն ճիշդ եւ ճշգրիտ տեղեկութիւններ եւ տուեալներ փոխանցէք հայ հանրութեան»,- ըսաւ Վերապատուելի Սէլիմեան,  դիտել տալով նաեւ, որ հայ մամուլը պէտք է իր բոլոր ճիգերը գործի դնէ, Հալէպի ծանր իրավիճակը ոչ միայն հայութեան, այլ տարբեր երկիրներու պատկան մարմիններուն ներկայացնելու համար:

Վերապատուելին նաեւ զարմանք յայտնեց վերջին օրերուն Հալէպի պաշարման գծով հայութեան որոշ անտարբերութեան մասին, եւ ըսաւ՝ «Մինչ ասկէ առաջ  քառորդ միլիոն բնակչութիւն հաշուող շրջաններ շրջափակուեցան եւ ամբողջ հանրութիւնը բողոքի ալիք բարձրացուց ատոր վերաբերեալ, այսօր սակայն Հալէպի՝ ուր կ’ապրին եւ շրջափակուած են աւելի քան 1 միլիոն բնակիչներ,  ընդհանուր անտարբերութիւն մը կը տիրէ ամենուրէք»: Վերապատուելի Սէլիմեան այս առումով եւ «Արեւելք»ի ամպիոնէն հայ հանրութեան ուղղելով իր խօսքը, լրատուամիջոցներէն պահանջեց աւելի մօտէն հետեւիլ Հալէպի իրադարձութիւններուն եւ պէտք եղած ձեւով լուսաբանել ընդհանուր դրութիւնը:

Պատասխանելով  մեր հարցումին, թէ՝ արդեօ՞ք Հալէպի հայկական շրջանները իրողապէս այսօր կը գտնուին վտանգուած վիճակի  եւ ներթափանցման  վտանգին  տակ,  Պատուելին պատասխանեց՝ «Տեղին է ձեր հարցը. Այո՛, ոչ միայն Հալէպի հայութիւնը, այլ Հալէպի ամբողջ խաղաղ բնակչութիւնը վտանգուած է, բայց եւ այնպէս ես մինչեւ այս պահը մեծ յոյսեր ունիմ, որ Սուրիոյ ազգային բանակը պիտի կարենայ դէմ դնել զինեալներու բոլոր փորձերուն եւ պահպանել Հալէպի ապահովութիւնն  ու անվտանգութիւնը»:  Վերապատուելի Սէլիմեան  դիտել տուաւ, որ Հալէպը, ինչպէս տարբեր ամպիոններէ կը հնչէ , այսօր եւս Սուրիոյ պատերազմի հիմնական գրաւական օղակն է, եւ վստահեցուց, որ բանակը ամէն ճիգ պիտի գործադրէ  պահպանելու համար  այս պատմակերտ  քաղաքը , որովհետեւ, իր ըսելով,  «այդքան ալ դիւրին չէ թափանցել այն սահմանային գիծերէն ներս, որոնք կը գտնուին Սուրիոյ ազգային բանակի պաշտպանութեան տակ»: Վերապատուելին  շեշտեց, որ Հալէպը կը շարունակէ մնալ որպէս Սուրիոյ ամբողջականութեան հիմնական գրաւական հանդիսացող քաղաք եւ այդ մէկը  կը շեշտադրուի նաեւ միջազգային ուժերու Սուրիոյ խնդրին հանդէպ ունեցած ընդհանուր կեցուածքներունմէջ:

Պատասխանելով մեր հարցումին, թէ ՝ արդեօ՞ք նորութիւններ կրնան սպասուիլ Ս. Փեթերսպուրկի մէջ այսօր կայացած Էրտողան- Փութին հանդիպումէն, Վերապատուելին պատասխանեց՝  «Ո՛չ, ես անձնապէս մեծ ակնկալութիւններ չունիմ այս հանդիպումէն, տրուած ըլլալով,  որ լաւ կը ճանչնանք Թուրքիոյ նախագահին  մօտեցումները եւ քաջ գիտենք անոր վարած օսմանեան քաղաքականութիւնը. ատոր համար է, որ ես Սուրիոյ եւ Հալէպի հետ կապուած այս հանդիպումէն բխող դրական որեւէ զարգացում չեմ ակնկալեր»: Պատուելին  ըսաւ, որ նորութիւն չէ Էրտողանի վարած լպրծուն քաղաքականութիւնը, որուն բոլոր քայլերը կը միտին ոչ թէ Սուրիոյ կամ Հալէպի համար դրական ինչ որ կացութիւն ստեղծել , այլ՝ իր քաղաքականութիւնը եւ իր իշխանութիւնը պահել:

«Արեւելք»ի վերջին հարցին, կապուած Հայաստանի իշխանութիւններու Հալէպի այս իրավիճակին վերաբերեալ որդեգրելիք քաղաքականութեան եւ ընելիքներուն, Պատուելին ըսաւ, «Ես մեծ ակնկալիքներ չունիմ Հայաստանի իշխանութիւններէն, տրուած ըլլալով, որ այսօր Հայաստան ինքը կը բոլորէ բաւական մտահոգիչ   փուլ մը, եւ  սակայն իմ փափաքն է, որ եթէ Հալէպի այսօրուան շրջափակման աւարտով, հայ ընտանիքներ ուզեն Հայաստան տեղափոխուիլ, ապա հայրենի իշխանութիւնները կարեւոր ճիգեր գործադրեն մեր հայորդիներու Հայաստանի մէջ  կեցութեան խնդիրները լուծելու եւ այնտեղ իրենց կեանքը շարունակելու հնարաւորութիւններ ստեղծելու գծով»:

Վերապատուելին զրոյցի աւարտին  մտահոգութիւն յայտնեց, որ եթէ այսօրուան Հալէպի շրջափակումը շարունակուի երկար ժամանակով մը, ապա կրնան տեղի ունենալ ներքին խլրտումներ, եւ այդ առումով ան ըսաւ , որ ինք որպէս հայ երեք համայնքապետներէն մին,   ամէն գնով պիտի մնայ Հալէպի մէջ եւ փորձէ միահամուռ եւ պաշտպանուած պահել Հալէպի հայ համայնքը:

Նշենք, որ Վերապատուելի Յարութիւն Սէլիմեան երեք համայնքապետներէն միակն է, որ   քաղաքի  այս ծանր  փուլին  կը  շարունակէ մնալ Հալէպի մէջ:

«ԱՐԵՒԵԼՔ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment