Home ՄԱՐԶԱԿԱՆ Հէնրիխ Մխիթարեան. «Հայրս Իմ Ներշնչարանս Է»

Հէնրիխ Մխիթարեան. «Հայրս Իմ Ներշնչարանս Է»

by MassisPost

Հայաստանի ազգային  հաւաքականի   անդամ ու «Մանչէսթըր Իւնայթըտ»ի կիսապաշտպան Հենրիխ Մխիթարեան հայցազրոյց տուած է «Տը Թէլէկրաֆ» թերթին, խօսելով իր հօր՝ Համլէթ Մխիթարեանի մասին:

«Հայրս իմ ներշնչարանս էր, իմ մղումի աղբիւրը: Երբ ես մանուկ էի, հայրս ֆութպոլ կը խաղար արհեստավարժ մակարդակով, իսկ ես կ’երազէի իրեն հետ երթալ ու դաշտի վրայ երեւիլ:

«Երբ ընտանիքով վերադարձանք Երեւան, իմ երազանքս էր անոր աշխատանքը շարունակել եւ ֆութպոլիստ դառնալ: Կը ցաւիմ, որ շուտ  կորսնցուցի հայրս ու ան հիմա իմ կողքիս չէ: Բայց եւ այնպէս ա՛յս է կեանքը, ամէն ինչ կը շարունակուի: Յոյսով եմ որ հայրս երկինքէն կը տեսնէ թէ ինչպիսի աշխատանք կը կատարեմ: Ամէն ինչ կ’ընեմ որպէսզի ան հպարտանայ ինձմով:

«Շատ կը փափաքէի որ հայրս տեսնէր թէ ինչպէս կը խաղամ: Միշտ դիտած եմ անոր մասնակցութեամբ խաղերը, բայց հիմա ֆութպոլի մէջ շատ բան փոխուած է:

«Հիմա իր մասնակցութեամբ խաղերը կը դիտեմ, որպէսզի յիշեմ, թէ ան ինչպէս խաղցած է:

«Երբ կը խորհիմ, կը հասկնամ թէ հօրս մահը շատ բան փոխեց իմ կեանքիս ու մտածումներուս մէջ եւ ես աւելի արագ հասունցայ, սակայն միւս կողմէ շատ դժուար է մեծնալ առանց հօր ներկայութեան, քանի որ ընտանիքի մէջ դուն չունիս տղամարդ մը, որ կարենայ քեզ դաստիարակել: Մայրս ինծի համար թէ հայր է եւ թէ մայր: Շնորհակալ եմ այն մարդոց, որոնք միշտ իմ կողքին եղած են»,-ըսած է Հենրիխ Մխիթարեան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment