Home ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐ «Քաղաքացիական Պատերազմի Վտանգը Մեծ Է Թուրքիոյ Մէջ» Ֆէթհիլլա Կիւլէն

«Քաղաքացիական Պատերազմի Վտանգը Մեծ Է Թուրքիոյ Մէջ» Ֆէթհիլլա Կիւլէն

by MassisPost

Թրքական լրատուական միջոցները կը յայտնեն, որ Կիւլէնականներու առաջնորդ Ֆէթհիւլլա Կիւլէն  պատկերասփռուած   հարցազրոյց   մը տուած է  Եգիպտոսի մէջ մեծ ճանաչում  ունեցող  «Ալ Ղատ» կայանին: Կիւլէն կոչ  ըրած է արեւմտեան պետութիւններուն վար առնել Էրտողանը, հակառակ պարագային Թուրքիոյ մէջ քաղաքացիական պատերազմի վտանգ կայ: Ան նաեւ հերքած է իր մասնակցութիւնը յեղաշրջումի փորձին եւ ըսած է, քանի դեռ Էրտողան կը մնայ իշխանութեան գլուխ, Մերձաւոր Արեւելքին մէջ խաղաղութիւն չի կրնար ըլլալ:

Թրքական լրատուամիջոցները հետաքրքրական կը համարեն, որ եգիպտական հեռուստաալիքով Կիւլէն ելոյթ կ’ունենայ այն ատեն, երբ խօսակցութիւններ կան անոր` Եգիպտոսի իշխանութիւններէն ապաստան խնդրելու  եւ  եգիպտական իշխանութիւններուն այդ մասին  պահպանած լռութեան վերաբերեալ:

Միւս կողմէ, Թուրքիոյ առեւտուրի եւ մաքսային հարցերով նախարար Պիւլենթ Թիւֆեքչին յայտարարած է, որ 15 Յուլիսի ռազմական յեղաշրջման փորձի հետեւանքով երկրի տնտեսութիւնը 300 միլիառ թրքական լիրայի (մօտ 100 միլիառ 540 միլիոն տոլար) կորուստ կրած է: Այս մասին կը տեղեկացնէ թրքական «Sabah» թերթը:

Նախարարը նաեւ նշած է, որ սա դեռ նախնական գնահատական է: Հնարաւոր է, որ կորուստները գերազանցեն 300 միլիառը: «300 միլիառը կ’ընդգրկէ ռազմական ինքնաթիռներ եւ ուղաթիռներ, զէնք, զինամթերք, շէնքեր: Թերեւս քիչ կ’ըսեմ եւ հնարաւոր է վնասներու քանակը աճի: Օրինակ՝ արտասահմանէն կատարուող պատուէրները չեղարկուած են: Զբօսաշրջիկները չեն եկած»,- ըսած է ան:

Նախարարը շնորհակալութիւն յայտնած է ժողովրդին՝ յեղաշրջման փորձէն անմջապէս ետք իրենց բնականօն կեանքը շարունակելուն համար: «Յեղաշրջման փորձը կատարուած է Ուրբաթ, իսկ արդէն Երկուշաբթի բոլոր դրամատուներըը, պորսաները, առեւտուրի կեդրոնները բաց եղած են, ինչի արդիւնքով տոկոսադրոյքները արտառոց աճ չեն գրանցած, պորսաներու մէջ մեծ անկումներ չեն արձանագրուած»,-տեղեկացուցած  է Թիւֆեքչին:

 

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment